Միացեալ Նահանգները յառաջիկայ քանի մը շաբթուան ընթացքին զէնքի եւ սպառազինութեան նոր քանակներ պիտի ուղարկեն Ուքրանիա:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր: