Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսական Ուժերը Խարքովի Մարզին Մէջ Ուքրանական Բանակի Պաշտպանական Գիծերու Խորքը Կը Յառաջանան

May 15, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ռուսական ուժերը Խարքովի մարզին մէջ յաւելեալ գիւղ մը առած են իրենց վերահսկողութեան տակ: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք»-ը:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ ռուսական ուժերը Խարքովի մարզին մէջ ուքրանական բանակի պաշտպանական գիծերու խորքը կը յառաջանան եւ կ՛ամրապնդեն իրենց դիրքերը:

Խարքովի մարզէն` Վոլչանսքիէն եւ շրջակայ բնակավայրերէ աւելի քան 7 հազար մարդ հեռացուած է: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է շրջանի զինուորական վարչակազմի ղեկավար Օլեկ Սինեկուպով:

«Հեռացումը ընթացքի մէջ է, սակայն ամէն օր, նոյնիսկ ամէն վայրկեան, ատոր պայմանները աւելի կը բարդանան», նշած է ուքրանացի պաշտօնատարը:

Խարքովի ուղղութեամբ վերջին օրերու լարուածութիւնը մեկնաբանած է Ուքրանիոյ զինուորական հետախուզութեան ղեկավար Քիրիլ Պուտանով:

Անոր համաձայն, կացութիւնը «լարուած է եւ արագ կը փոխուի», ընդհանուր առմամբ ռուսական զօրքերը չեն կրցած հասնիլ «զգալի յաջողութիւններու»:

Ըստ Պուտանովի, կացութիւնը նաեւ լարուած է Սումիի շրջանին մէջ, ուր ռուսական զօրքերը «փոքր խումբ» կեդրոնացուցած են այդ շրջանի սահմաններուն վրայ:

Ռուսական կողմը կը պնդէ, որ Խարքովի մարզի Վոլչանսք քաղաքի արեւմտեան եւ հիւսիսային հատուածները անցած են իր վերահսկողութեան տակ: Քիեւ իր կարգին յայտարարած է, որ իրավիճակի Վոլչանսքի մէջ «վերահսկելի է»:

Նշենք, որ հակառակ Ուքրանիոյ զինուորական հետախուզութեան ղեկավար Պուտանովի պնդումին, ռուսական ուժերը Խարքովի մարզին մէջ շարք մը բնակավայրեր առած են իրենց վերահսկողութեան տակ:

Նախորդը

«Յառաջիկային Շահագործման Պիտի Յանձնուի Իգդիր-Նախիջեւան Կազի Խողովակաշարը» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Ուժանիւթի Նախարարը

Յաջորդը

Քաթարի Վարչապետ. «Կազայի Մէջ Զինադադարի Շուրջ Բանակցութիւնները Գրեթէ Սառած Վիճակի Մէջ Են»

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.