Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու. «Վճռած Ենք Բացարձակ Յաղթանակ Արձանագրել, Եւ Պատերազմին Յաջորդող Օրուան Մասին Խօսելէ Առաջ Պէտք Է Ոչնչացնել Համասը»

Մայիս 14, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Վճռած ենք բացարձակ յաղթանակ արձանագրել, եւ մեր ամբողջ ուժով պիտի հարուածենք ու Կազայէն գերիները վերադարձնելու որեւէ ջանք պիտի չխնայենք», յայտարարեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու:

Նեթանիահու նաեւ շեշտեց. «Պատերազմին յաջորդող օրուան մասին խօսելէ առաջ, պէտք է Համաս շարժումը ոչնչացնել»:

Իսրայէլի վարչապետը ամերիկացի լրագրող Տեն Սինորի հետ հարցազրոյցի ընթացքին, խօսելով «պատերազմին յաջորդող օրուան» մասին, ըսաւ. «Մենք կը քննարկենք ահաբեկչական կազմակերպութեան ղեկավարները արտաքսելու հարցը, սակայն ատիկա կախեալ է, նախ եւ առաջ, Համասի յանձնուելէն»:

«Կը դիմագրաւենք մարտահրաւէրներ, զորս որեւէ արդիական բանակ չէ դիմագրաւած, եւ պէտք է մենք մեզ պաշտպանենք եւ ատիկա ամերիկացիներէն կամ ուրիշներէն չխնդրենք», նշեց Իսրայէլի վարչապետը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց, որ Իսրայէլ Ռաֆահի մէջ գտնուող շուրջ 1,4 միլիոն պաղեստինցի քաղաքայինները պաշտպանելու «հաւաստի ծրագիր» չունի:

Ան զգուշացուց, որ իսրայէլեան որեւէ յարձակում «ըմբոստութեան» կրնայ յանգեցնել, եթէ չյաջողի Ռաֆահի մէջ Համասի բոլոր զինեալները ոչնչացնել կամ եթէ ստեղծէ բաց մը, որ հաւանաբար Համասը պիտի լեցնէ: Ան աւելցուց, որ Համասի զինեալները իրողապէս կը վերադառնան Կազայի հիւսիսը գտնուող այն շրջանները, որոնք Իսրայէլ յայտնեց, թէ դատարկած է զինեալներէ:

«Եթէ Իսրայէլ Ռաֆահի մէջ այս զինուորական մեծ գործողութիւնը շղթայազերծէ, կան որոշ զէնքեր, որոնցմով անոր պիտի չօգնենք կամ չապահովենք», «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց Պլինքըն:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց, որ Իսրայէլ չունի պատերազմէն ետք Կազայի մէջ անվտանգութեան, կառավարման եւ վերակառուցման ծրագիր մը` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգները արաբական ու այլ կառավարութիւններու հետ կ՛աշխատին այդպիսի ծրագիրի մը վրայ:

«Իսրայէլի հետ նոյն նպատակները ունինք, եւ կ՛ուզենք վստահ ըլլալ, որ Համաս պիտի չկարենայ անգամ մը եւս Կազային իշխել», յայտնեց Պայտըն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ նախարար Էնթընի Պլինքըն Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած է, որ Ուաշինկթըն խիստ կերպով յանձնառու է Իսրայէլի անվտանգութեան եւ Համասը պարտութեան մատնելու հասարակաց նպատակին` նշելով, որ անոնք քննարկած են Կազայի մէջ կացութիւնն ու գերիներու ազատ արձակման համար ընթացող ջանքերը:

«Պլինքըն Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարին հետ իր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին հաստատեց իր ընդդիմութիւնը Ռաֆահի մէջ ցամաքային մեծ գործողութեան մը` յայտնելով, որ հրատապ կարիքը կայ պաշտպանելու քաղաքայինները եւ Կազայի մէջ մարդասիրական աշխատանք տանողները», նշեց նախարարութիւնը:

Պլինքըն նաեւ Կալանթը յորդորած է «երաշխաւորելու մարդասիրական օժանդակութիւններու Կազա հասնիլը»:

Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճէյք Լու յայտնեց. «Համաս պէտք չէ քաղաքական մարմին մը կամ կառավարող իշխանութիւն ըլլայ»:

«Մենք երբեք չըսինք, որ Համասի 4 փաղանգներու հետապնդումը Իսրայէլի համար օրինական նպատակ մը չէ», նշեց դեսպանը` աւելցնելով. «Յուսամ Թել Աւիւի հետ իսկական տարակարծութիւններու չենք հասնիր»:

Նախորդը

Էրտողան. «Միացեալ Նահանգներն Ու Եւրոպան Իսրայէլին Զինադադարին Համաձայնիլ Ստիպելու Համար Բաւարար Ջանք Չեն Գործադրեր»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?