Միջազգային

Սպիտակ Տուն. «Կալանթ Եւ Հալեւի Սալիվընին Ներկայացուցին Համասը Պարտութեան Մատնելու Այլընտրանքները»

Սպիտակ Տուն. «Կալանթ Եւ Հալեւի Սալիվընին Ներկայացուցին Համասը Պարտութեան Մատնելու Այլընտրանքները»

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ եւ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվընին ներկայացուցին «Համասը պարտութեան մատնելու այլընտրանքները»: Սալիվըն Իսրայէլի մէջ անոնց հետ իր հանդիպումի ընթացքին վերահաստատեց իր երկրին յանձնառութիւնը «(իսրայէլայցի) բոլոր գերիներու ազատ արձակումի ապահովման»: Սպիտակ տունը յայտնեց. «Սալիվըն շեշտեց տագնապը հանդարտեցնելու հրատապ կարեւորութիւնը` երաշխաւորելու համար օժանդակութիւնները ապահով...

Թուրքիան Կ՛ուսումնասիրէ Իսրայէլի Դէմ Միջազգային  Քրէական Դատարանին Մէջ Հայց Ներկայացնելու Հարցը

Նեթանիահուի Եւ Սընուարի Դէմ Միջազգային Քրէական Դատարանի Դատախազի Պահանջին Վերաբերեալ Միջազգային Արձագանգներ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն դատապարտեց Միջազգային քրէական դատարանի դատախազ Քարիմ Խանի` Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը պատերազմական ոճիրներ եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներ գործելնուն համար ձերբակալելու հրամանագիր հրապարակելու «ամօթալի» պահանջը: «Յստակ պիտի ըլլամ, անկախ անկէ, թէ այս դատախազին քայլերը ինչ կը պարունակեն, Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ բացարձակապէս հաւասարութիւն չկայ», ըսաւ Պայտըն: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար...

Մաքրոն Նոր Քալետոնիա Մեկնեցաւ

Մաքրոն Նոր Քալետոնիա Մեկնեցաւ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն երէկ երեկոյեան մեկնեցաւ Նոր Քալետոնիա: Ֆրանսական կառավարութեան բանբերը երէկ յայտնեց. «Մաքրոն կառավարական ժողովի ընթացքին յայտարարեց, որ պիտի մեկնի: Այս երեկոյ այդտեղ պիտի ուղղուի»: Ֆրանսայի տիրապետութեան տակ գտնուող Խաղաղ ովկիանոսեան արշիպեղագոս Նոր Քալետոնիոյ մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու պատճառով ստեղծուած է խառնակ վիճակ: Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարը նախապէս յայտնած էր, որ Նոր Քալետոնիոյ մէջ անջատողականներէն ոմանք գործարք կնքած են...

Ազրպէյճանի Եւ Վրաստանի Արտաքին  Գործոց Նախարարներուն Միջեւ Խորհրդակցութիւններ.  Քննարկուած Են Շրջանային Անվտանգութեան Հարցեր

Ազրպէյճանի Եւ Վրաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ Խորհրդակցութիւններ. Քննարկուած Են Շրջանային Անվտանգութեան Հարցեր

Պաքուի եւ Թիֆլիսի միջեւ զարգացող ռազմավարական փոխշահաւէտ գործընկերային յարաբերութիւնները կարեւոր գործօն են Հարաւային Կովկասի մէջ յառաջընթացին համար, ըստ ազրպէյճանական կողմին, Պաքուի մէջ յայտարարած են Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարներ Սամիր Շարիֆովն ու Լաշա Տարսալիան: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: 20 մայիսին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ քաղաքական խորհրդակցութիւններու հերթական փուլը, քննարկուած...

Իրանի Նախագահն Ու Արտաքին Գործոց Նախարարը Մահացած Են

Իրանի Նախագահն Ու Արտաքին Գործոց Նախարարը Մահացած Են

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի ուղղաթիռի բոլոր ուղեւորներն ու անձնակազմի անդամները մահացած են: Այս մասին յայտնեց Իրանի Կարմիր մահիկի ընկերութեան ղեկավար Փիր Հոսէյն Քոլիվանտ: «Ջախջախուած ուղղաթիռի յայտնաբերման վայրին մէջ ողջ մնացած ուղեւորներու հետքեր չեն յայտնաբերուած», յայտարարեց ան ԻՐԻՊ պատկերասփիւռի կայանէն: Ռայիսիի մահը «Էքս»-ի վրայ գրառումով նաեւ հաստատեց Իրանի փոխնախագահ Մոհսեն Մանսուրի: Բացի նախագահէն ուղղաթիռին մէջ էին նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար...

Սպանիան Այսօր Պիտի Ճանչնայ Պաղեստինի Պետութիւնը, Իսկ Իրլանտան Մտադիր Է Զայն Այս Ամիս Ճանչնալ

Սպանիան Այսօր Պիտի Ճանչնայ Պաղեստինի Պետութիւնը, Իսկ Իրլանտան Մտադիր Է Զայն Այս Ամիս Ճանչնալ

Իրլանտայի վարչապետ Սայմըն Հարիս յայտարարեց, որ իր երկիրը մտադիր է այս ամսուան ընթացքին Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալ: Հարիս 1845 եւ 1852 թուականներու իրլանտական մեծ սովի զոհերուն յիշատակին նուիրուած Լոնտոնի մէջ ձեռնարկի ընթացքին յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի, Կազայի եւ Իսրայէլի հարցերուն վերաբերեալ Իրլանտայի կեցուածքը յստակ է: Ան նաեւ նշեց, որ պէտք է անմիջապէս դադրեցնել բռնարարքները եւ մարդասիրական օժանդակութիւնները անարգել հասցնել Կազայի մէջ...

Սպիտակ Տունը Վրաստանի Խորհրդարանին.  «Քաջութիւն Ցուցաբերեցէ՛ք  Եւ Մի՛ Շրջանցէք Ձեր Նախագահի Վեթոն»

Սպիտակ Տունը Վրաստանի Խորհրդարանին. «Քաջութիւն Ցուցաբերեցէ՛ք Եւ Մի՛ Շրջանցէք Ձեր Նախագահի Վեթոն»

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ատրիեն Ուաթսըն Վրաստանի խորհրդարանի անդամներուն կոչ ուղղած է «քաջութիւն դրսեւորելու» եւ չշրջանցելու Վրաստանի նախագահի «Օտարերկրեայ գործակալներու մասին» օրէնքին վրայ վեթոն: «Ուրախ եմ տեսնելով, որ նախագահ Զուրապիշվիլին կը պաշտպանէ Վրաստանի եւրատլանտեան ապագան` վեթօ դնելով օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրէնքին վրայ: Մենք խորհրդարանի անդամներուն կոչ կ՛ուղղենք նոյն քաջութիւնը ցուցաբերելու` չշրջանցելով անոր վեթոն», ընկերային ցանցի վրայ գրած է...

Միջազգային Քրէական Դատարանի Դատախազը Կը Պահանջէ Նեթանիահուի Եւ Սընուարի Դէմ Ձերբակալման Հրամանագիր Հրապարակել

Միջազգային Քրէական Դատարանի Դատախազը Կը Պահանջէ Նեթանիահուի Եւ Սընուարի Դէմ Ձերբակալման Հրամանագիր Հրապարակել

Միջազգային քրէական դատարանի դատախազ Քարիմ Խան «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին պահանջեց Կազայի մէջ պատերազմական ոճիրներ եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներ գործելու մեղադրանքով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի ձերբակալման հրամանագիր հրապարակել: Դատախազը նաեւ պահանջեց ձերբակալել Համասի ղեկավարներէն Եահիա Սընուարը: Համասէն պաշտօնատար մը մեկնաբանելով որոշումը զայն նկատեց «զոհի ու դահիճի հաւասարեցում»` աւելցնելով, որ ասիկա բռնագրաւումին ցեղասպանութեան պատերազմը շարունակելու քաջալերանք...

«Բռնագրաւման, Բռնի Տեղահանման Եւ Հաւաքական  Պատիժի Քաղաքականութիւնները Երբեք Որեւէ  Տագնապի Աւարտի Չեն Յանգեցուցած»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

«Բռնագրաւման, Բռնի Տեղահանման Եւ Հաւաքական Պատիժի Քաղաքականութիւնները Երբեք Որեւէ Տագնապի Աւարտի Չեն Յանգեցուցած» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի յայտնեց. «Մեծ տէրութիւններուն միջեւ ոչ աւանդական նոր տագնապները համաշխարհային համակարգը կը վտանգեն»: «Պատմութիւնը փաստեց, որ բռնագրաւումին եւ անոր հետեւանքներուն գինը շատ աւելի մեծ է, քան այն շահը, որ բռնագրաւողը կ՛ակնկալէ», նշեց Քաթարի վարչապետը: «Բռնագրաւման, բռնի տեղահանման եւ հաւաքական պատիժի քաղաքականութիւնը երբեք որեւէ տագնապի աւարտի չեն յանգեցուցած», ըսաւ ան` ընդգծելով....

Զելենսքի. «Կը Մերժենք Զինադադարի Գաղափարը,  Եւ Ուքրանիան Պաշտպանելու Համար Մեր Կարիքը  Ունեցածին 25 Առ Հարիւրը Ունինք»

Զելենսքի. «Կը Մերժենք Զինադադարի Գաղափարը, Եւ Ուքրանիան Պաշտպանելու Համար Մեր Կարիքը Ունեցածին 25 Առ Հարիւրը Ունինք»

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Այսօր Ուքրանիան պաշտպանելու համար մեր կարիքը ունեցածին 25 առ հարիւրը ունինք: Կը խօսիմ օդային պաշտպանութեան համակարգերու մասին, մասնաւորաբար ամերիկեան «Փաթրիոթ» համակարգի մասին»` նշելով, որ իր երկիրը կարիքը ունի 120-130 «ԷՖ-16» կամ այլ արդիական հալածիչներու, «որպէսզի Ռուսիան օդին մէջ առաւելութիւն չունենայ»: «Ուքրանական ուժերու թիւի պակաս գոյութիւն ունի, եւ ատիկա կ՛ազդէ...

Իրանի Նախագահն Ու Արտաքին Գործոց Նախարարը  Տեղափոխող Ուղղաթիռը Արկածի Ենթարկուեցաւ

Իրանի Նախագահն Ու Արտաքին Գործոց Նախարարը Տեղափոխող Ուղղաթիռը Արկածի Ենթարկուեցաւ

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին եւ արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը Իրան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Արաքս գետին վրայ ջրելեկտրակայանի բացման արարողութենէն վերադարձնող ուղղաթիռը երէկ ջախջախուեցաւ Ջուղա քաղաքին մօտ: Անոր ընկերակցող երկու ուղղաթիռները ապահով վերադարձան իրենց ուղղուած վայրը: Նախագահը տեղափոխող ուղղաթիռին մէջ երկրի դիւանագիտութեան պետին կողքին կային նաեւ Արեւելեան Ազրպէյճանի կառավարիչ Մալեք Ռահմաթին եւ Թաւրիզի իմամ Այաթոլլա...

Կանց. «Նեթանիահուին Մինչեւ 8 Յունիս Ժամանակ Կու Տամ Պատերազմի Ռազմավարութիւն  Ճշդելու, Եւ Եթէ Իր Ուղին Շարունակէ,  Ընտրութիւններու Պիտի Ուղղուինք»

Կանց. «Նեթանիահուին Մինչեւ 8 Յունիս Ժամանակ Կու Տամ Պատերազմի Ռազմավարութիւն Ճշդելու, Եւ Եթէ Իր Ուղին Շարունակէ, Ընտրութիւններու Պիտի Ուղղուինք»

Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ եւ իսրայէլեան կառավարութեան մէջ թիւ 2 դէմքը եղող Պենի Կանց Թել Աւիւի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդը մինչեւ 8 յունիս պէտք է յստակացնէ աշխատանքի նոր ռազմավարութիւն մը, որ կ՛երաշխաւորէ մեր գերիներու տունդարձը եւ կ՛ականահարէ (Կազայի մէջ) Համասի իշխանութիւնը»: «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին մինչեւ 8 յունիս ժամանակ կու տամ, պատերազմին ու...

Իրան-Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ  Ռայիսի-Ալիեւ Հանդիպում

Իրան-Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ Ռայիսի-Ալիեւ Հանդիպում

Երէկ Իրանի եւ Ազրպէյճանի պետական սահմանին վրայ տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու նախագահ Ռայիսիի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպումը: Իրանեան լրատուամիջոցներուն համաձայն, ղեկավարները մասնակցած են Խուտաֆերինի ջրելեկտրակայանի շահագործման յանձնման արարողութեան եւ Արաքս գետի վրայ «իզ-ալասի» ջրաելեկտրակայանի բացումին: Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ալիեւ ըսած է. «Իրան նախագահին հետ հանդիպումի ժամանակ ես նշած եմ, որ Իրանը կը փորձէ շրջանին մէջ...

Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգն Ու Սալիվըն  Քննարկած Են Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական  Համաձայնութիւններու «Գրեթէ Վերջնական» Տարբերակը

Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգն Ու Սալիվըն Քննարկած Են Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Համաձայնութիւններու «Գրեթէ Վերջնական» Տարբերակը

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվըն երէկ առտու Սէուտական Արաբիոյ արեւելեան Զահրան քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին հետ եւ անոր հետ քննարկած երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական համաձայնագիրներու «գրեթէ վերջնական» տարբերակը: Այս մասին հաղորդեց սէուտական պետական լրատու գործակալութիւնը: Այդ աշխատանքը կը նկատուի Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Իսրայէլի ճանաչման համար Ուաշինկթընի ջանքերուն կարեւոր...

Յորդանանեան Աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին.  «Իրանի Ղեկավարութեամբ Յորդանան Զէնք  Մաքսանենգելու Սադրանք Մը  Ձախողութեան Մատնուեցաւ»

Յորդանանեան Աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին. «Իրանի Ղեկավարութեամբ Յորդանան Զէնք Մաքսանենգելու Սադրանք Մը Ձախողութեան Մատնուեցաւ»

Յորդանանեան աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են. «Իրանի ղեկավարութեամբ Յորդանան զէնքեր մաքսանենգելու սադրանքը ձախողութեան մատնուեցաւ»: «Սուրիոյ մէջ իրանամէտ զինեալ խմբաւորումներ փորձեցին Համասի զինեալ թեւին հետ կապ ունեցող Յորդանանի մէջ Իսլամ եղբայրներու կազմակերպութեան պատկանող բջիջի մը համար զէնք մաքսանենգել», ըսած են աղբիւրները` աւելցնելով. «Թաքստոցը գրաւուեցաւ, երբ մարտի վերջաւորութեան ձերբակալուեցան բջիջին անդամները, որոնք պաղեստինեան ծագումով յորդանանցիներ են»: Յորդանանեան աղբիւրները նշած են. «Դաւադրութեան...

Ամերիկեան Բանակը Կազայի Մէջ Ծփացող Նաւահանգիստ Հասցուց Օժանդակութիւններու Առաջին Բեռը

Ամերիկեան Բանակը Կազայի Մէջ Ծփացող Նաւահանգիստ Հասցուց Օժանդակութիւններու Առաջին Բեռը

Ամերիկեան բանակը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Օժանդակութիւններու առաջին բեռը պարպուեցաւ Կազայի մէջ ծփացող նաւահանգիստին մէջ»: «Առաւօտեան շուրջ ժամը 9:00-ին մարդասիրական օժանդակութիւններով բեռնաւորուած բեռնակառքերը սկսան ժամանակաւոր մայթի ճամբով դէպի Կազայի ծովափ շարժիլ», յայտարարեց ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը` աւելցնելով. «Ամերիկեան որեւէ ուժ Կազայի մէջ ծովափ չհասաւ»: Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ որոշ քանակի ամերիկեան զէնքեր հասած են Իսրայէլ,...

Արաբական Վեհաժողովը Կոչ Ուղղեց` Պաղեստինի Մէջ Միջազգային Խաղաղապահ Ուժեր Տեղակայելու

Արաբական Վեհաժողովը Կոչ Ուղղեց` Պաղեստինի Մէջ Միջազգային Խաղաղապահ Ուժեր Տեղակայելու

Պահրէյնի մէջ 16 մայիսին գումարուած արաբական վեհաժողովը կոչ ուղղեց` մինչեւ «երկու պետութիւններ» լուծումի գործադրումը Պաղեստինի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժեր տեղակայելու: Վեհաժողովը նաեւ դատապարտեց իսրայէլեան ուժերուն կողմէ Ռաֆահ սահմանային անցակէտի պաղեստինեան կողմի գրաւումը: Արաբական վեհաժողովը կոչ ուղղեց` գումարելու խաղաղութեան միջազգային խորհրդաժողով մը, որ «կը մարմնաւորէ Պաղեստինեան պետութիւն ունենալու իրաւունքը»: Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Մանամայի մէջ վեհաժողովի բացման նիստի ընթացքին իր...

Ֆրանսական Իշխանութիւնները Նոր Քալետոնիոյ Կարգ Մը Շրջաններու Վերահսկողութենէ Դուրս Գալը Յայտարարեցին

Ֆրանսական Իշխանութիւնները Նոր Քալետոնիոյ Կարգ Մը Շրջաններու Վերահսկողութենէ Դուրս Գալը Յայտարարեցին

Նոր Քալետոնիոյ մէջ ֆրանսական պետութեան ներկայացուցիչ Լուի Լը Ֆրան յայտարարեց. «Խաղաղական ովկիանոսին մէջ գտնուող արշիպեղակոսի շարք մը շրջաններուն վրայ վերահսկողութիւնը այլեւս երաշխաւորուած չէ»: Ան յայտարարեց, որ յաւելեալ ուժեր ուղարկուած են «չորս գիշերներ անկարգութիւններէ ետք այդ շրջաններուն վերատիրանալու համար»: «Յաւելեալ ուժերը պիտի հասնին իրենց վերահսկողութեան տակ առնելու շրջանները, որոնք վերջին օրերուն դուրս եկած են մեր վերահսկողութենէն, եւ անոնց վրայ վերահսկողութիւնը այլեւս...

Ֆրանչիսկոս Պապը Մտադիր Է Այցելել Թուրքիա` Նշելու Համար Նիկիոյ Առաջին Տիեզերական Ժողովին 1700-Ամեակը

Ֆրանչիսկոս Պապը Մտադիր Է Այցելել Թուրքիա` Նշելու Համար Նիկիոյ Առաջին Տիեզերական Ժողովին 1700-Ամեակը

Ֆրանչիսկոս պապը մտադիր է 2025 թուականին այցելել Թուրքիա` նշելու համար Նիկիոյ Առաջին տիեզերական ժողովին 1700-ամեակը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տէյլի Սապահ» օրաթերթը` յղում կատարելով Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք Բարդուղիմէոսին: «Նորին սրբութիւն Ֆրանչիսկոս պապը կ՛ուզէ միասին նշել այս կարեւոր տարեդարձը», պատրիարքին խօսքերը կը մէջբերէ օրաթերթը: Անոր համաձայն, այժմ կը ստեղծուի յանձնախումբ` կազմակերպելու պապի Թուրքիա այցելութիւնը, եւ Վատիկանը շուտով այդ հարցով կապ պիտի...

Ազրպէյճան Կը Վերաբանայ Իրանի Մէջ Իր Դեսպանատունը

Ազրպէյճան Կը Վերաբանայ Իրանի Մէջ Իր Դեսպանատունը

Ազրպէյճան անցեալ յունուարին տեղի ունեցած «ահաբեկչութենէն» ետք կը վերաբանայ Իրանի մէջ իր դեսպանատունը: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «Վերջին քանի մը ամսուան ընթացքին երկու երկիրներու պաշտօնատարներուն միջեւ հաղորդակցութիւններու եւ բանակցութիւններու ծիրին մէջ իրանեան կողմին ներկայացուած են մեր երկրի ակնկալիքները` դեսպանատան անվտանգութեան լիարժէք երաշխիք տրամադրելու վերաբերեալ», ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ: Անոր համաձայն, քննարկուած...

Page 156 of 882 1 … 155 156 157 … 882

Արխիւներ