Ուաշինկթըն կրնայ «հիմնովին վերատեսութեան ենթարկել» Վրաստանի հետ յարաբերութիւնները, եթէ վերջնականապէս ընդունի «օտարերկրեայ գործակալներու մասին» օրէնքը: Այս մասին յայտարարած է Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Քարին Ժան Փիեռ:
Ան շեշտած է, որ այս շաբաթավերջին բոլորը տեսան Վրաստանի պատմութեան մէջ մեծագոյն բողոքի ցոյցերը` տասնեակ հազարաւոր խաղաղ ցուցարարներով, որոնք իրենց կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէին դէմ կանգնիլ այս օրէնքին, որովհետեւ եւրատլանտեան ապագայ կ՛ուզեն:
«Մենք պիտի նայինք, թէ խորհրդարանը ի՛նչ պիտի ընէ, սակայն եթէ այս օրէնքը ընդունուի, ատիկա մեզի պիտի ստիպէ հիմնովին վերատեսութեան ենթարկել Վրաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները», նշած է ան:
Սպիտակ տունը «խորապէս մտահոգուած է» օրէնքի երրորդ ընթերցումով ընդունմամբ: Ուաշինկթըն կ՛ակնկալէ, որ Վրաստանի նախագահը զայն վեթոյի պիտի ենթարկէ:
«Յստակ չէ, թէ արդեօք խորհրդարանը պիտի փորձէ՞ չեղեալ նկատել կարողական վեթոն, մենք բացայայտօրէն արտայայտած ենք մեր մտահոգութիւնը օրէնքին վերաբերեալ, որ կը հակասէ ժողովրդավարական արժէքներուն եւ Վրաստանը աւելի պիտի հեռացնէ Եւրոպական Միութեան արժէքներէն, եւ մենք պէտք չէ մոռնանք ՕԹԱՆ-ի մասին», ըսած է Սպիտակ տան բանբերը:
Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին հաստատեց, որ վեթոյի պիտի ենթարկէ «օտարերկրեայ գործակալներու մասին» օրինագիծը:
Վրաստանի խորհրդարանը երեքշաբթի օր երրորդ եւ վերջին ընթերցումով որդեգրած էր «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրինագիծը, որ ընդդիմադիրներուն կողմէ «օտարերկրեայ գործակալներու մասին» օրէնք կը կոչուի:
Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն քանի մը օր առաջ յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներուն խորապէս կը մտահոգէ Վրաստանի մէջ ժողովրդավարական յետընթացը` աւելցնելով, որ Ուաշինկթընի կարծիքով` Թիֆլիսը ընտրութեան կարելիութիւն ունի` կա՛մ «Քրեմլինի ոճով» աջակցելու «օտարերկրեայ գործակալներու» օրինագիծին, կա՛մ` ժողովուրդի եւրատլանտեան ձգտումներուն:
«Մենք խորապէս մտահոգուած ենք Վրաստանի մէջ ժողովրդավարութեան յետընթացով», «Էքս»-ի վրայ գրած էր Ճէյք Սալիվըն:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Վետանթ Փաթել յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ ուշադիր հետեւիլ Վրաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն` շեշտելով, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ճիմ Օ՛Պրայըն Թիֆլիս է եւ հանդիպած է վրացի պաշտօնատարներու հետ:
Ընդգծելով, որ Վրաստանի ժողովուրդին աւելի քան 80 առ հարիւրը կ՛ուզէ Եւրոպական Միութեան անդամակցիլ, Փաթել յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն կ՛աջակցի այդ ձգտումներուն:
«Մենք նաեւ գիտենք, որ Վրաստանի կառավարութիւնը կ՛ուզէ Եւրոպական Միութեան անդամակցիլ եւ յարաբերութիւններ ունենալ ՕԹԱՆ-ի հետ: Ասիկա կը համապատասխանէ Վրաստանի Սահմանադրութեան: Սակայն նման օրէնքները կը հակասեն նշեալ նպատակին», ըսած է Փաթել` նկատի ունենալով «օտարերկրեայ գործակալներու» մասին օրէնքը:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել Քոփենհակենի Ժողովրդավարութեան վեհաժողովի ընթացքին հիասթափութիւն յայտնեց Վրաստանի մէջ ընթացող զարգացումներուն նկատմամբ:
«Ես անկեղծօրէն յոյս ունիմ, որ Վրաստանի իշխանութիւնները լոյս պիտի սփռեն իրենց մտադրութիւններուն վրայ: Սակայն եթէ անոնք կ՛ուզեն Եւրոպական Միութեան մօտենալ, եթէ կ՛ուզեն Եւրոպական Միութեան միանալ, անոնք պէտք է յարգեն օրէնքի գերակայութեան եւ ժողովրդավարութեան հիմնարար սկզբունքները», յայտարարած է Միշել:
Անոր համաձայն, ամիսներ առաջ Վրաստանին Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ շնորհելու գաղափարը Եւրոպական խորհուրդին մէջ չէ վայելած երկիրներու մեծամասնութեան աջակցութիւնը: Սակայն աշխատելով Վրաստանի իշխանութիւններուն հետ` քանի մը երկիրներու ղեկավարներ համոզած են, որ կարգավիճակի շնորհումը ճիշդ որոշում է: «Իսկ քանի մը շաբաթ ետք մենք կը հետեւինք այդ օրէնսդրութիւնը որդեգրելու փորձերուն», ըսած է Միշել: