Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզ Պաքուն Կը Մեղադրէ Նոր Քալետոնիոյ Մէջ Անկարգութիւնները Հրահրելու Յանցանքով

May 17, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի ներքին գործոց եւ անդրծովեան տարածքներու նախարար Ժերալտ Տարմանին Ազրպէյճանը մեղադրած է Նոր Քալետոնիոյ ներքին գործերուն միջամտելու եւ Խաղաղովկիանոսեան կղզիին մէջ անկարգութիւններու հետ կապ ունենալու համար: Այս մասին 16 մայիսին հաղորդած է ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթը:

Պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք Ազրպէյճանը, Ռուսիան կամ Չինաստանը կապ ունի՞ն Նոր Քալետոնիոյ մէջ տեղի ունեցող անկարգութիւններուն հետ, նախարարը ըսած է, որ «Ազրպէյճանի պարագային ատիկա երեւակայութիւն չէ, այլ իրականութիւն», ինչպէս նաեւ ափսոսանք յայտնած է, որ Քալետոնիոյ անկախութեան որոշ կողմնակիցներ Ազրպէյճանի հետ գործարք կնքած է:

«Սակայն այսօր, հակառակ ներքին գործերուն միջամտելու փորձերու գոյութեան, ոչ մէկ երկիր Նոր Քալետոնիոյ մէջ բռնութիւն տարածելու կարողութիւն ունի: Ֆրանսան գերիշխան է իր տարածքին մէջ», նշած է Տարմանին:

Պաքուն արձագանգած է Տարմանինի յայտարարութիւններուն:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարին խորհուրդ տուած է «Նոր Քալետոնիոյ մէջ անկախութեան ցոյցերուն աջակցելու համար Ազրպէյճանը մեղադրելու փոխարէն կեդրոնանալ օտար շրջաններու մէջ իր երկրի ձախողած քաղաքականութեան վրայ»:

Օրաթերթը կը յիշեցնէ, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը Նոր Քալետոնիոյ մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարած է, զօրքեր մտցուցած է եւ արգիլած է «ԹիքԹոք» ընկերային ցանցը, որ լայնօրէն կ՛օգտագործուի անկարգութիւններ հրահրողներու կողմէ: Արգելքը հիմնաւորուած է նաեւ օտարերկրեայ երկիրներու կողմէ ապատեղեկատուութեան տարածման մտավախութիւններով: Այս առնչութեամբ Ֆրանսայի անվտանգութեան ծառայութիւնները կը նշեն Ազրպէյճանը, որուն հետ Փարիզ քանի մը ամիսէ լարուած յարաբերութիւններ ունի:

Անկարգութիւնները սկսած էին շաբաթասկիզբին` առնուազն չորս մարդու, ներառեալ ոստիկանի մը, մահուան պատճառ դառնալով:

Նոր Քալետոնիոյ մէջ խռովարարները կը բողոքեն Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ քննարկուող օրինագիծի մը դէմ, որ կ՛առաջարկէ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն մասնակցելու համար քուէարկելու իրաւունք տալ Նոր Քալետոնիոյ մէջ աւելի քան տասը տարի բնակող անձերու: Բնիկները անոր դէմ են:

18 ապրիլին, Ազրպէյճանը եւ Նոր Քալետոնիան ստորագրած են համագործակցութեան յուշագիր: Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Ժերալտ Տարմանին այնուհետեւ քննադատած է Պաքուն:

Նախորդը

Ռուսիոյ Եւ Չինաստանի Նախագահները Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Գործընկերութիւնը Խորացնելու Համաձայնութիւններ Ստորագրեցին

Յաջորդը

Եւրոպական Յանձնաժողովը Վրաստանին Կոչ Կ՛ուղղէ Հրաժարելու «Օտարերկրեայ Ազդեցութեան Թափանցիկութեան Մասին» Օրէնքէն

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.