Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Ալփարսլան Պայրաքթար յայտնած է, որ յառաջիկայ ձմրան Նախիջեւան բնական կազ պիտի մատակարարուի Թուրքիոյ տարածքով: Յառաջիկային կը նախատեսուի շահագործման յանձնել Իգդիր-Նախիջեւան կազի խողովակաշարը:
«Թէ.Ռէ.Թէ.»-ի համաձայն, ան նաեւ աւելցուցած է, որ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է թուրքմենական բնական կազի` Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի տարածքով Թուրքիա փոխադրման շուրջ:


