Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթարի Վարչապետ. «Կազայի Մէջ Զինադադարի Շուրջ Բանակցութիւնները Գրեթէ Սառած Վիճակի Մէջ Են»

Մայիս 15, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի յայտնեց, որ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման շուրջ բանակցութիւնները գրեթէ սառած վիճակի մէջ են, եւ այն, ինչ որ Ռաֆահի մէջ տեղի ունեցաւ, ուշացուց բանակցութիւնները:

«Իսրայէլեան կողմին մօտ անորոշութիւն կայ պատերազմը դադրեցնելու կերպին շուրջ», նշեց ան:

«Կազայի վերակառուցումը 40-էն 50 միլիառ տոլարի կը կարօտի», նշեց Քաթարի վարչապետը` աւելցնելով. «Կազայի մէջ մեր տեսած քանդումը իսկական քանդումի տարողութեան միայն 10 կամ 20 առ հարիւրն է»:

«Չենք ուզեր, որ իբրեւ միջնորդ մեր դերակատարութիւնը շահագործուի, եւ միշտ պատրաստ պիտի ըլլանք օգնելու», շեշտեց Քաթարի վարչապետը` նշելով. «Քաթարի մէջ Համասի քաղաքական գրասենեակ բանալը ազդու հաղորդակցութեան միջոց դարձաւ, եւ այնքան ատեն հաղորդակցելու կարիքը կայ, ապա կարելի չէ Քաթարի մէջ Համասի ապագային վերաբերեալ կրահում կատարել»:

«Բոլորը ներկայ միջնորդութեան, պատերազմի դադրեցման եւ գերիներու վերատիրացման վրայ կը կեդրոնանան», նշեց ան` աւելցնելով. «Տակաւին կանուխ է Կազայի վերակառուցման մասին խօսելու»:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը իր կարգին յայտնեց. «Բանակցութիւնները ներկայիս սառած վիճակի մէջ են, եւ կը փորձենք կողմերուն միջեւ գտնուող վիհը կամրջել»: «Կը շարունակենք շրջանի մէջ մեր եղբայրներուն եւ Ամերիկայի հետ միջնորդութեան մէջ ճահճացած ջուրը շարժել»:

«Մեր միջնորդութիւնը կը շարունակուի, եւ աշխատանք կը տանինք զայն գնահատելու եւ պիտի չընդունինք, որ որեւէ կողմ մեզ շահագործէ»:

«Երկու կողմերուն (Համասի եւ Իսրայէլի, «Ա.») միջեւ վիհ գոյութիւն ունի, անոնցմէ մէկը կ՛ուզէ ամբողջական կերպով վերջ տալ պատերազմին, իսկ միւսը` ժամանակաւոր զինադուլ կ՛ուզէ», ըսաւ ան:

«Մենք հաստատեցինք, որ կը շարունակենք բանակցութիւններուն մէջ մեր դերակատարութիւնը, այնքան ատեն որ համաձայնութեան հասնելու առիթ կայ», ըսաւ Անսարի` նշելով. «Իսրայէլեան կողմին մօտ պատերազմը աւարտելու ճամբու քարտէս չկայ»:

Միւս կողմէ, ամերիկացի պաշտօնատարներ «Սի.Էն.Էն»-ին յայտնեցին. «Իսրայէլ բաւարար ուժեր հաւաքեց Ռաֆահի մէջ լայնածաւալ գործողութիւն շղթայազերծելու համար»:

«Վստահ չենք, եթէ Իսրայէլ Ռաֆահի մէջ լայնածաւալ գործողութիւն շղթայազերծելու վերջնական որոշում տուաւ», շեշտեցին անոնք:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց. «Իսրայէլ Ռաֆահի մէջ քաղաքայիններուն յարմար պատրաստութիւնները չկատարեց»:

 

 

Նախորդը

Ռուսական Ուժերը Խարքովի Մարզին Մէջ Ուքրանական Բանակի Պաշտպանական Գիծերու Խորքը Կը Յառաջանան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?