Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Յանձնաժողովը Վրաստանին Կոչ Կ՛ուղղէ Հրաժարելու «Օտարերկրեայ Ազդեցութեան Թափանցիկութեան Մասին» Օրէնքէն

May 17, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական յանձնաժողովը եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու Ճոզեփ Պորել Վրաստանի իշխանութիւններուն պաշտօնապէս կոչ ուղղած է հրաժարելու «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքի հաստատումէն: Օրէնքի ընդդիմախօսները զայն կը նկատեն «օտարերկրեայ գործակալներու մասին» ռուսական օրէնքի նմանակը:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ օրէնքի վերջնական որդեգրումը բացասաբար պիտի ազդէ Վրաստանի եւրոպական հեռանկարներուն վրայ` չյստակացնելով, թէ խօսքը ի՛նչ հետեւանքներու մասին է:

Ըստ Եւրոպական յանձնաժողովին, օրինագիծը կը թիրախաւորէ քաղաքացիական հասարակութիւնը եւ կը սպառնայ լրատուամիջոցներու ազատութեան:

«Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ը, վկայակոչելով Եւրոպական Միութեան երեք պաշտօնատարներ, կը պնդէ, որ եթէ օրէնքը ուժի մէջ մտնէ, Եւրոպական Միութեան միանալու Վրաստանի դիմումը պիտի սառեցուի:

Վրաստան անցեալ տարի պաշտօնապէս Եւրոպական Միութեան թեկնածուի կարգավիճակ ստացաւ, թէեւ բանակցութիւնները տակաւին չեն սկսած:

Վրաստանը Իսլանտայի, Լաթվիոյ Եւ Էսթոնիոյ
Արտաքին Գործոց Նախարարները Կը Մեղադրէ
Իշխանութիւնը Տապալելու Փորձի Համար

Իսլանտայի, Լաթվիոյ եւ Էսթոնիոյ նախարարներու մասնակցութիւնը Վրաստանի մէջ այսպէս կոչուած «օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրէնքին» դէմ բողոքի ցոյցին երկրին մէջ իշխանութիւնը տապալելու փորձ է: Այս մասին Դիմատետրի վրայ յայտնած է Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Շալվա Փափուաշվիլի:

«Ասիկա քայլ է, որ աւելի սպասելի է խորհրդային կամ ռուսական քարոզչութենէն, քան Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներէն: Աւելի՛ն, կ՛աջակցիք ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած իշխանութիւնը տապալելու փորձին, որովհետեւ ձեզի հաճելի չէ անոր ընդունած օրէնսդրութիւնը», գրած է ան:

Լաթվիոյ, Էսթոնիոյ եւ Իսլանտայի արտաքին գործոց նախարարները 15 մայիսին հասած էին Թիֆլիս, ուր մասնակցած են «օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրէնք»-ին դէմ բողոքի ցոյցին եւ այնտեղ խօսք արտասանած:

Նախորդը

Փարիզ Պաքուն Կը Մեղադրէ Նոր Քալետոնիոյ Մէջ Անկարգութիւնները Հրահրելու Յանցանքով

Յաջորդը

«Ռուսական Ուժերու Յառաջխաղացքը Ուքրանիոյ Դաշնակիցներուն` Համար Ահազանգ Է» Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.