Փութին. «Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի Յարաբերութիւնները Կը Զարգանան Յաջողութեամբ, Յուսալիօրէն Եւ Շատ Գործնապաշտօրէն»
Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները կը զարգանան յաջողութեամբ, յուսալիօրէն եւ շատ գործնապաշտօրէն: Այս մասին Ս. Փեթերսպուրկի միջազգային տնտեսական համախմբումի ծիրին մէջ միջազգային լրատուական գործակալութիւններու ղեկավարներու հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: Ան նշած է, որ Ազրպէյճանի մէջ կայ շուրջ 300 դպրոց, ուր երեխաներուն ռուսերէն կը դասաւանդեն: «Նախագահ Իլհամ Ալիեւ մեծապէս կ՛աջակցի երկրին մէջ լեզուի ուսուցման: Ասիկա կը նշանակէ,...




















