Ռուսիան կ՛ողջունէ ՊՐԻՔՍ-ի նկատմամբ աճող հետաքրքրութիւնը այն լուրերու լոյսին տակ, որ Թուրքիան ցանկութիւն յայտնած է միանալու դաշինքին: Այս մասին յայտարարած է Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
Նշենք, որ ՊՐԻՔՍ-ը միջպետական միութիւն է` բաղկացած ինը պետութիւններէ` Պրազիլ, Ռուսիա, Հնդկաստան, Չինաստան, Հարաւային Ափրիկէ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւն, Իրան, Եգիպտոս եւ Եթովպիա:
«Մենք, ի հարկէ, բոլորս կ՛ողջունենք ՊՐԻՔՍ-ի նկատմամբ նման աճող հետաքրքրութիւնը մեր դրացիներուն, ներառեալ կարեւոր գործընկերներու կողմէ, ինչպիսին Թուրքիան է: Այս նիւթը պիտի ըլլայ ՊՐԻՔՍ-ի վեհաժողովի օրակարգին վրայ, որուն պիտի նախագահէ Ռուսիան: Մենք շատ աշխուժ կը պատրաստուինք», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան 4 յունիսին յայտնած է, որ իր երկիրը պիտի ուզէր միանալ ՊՐԻՔՍ-ին, այդ հարցը պիտի քննարկուի Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք նախարարներու հանդիպումի ընթացքին:
«Ի հարկէ, մենք պիտի ուզէինք դառնալ ՊՐԻՔՍ-ի անդամ: Տեսնենք, թէ այս տարի ինչի կրնանք հասնիլ», նշած է դիւանագէտը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը Փեքինի մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին ընդգծած է, որ կ՛ակնկալէ մասնակցիլ Ռուսիոյ մէջ ՊՐԻՔՍ-ի նախարարներու հանդիպումին` քննարկելու համար ՕԹԱՆ-ի անդամ հանդիսացող Թուրքիոյ անդամակցութեան կարելիութիւնը:


