Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի պիտի հանդիպի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ: Այս մասին հաղորդեց բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը:
Զելենսքի Ֆրանսա հրաւիրուած է մասնակցելու Նորմանտիի ցամաքահանման տարեդարձի նշման:
Կը հաղորդուի, որ Մաքրոն ուրբաթ օր Փարիզի մէջ պիտի հիւրընկալէ Զելենսքին:
«Քանի որ առաջնագիծին վրայ եւ ուժանիւթային ենթակառոյցներու դէմ ռուսական հարուածները կ՛ուժեղանան, երկու նախագահները պիտի քննարկեն կացութիւնը», կը նշուի Էլիզէի պալատի հաղորդագրութեան մէջ:
Հանդիպումը կը նախատեսուի կատարել Նորմանտիի ցամաքահանման գործողութեան տարեդարձի ձեռնարկներէն ետք: Զելենսքի նաեւ խօսք պիտի արտասանէ Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ:
Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը հաստատեց լուրը` նշելով, որ Պայտըն Զելենսքիի հետ Ֆրանսայի մէջ Նորմանտիի մէջ պիտի հանդիպի, ապա դարձեալ պիտի հանդիպի Իտալիոյ մէջ` «Եօթներու խմբակ»-ի վեհաժողովի ընթացքին:
Պայտըն քննադատութեան ենթարկուած էր յայտարարելէն ետք, որ Զուիցերիոյ մէջ Ուքրանիոյ խաղաղութեան վեհաժողովին պիտի չմասնակցի, որովհետեւ նախագահական ընտրութեան դրամահաւաքի ձեռնարկի պիտի մասնակցի:
Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն նախագահական օդանաւին մէջ Փարիզ ուղղուող լրագրողներուն յայտնեց, որ Պայտըն այս շաբաթ Նորմանտիի ցամաքահանումի 80-ամեակի նշման ընթացքին առիթ պիտի ունենայ Զելենսքիի հետ հանդիպելու:
Ան աւելցուց, որ Պայտըն Զելենսքիի հետ պիտի քննարկէ «ներկայ կացութիւնը, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք Ուքրանիոյ մէջ աջակցութիւնը շարունակել եւ խորացնել»:


