Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրեց օրինագիծ մը, որ կ՛արտօնէ Միջազգային քրէական դատարանին դէմ պատժամիջոցներ հաստատել:
Նախագիծը որդեգրուեցաւ 247 թեր (205 հանրապետական եւ 42 դեմոկրատական) եւ 155 դէմ (բոլորն ալ դեմոկրատականներ) քուէներով:
Նախագիծը կը նախատեսէ պատժամիջոցներու հաստատում այն անձերուն դէմ, որոնք «կը մասնակցին Միացեալ Նահանգներու եւ անոնց դաշնակիցներու պաշտպանութեան տակ գտնուող որեւէ անձի դէմ հետաքննութեան, ձերբակալման, կալանաւորման կամ հետապնդման որեւէ ջանքերուն»: Սահմանափակումները կը ներառեն Միացեալ Նահանգներու մէջ գոյքի հետ գործարքներու արգելք, ինչպէս նաեւ մուտքի արտօնագիրներու արգելակում եւ չեղարկում:
Օրինագիծը մշակուած է, երբ Միջազգային քրէական դատարանի դատախազ Քարիմ Խանը առաջարկած է ձերբակալել Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը, ինչպէս նաեւ Համասի երեք ղեկավարները` զինուորական յանցագործութիւններու համար:
Նախագիծին դէմ արտայայտուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը:
Սպիտակ տունը յայտարարած է, որ աւելի լաւ ուղիներ կան Իսրայէլը պաշտպանելու, Միջազգային քրէական դատարանին մէջ Միացեալ Նահանգներու դիրքերը պահպանելու եւ միջազգային արդարադատութիւնն ու պատասխանատուութիւնը խթանելու համար:


