Միջազգային

«Թուրքիան Կը Հետեւի Ղարաբաղէն Ռուս  Խաղաղապահներու Դուրսբերման Հոլովոյթին»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրքիան Կը Հետեւի Ղարաբաղէն Ռուս Խաղաղապահներու Դուրսբերման Հոլովոյթին» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումի ընթացքին խօսած է բռնագրաւուած Արցախի մասին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանը: «Թուրքիան կը հետեւի Ղարաբաղէն ռուս խաղաղապահներու դուրսբերման հոլովոյթին եւ հաւանութիւն կու տայ բռնագրաւումէն ազատագրուած ազրպէյճանական հողերու վերականգնման աշխատանքներուն», ըսած է Էրտողան: Յիշեցնենք, որ Ալիեւ երկուշաբթի օր Էրտողանի հրաւէրով մեկնած էր Անգարա, ուր քննարկուած են շրջանային...

Պոլաթ. «Թուրքիան Իսրայէլի Հետ Առեւտուրը  Պիտի Չվերականգնէ, Մինչեւ Որ Կազայի Մէջ  Զինադադար Չհաստատուի»

Պոլաթ. «Թուրքիան Իսրայէլի Հետ Առեւտուրը Պիտի Չվերականգնէ, Մինչեւ Որ Կազայի Մէջ Զինադադար Չհաստատուի»

Իսրայէլի հետ առեւտուրը դադրեցնելու Թուրքիոյ որոշումը ուժի մէջ պիտի մնայ մինչեւ Կազայի մէջ մնայուն զինադադարի հաստատումը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Էօմեր Պոլաթ: «Երբ 2 մայիսէն որոշեցինք ամբողջութեամբ դադրեցնել Իսրայէլի հետ առեւտուրը, ընդգծեցինք մեր նպատակը, որ Իսրայէլը կարելի եղածին չափ շուտ համաձայնի մնայուն եւ անյապաղ զինադադարի, որպէսզի կարելի եղածին չափ արագ վերականգնուի...

Ռուսիան, Միացեալ Նահանգներու Հետ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ, Հիւլէական  Սուզանաւ Պիտի Ուղարկէ Քուպա

Ռուսիան, Միացեալ Նահանգներու Հետ Լարուածութեան Լոյսին Տակ, Հիւլէական Սուզանաւ Պիտի Ուղարկէ Քուպա

Ռուսական «Քազան» հիւլէական սուզանաւը, որ հիւլէական զէնք պիտի չկրէ, յաջորդ շաբաթ պիտի հասնի Հաւանա: Այս մասին յայտարարած են Քուպայի համայնավարական իշխանութիւնները: «Տը Կարտիըն» կը նշէ, որ ռուսական հիւլէական սուզանաւի Քուպա այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ Մոսկուա-Ուաշինկթըն լարուածութեան աճի պայմաններուն մէջ: Բացի ատկէ, Քուպայի ափ պիտի հասնին ռուսական ծովուժի յաւելեալ երեք նաւեր` «Ծովակալ Կորքով» հրթիռային յածանաւը, «Աքատեմիք Փաշին» ծովային լցանաւը եւ «Նիքոլայ Չիքեր»...

Ալիեւ. «Բարձր Կը Գնահատենք Ռուսիոյ Հետ  Դաշնակցային Յարաբերութիւնները»

Ալիեւ. «Բարձր Կը Գնահատենք Ռուսիոյ Հետ Դաշնակցային Յարաբերութիւնները»

«Մենք բարձր կը գնահատենք ռուս-ազրպէյճանական գործակցութեան ներկայ մակարդակը, որ դաշնակցային բնոյթ ունի», Ռուսիոյ օրուան առիթով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին յղած իր ուղերձին մէջ նշած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: «Մեր երկու ժողովուրդներուն միջեւ դարերու ընթացքին ձեւաւորուած բարեկամութեան եւ բարի դրացնութեան ամուր աւանդութիւնները Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման յուսալի հիմք կը հանդիսանան», նշուած է Ալիեւի ուղերձին մէջ:    

Ալիեւն Ու Մոխպերը Քննարկած Են Ազրպէյճանը  Իրանի Տարածքով Նախիջեւանին Միացնելու  Ծրագիրի Աշխատանքները

Ալիեւն Ու Մոխպերը Քննարկած Են Ազրպէյճանը Իրանի Տարածքով Նախիջեւանին Միացնելու Ծրագիրի Աշխատանքները

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իրանի նախագահի գործակատար, երկրի առաջին փոխնախագահ Մոհամետ Մոխպերի հետ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած են Ազրպէյճանի Զանգելանի շրջանը Իրանի տարածքով Նախիջեւանին միացնելու ճանապարհափոխադրամիջոցային գիծ ստեղծելու աշխատանքները: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները` վկայակոչելով Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքի հաղորդագրութիւնը: Մոխպերը նախագահի գործակատար դարձաւ, երբ Իրանի 8-րդ նախագահ Իպրահիմ...

Պլինքըն. «Համաձայնութեան  Միակ Խոչընդոտը Համասն Է»

Պլինքըն. «Համաձայնութեան Միակ Խոչընդոտը Համասն Է»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Եգիպտոսը, Իսրայէլը, Յորդանանը, Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը ներառող իր միջինարեւելեան շրջապտոյտի ծիրին մէջ հասաւ Գահիրէ, ուր հանդիպում ունեցաւ եգիպտացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: Պլինքըն ահիրէի մէջ յայտնեց. «Համասը զինադադարի հաստատման համաձայնութեան առջեւ միակ խոչընդոտն է»: Ան իր խօսքը շրջանի ղեկավարներուն ուղղելով ըսաւ. «Եթէ զինադադար կ՛ուզէք, ապա Համասի վրայ ճնշում բանեցուցէք, որպէսզի զայն ընդունի»: «Մենք...

Եւրոպական Ընտրութիւններուն Մէջ Իր Կուսակցութեան Կրած Ծանր Պարտութենէն Ետք.  Մաքրոն Խորհրդարանը Լուծարեց Եւ Նոր Ընտրութիւններ Նշանակեց

Եւրոպական Ընտրութիւններուն Մէջ Իր Կուսակցութեան Կրած Ծանր Պարտութենէն Ետք. Մաքրոն Խորհրդարանը Լուծարեց Եւ Նոր Ընտրութիւններ Նշանակեց

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն կիրակի գիշեր լուծարեց իր երկրի Ազգային ժողովը` Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն մէջ ծայրայեղ աջակողմեան «Ազգային միաւորում»-էն իր կուսակցութեան` «Վերածնունդ»-ի կրած ջախջախիչ պարտութենէն ետք: Ֆրանսայի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու առաջին փուլը տեղի պիտի ունենայ 30 յունիսին, իսկ երկրորդը` 7 յուլիսին: «Ֆրանսան խաղաղութեան եւ ներդաշնակութեան մէջ ակնյայտ մեծամասնութեան կարիք ունի: Հոգիի խորքին մէջ ֆրանսացի ըլլալը կը նշանակէ ընտրութիւն կատարել յօգուտ...

Ֆիտանն Ու Պայրամովը Շրջանային Հարցեր Քննարկած Են

Ֆիտանն Ու Պայրամովը Շրջանային Հարցեր Քննարկած Են

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի ունեցած է: ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած են Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն դիւանագիտական աղբիւրներ: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին կողմերը քննարկած են երկկողմանի եւ շրջանային հարցեր:

Եւրոպական Խորհրդարանի Ընտրութիւններէն Ետք.  Ֆոն Տեր Լեյեն. «Վստահ Եմ Եւրոպական Յանձնաժողովի  Նախագահի Պաշտօնին Վրայ Նոր Նստաշրջան  Ապահովելու Կարողութենէս»

Եւրոպական Խորհրդարանի Ընտրութիւններէն Ետք. Ֆոն Տեր Լեյեն. «Վստահ Եմ Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահի Պաշտօնին Վրայ Նոր Նստաշրջան Ապահովելու Կարողութենէս»

Եւրոպական յանձնաժողովի գործող նախարար Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն յայտարարեց, որ վստահ է յանձնաժողովի իբրեւ նախագահ նոր նստաշրջան ապահովելու իր կարողութենէն: Ըստ նախնական տուեալներու, անոր կեդրոն աջ Եւրոպական ժողովուրդի կուսակցութիւնը Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն մէջ աթոռներու մեծամասնութիւնը ապահոված է: «Այո՛, ես վստահ եմ, սակայն անշուշտ գիտեմ, որ ինծի շատ աշխատանք կը սպասէ: Սակայն ամբողջովին վստահ եմ, ինչ կը վերաբերի երկրորդ նստաշրջանի թեկնածութեանս»,...

Սիտնիի Մէջ Ամերիկեան Հիւպատոսարանը Յարձակումի Ենթարկուեցաւ

Սիտնիի Մէջ Ամերիկեան Հիւպատոսարանը Յարձակումի Ենթարկուեցաւ

Աւստրալիական Նիւ Սաութ Ուէյլզի ոստիկանութիւնը յայտարարեց,որ Սիտնիի հիւսիսը գտնուող ամերիկեան հիւպատոսարանը երէկ կանուխ առաւօտուն յարձակումի ենթարկուած է: Հսկողութեան տեսախցիկները ցոյց տուած են դիմակաւոր անձ մը, որ փոքր մուրճով վնասած է 9 պատուհաններու եւ դռներուն վրայ գծած շրջուած կարմիր եռանկիւններ, որոնք պաղեստինցիներուն զօրակցող կարգ մը գործիչներու կողմէ օգտագործուող նշաններ են: Աւստրալիոյ վարչապետ Էնթընի Ալպանեզ դատապարտեց յարձակումը:  Ան տեղի ունեցածը կապած է...

Պայրամով Այսօր Պիտի Մասնակցի Պերլինի Մէջ Ուքրանիոյ Հարցով Խորհրդաժողովին

Պայրամով Այսօր Պիտի Մասնակցի Պերլինի Մէջ Ուքրանիոյ Հարցով Խորհրդաժողովին

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Գերմանիա: Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Պայրամով Պերլինի մէջ պիտի մասնակցի եւ խօսք արտասանէ վաղը մեկնարկելիք Ուքրանիոյ վերականգնման հարցերով երկօրեայ խորհրդաժողովի ընթացքին եւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ պիտի ունենայ:

Իսրայէլ 4 Գերիներ Ազատագրելու Համար 274 Պաղեստինցի Քաղաքայիններ Սպաննեց

Իսրայէլ 4 Գերիներ Ազատագրելու Համար 274 Պաղեստինցի Քաղաքայիններ Սպաննեց

Իսրայէլեան բանակը շաբաթ օր Կազայի կեդրոնը գտնուող պաղեստինեան Նուսէյրաթ գաղթակայանին մէջ իսրայէլացի 4 պատանդ ազատագրելու համար առնուազն 274 պաղեստինցի քաղաքայիններ սպաննեց: Կազայի առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ շաբաթ օր Նուսէյրաթ գաղթակայանին մէջ պաղեստինցիներուն դէմ Իսրայէլի գործած ջարդի զոհերուն թիւը 274 է, իսկ վիրաւորներունը` 698: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ողջունեց իսրայէլեան բանակին կողմէ 4 գերիներու ազատագրումը: Ան իր ֆրանսացի պաշտօնակից Էմանուել...

«Միացեալ Նահանգներն Ու Ֆրանսան Կ՛աջակցին Հարաւային Կովկասի Մէջ Արդար Եւ Տեւական Խաղաղութեան Հաստատման»  Կը Յայտարարեն Պայտըն Եւ Մաքրոն

«Միացեալ Նահանգներն Ու Ֆրանսան Կ՛աջակցին Հարաւային Կովկասի Մէջ Արդար Եւ Տեւական Խաղաղութեան Հաստատման» Կը Յայտարարեն Պայտըն Եւ Մաքրոն

Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան կ՛աջակցին Հարաւային Կովկասի մէջ արդար եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսուած է երկու երկիրներու նախագահներու` Փարիզի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք հրապարակուած «Ֆրանս-ամերիկեան ճամբու քարտէս»-ին մէջ: Պայտընի եւ Մաքրոնի համոզումով, Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ խաղաղութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ «միջազգային օրէնքին նկատմամբ յարգանքի, ինչպէս նաեւ գերիշխանութեան, սահմաններու անխախտելիութեան եւ...

Իրանի Մէջ Նախագահի Հաստատուած Թեկնածուներուն Թիւը 6 Է

Իրանի Մէջ Նախագահի Հաստատուած Թեկնածուներուն Թիւը 6 Է

Իրանի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է նախագահի պաշտօնին համար հաստատուած թեկնածուներու անունները: Ընդհանուր առմամբ, ցանկին վրայ ներառուած են 6 թեկնածուներ, որոնց արտօնուած է մասնակցիլ քարոզարշաւին: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը: Արտակարգ ընտրութեան մասնակցելու իրաւունք ստացած են խորհրդարանի գործող նախագահ Մոհամետ Պաղեր Քալիպաֆը, Թեհրանի քաղաքապետ Ալիռեզա Զաքանին, Իսլամական Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ հոգեւոր առաջնորդի ներկայացուցիչ Սայիտ Ժալիլին, Մասուտ...

ՄԱԿ-ը Իսրայէլեան Բանակը Ներառեց Տագնապի  Գօտիներու Մէջ Մանուկներու Դէմ Ոտնձգութիւններ  Գործողներու Ցուցակին Վրայ

ՄԱԿ-ը Իսրայէլեան Բանակը Ներառեց Տագնապի Գօտիներու Մէջ Մանուկներու Դէմ Ոտնձգութիւններ Գործողներու Ցուցակին Վրայ

ՄԱԿ-ը իսրայէլեան բանակը ներառեց տագնապի գօտիներու մէջ մանուկներու դէմ ոտնձգութիւններ գործողներու ցուցակին վրայ: Նշենք, որ նոյն ցուցակին վրայ են ՏԱՀԵՇ-ը, Քայիտան եւ Պոքօ Հարամը: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի պատուիրակութեան փոխանցած է նշեալ որոշումը: ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի դեսպանը յայտնեց. «Կութիերես մեզ կ՛ատէ, եւ պէտք է զինք «սեւ ցուցակ»-ին վրայ առնել»: Իսրայէլի...

Կալուզին. «Մոսկուան Պատրաստակամ Է  Աջակցելու Երեւանի Եւ Պաքուի Հաշտեցման»

Մոսկուան Ու Պաքուն Կը Քննարկեն Ազրպէյճանի Մէջ Ռուսիոյ Հիւպատոսարաններու Ստեղծման Հարցը

Մոսկուան ու Պաքուն կը քննարկեն Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ հիւպատոսութիւններու ստեղծման հարցը, Ռուսիան այս հարցին մէջ յաջողութեան յոյս ունի: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ս. Փեթերսպուրկի միջազգային տնտեսական համախմբումի ծիրին մէջ «Ռուսիա-Ազրպէյճան» նիստի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը: «Պիտի ուզէի նշել, որ մեր յարաբերութիւններու յառաջընթաց զարգացումը, ներառեալ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան զարգացման նոր հնարաւորութիւններու որոնումը, համահունչ...

Մաքրոն. «Քիեւին «Միրաժ» Տիպի  Հալածիչներ Պիտի Յանձնենք»

Մաքրոն. «Քիեւին «Միրաժ» Տիպի Հալածիչներ Պիտի Յանձնենք»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտարարեց, որ իր երկիրը Քիեւին «Միրաժ» տիպի հալածիչներ պիտի յանձնէ, եւ ուքրանացի օդաչուները պիտի մարզէ, ինչպէս նաեւ մտադիր է 4500 ուքրանացի զինուորներ մարզել ու զինել: Մաքրոն ֆրանսական լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Վաղը գործակցութեան նոր ձեւի մը պիտի սկսինք, եւ կը յայտարարենք (Քիեւին) «Միրաժ 2000-5» տիպի հալածիչներու յանձնումը, ինչ որ անոր պիտի արտօնէ իր հողերն ու...

Փաքիստանը, Սոմալին, Փանաման, Դանիան  Եւ Յունաստանը Ընտրուեցան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան  Խորհուրդի Ոչ Մնայուն Անդամներ

Փաքիստանը, Սոմալին, Փանաման, Դանիան Եւ Յունաստանը Ընտրուեցան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Ոչ Մնայուն Անդամներ

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը 6 յունիսին Դանիան, Յունաստանը, Փաքիստանը, Փանաման եւ Սոմալին ընտրած է Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամներ` երկամեայ ժամկէտով, որ պիտի սկսի յաջորդ տարուան 1 յունուարէն: Այս մասին յայտնած է ՄԱԿ-ի մամլոյ ծառայութիւնը: Նշեալ երկիրները պիտի փոխարինեն Էքուատորը, Ճափոնը, Մալթան, Մոզամպիքը եւ Զուիցերիան: Նոր անդամները պիտի միանան գործող ոչ մնայուն անդամներ Ալճերիոյ, Քանատային, Քորէայի Հանրապետութեան, Սիերա Լիոնին եւ Սլովենիոյ:...

«Պայտընի Առաջարկի Ընդունումը Կրնայ  Պաղեստինցի Ժողովուրդի Ինքնորոշման  Իրաւունքի Իրականացման Յանգեցնել»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն

«Պայտընի Առաջարկի Ընդունումը Կրնայ Պաղեստինցի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքի Իրականացման Յանգեցնել» Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ գոյութիւն ունի Կազայի վերաբերեալ առաջարկ մը, որ Համասին ուղարկուած է, «եւ պաշտօնական խողովակներու ճամբով այդ առաջարկի պատասխանին կը սպասենք»: Նախարարութիւնը շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի առաջարկը ընդունիլը կրնայ մնայուն խաղաղութեան եւ պաղեստինցի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման յանգեցնել: «Վերջին օրերու ընթացքին Եգիպտոսի եւ Քաթարի հետ աշխատեցանք` հասնելու համար զինադադարի մը, որ մնայուն...

Իսրայէլ Տեղահանուածներ Պատսպարող  Դպրոց Մը Ռմբակոծելով  Կը Սպաննէ 30 Քաղաքայիններ

Իսրայէլ Տեղահանուածներ Պատսպարող Դպրոց Մը Ռմբակոծելով Կը Սպաննէ 30 Քաղաքայիններ

30 պաղեստինցիներ սպաննուեցան եւ տասնեակներով ուրիշներ, մեծամասնութեամբ մանուկներ եւ կիներ, վիրաւորուեցան, երբ իսրայէլեան ռմբաձիգներ չորեքշաբթի գիշեր կեդրոնական Կազայի մէջ տեղահանուածներ պատսպարող դպրոց մը ռմբակոծեցին: Զոհերն ու վիրաւորները փոխադրուեցան Տէյր Պալահի մէջ Շուհատա Աքսա հիւանդանոց: Կազայի մէջ առողջապահութեան նախարարութիւնը տեղի ունեցածը ջարդ որակեց: Կազայի մէջ կառավարական տեղեկատուական գրասենեակի տնօրէն Իսմայիլ Սաուապիթա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաւանական նկատեց, որ այս ջարդի զոհերուն...

Page 153 of 882 1 … 152 153 154 … 882

Արխիւներ