Իրանը պաշտօնապէս դիմած է ԵԱՏՄ-ի դէտ երկրի կարգավիճակ ստանալու խնդրանքով: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարուած է Պիելոռուսիոյ մէջ ընթացող Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստի ընթացքին:
ԵԱՏՄ-ի ղեկավար մարմինի ներկայացուցիչներուն համաձայն, կառոյցը Թեհրանի դիմումը ստացած է 27 մայիսին:
«Եթէ բոլոր ընթացակարգերը պահպանուին, ապա Իրանին ԵԱՏՄ-ի մէջ դէտի կարգավիճակ տրամադրելու մասին որոշումը կրնայ տրուիլ արդէն այս տարուան դեկտեմբերի վերջաւորութեան», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք:
Միութեան կ՛անդամակցին Ռուսիան, Ղազախստանը, Պիելոռուսիան, Խըրխըզիստանն ու Հայաստանը:


