Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին. «Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի Յարաբերութիւնները Կը Զարգանան Յաջողութեամբ, Յուսալիօրէն Եւ Շատ Գործնապաշտօրէն»

Յունիս 7, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները կը զարգանան յաջողութեամբ, յուսալիօրէն եւ շատ գործնապաշտօրէն: Այս մասին Ս. Փեթերսպուրկի միջազգային տնտեսական համախմբումի ծիրին մէջ միջազգային լրատուական գործակալութիւններու ղեկավարներու հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:

Ան նշած է, որ Ազրպէյճանի մէջ կայ շուրջ 300 դպրոց, ուր երեխաներուն ռուսերէն կը դասաւանդեն:

«Նախագահ Իլհամ Ալիեւ մեծապէս կ՛աջակցի երկրին մէջ լեզուի ուսուցման: Ասիկա կը նշանակէ, որ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը մեկնի անկէ, որ ռուսաց լեզուն պէտք պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի քաղաքացիներուն: Ինչի՞ համար, որպէսզի զարգացնէ երկկողմանի կապերը, եւ անոնք կը զարգանան», ըսած է Փութին:

Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան` Ռուսիոյ նախագահը նշած է, որ իր երկրին համար մեծ հաշուով միեւնոյնն է, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու նախագահը` Պայտը՞նը, թէ՞ Թրամփը:

Անոր համաձայն, Ռուսիան պիտի աշխատի Միացեալ Նահանգներու որեւէ նախագահի հետ, որուն պիտի ընտրէ ամերիկացի ժողովուրդը:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահի ընտրութենէն ետք, Ռուսիոյ նկատմամբ անոնց քաղաքականութիւնը պիտի չփոխուի», ընդգծած է Փութին:

Ան ըսած է, որ Թրամփի դիմագրաւած արդարադատական դժուարութիւնները նոյեմբերին նախատեսուած նախագահական ընտրութենէն առաջ դեմոկրատականներուն եւ հանրապետականներուն միջեւ ներքին քաղաքական պարանաձգման հետեւանք են:

«Ամբողջ աշխարհին համար յստակ է, որ Թրամփի նկատմամբ հետապնդումները, մասնաւորաբար դատարաններուն առջեւ հետապնդումները, հիմնուած են մեղադրանքներու վրայ, որոնք հիմնուած են տարիներ առաջ տեղի ունեցած դէպքերու վրայ, եւ առանց ուղղակի փաստերու են», ըսաւ Քրեմլինի ղեկավարը:

Ռուսիոյ նախագահը նաեւ յայտարարած է, որ իր երկիրը կը շարունակէ Ուքրանիոյ տարածքով կազ մատակարարել Եւրոպա:

«Մենք կը շարունակենք Ուքրանիոյ տարածքով կազ մատակարարել Եւրոպա: Մենք կը մատակարարենք: Կար երկու խողովակաշարային համակարգ. անոնցմէ մէկը ուքրանական կողմը փակած է: Ձգեց միայն մէկ խողովակաշարային համակարգ: Անոր միջոցով կազը Եւրոպա կ՛երթայ: Եւրոպացի սպառողը այդ կազը կը ստանայ», ըսած է Փութին:

Ան նաեւ նշած է, որ եւրոպացի սպառողները ռուսական կազը նաեւ թրքական հոսքով կը ստանան:

Խօսելով ուքրանական տագնապին մասին` Փութին ըսած է. «Ես կրնամ ձեզի յստակ նշել այն թիւերը, թէ երկու կողմերուն մօտ քանի հոգի կայ գերութեան մէջ: Ուքրանական կողմերուն մօտ գտնուող մեր զինուորներն ու սպաները 1348-ն են: Մեր մօտ 6465 ուքրանացի զինուոր կը գտնուի»:

Փութին չէ նշած ռուսական զինեալ ուժերուն կողմէ զոհուածներու թիւը` ըսելով, որ պատերազմող կողմերը նման տուեալներ չեն ներկայացներ: Ան միեւնոյն ժամանակ աւելցուց, որ Ուքրանիոյ անդառնալի կորուստները հինգ անգամով կը գերազանցեն ռուսական կողմին կորուստները:

«Ճիշդ ատոր կապուած է Ուքրանիոյ մէջ ամբողջական զօրակոչի անցնելու փորձը, որովհետեւ մարտի դաշտին մէջ կորուստները շատ մեծ են: Ուքրանիոյ բանակը ամսական շուրջ 50 հազար մարդ կը կորսնցնէ, ուքրանացիներու անդառնալի եւ առողջապահական կորուստները շուրջ 50-50 են», նշած է Փութին:

«Ուքրանիոյ զէնքերու մատակարարումները շատ վտանգաւոր քայլեր են, այն պահուն, երբ շարք մը երկիրներ, որոնց շարքին Միացեալ Նահանգները վերջերս Քիեւին արտօնեցին ռուսական հողերուն դէմ պայմանաւորեալ հարուածներ հասցնել», ըսաւ ան:

Փութին սպառնաց երրորդ երկիրներու մատակարարել ռուսական զէնքեր` զանոնք արեւմտեան շահեր հարուածելու համար օգտագործելու, եթէ Արեւմուտքը Ուքրանիոյ արտօնէ Ռուսիան հեռահար հրթիռներով հարուածել:

Ռուսիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ յայտնեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ առաջին անգամ ըլլալով արտօնեց մեր զէնքերը ուղարկել այն շրջաններ, որոնք Ուքրանիոյ զէնք տրամադրող երկիրներուն հետ պատերազմի մէջ են»:

«Ասիկա մեր արտաքին քաղաքականութեան մէջ շատ կարեւոր փոփոխութիւն է», աւելցուց ան:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն երէկ յայտարարեց. «Չենք արտօներ ամերիկեան զէնքով հարուածել Մոսկուան, Քրեմլինը»:

Նախորդը

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ

Յաջորդը

Իսրայէլ Տեղահանուածներ Պատսպարող Դպրոց Մը Ռմբակոծելով Կը Սպաննէ 30 Քաղաքայիններ

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?