Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն Կալանթի Եւ Կանցի Հետ Քննարկեց Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Առաջարկը

Յունիս 4, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի հետ խօսած է Կազայի մէջ ամբողջական ու համապարփակ զինադադարի հաստատման, բոլոր գերիներու ազատ արձակման եւ Կազայի բոլոր շրջաններ մարդասիրական օժանդակութեան հոսքը աւելցնելու առաջարկին մասին:

«Պլինքըն ողջունեց Իսրայէլի համաձայնութիւն կնքելու պատրաստակամութիւնը եւ յայտնեց, որ համաձայնութիւն յայտնելու պատասխանատուութիւնը Համաս շարժումի ուսերուն է: Եւ շեշտեց, որ առաջարկը երկար ժամկէտի վրայ պիտի ամրապնդէ Իսրայէլի անվտանգութեան շահերը, ներառեալ շրջանին մէջ յաւելեալ համարկման կարելիութեան ճամբով», ըսաւ Միլլըր` աւելցնելով, որ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը «անգամ մը եւս հաստատեց Իսրայէլի անվտանգութեան նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու խիստ յանձնառութիւնը»:

Միլլըր յայտնեց, որ Պլինքըն նոյն հարցով խօսած է Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ Պենի Կանցի հետ: «Պլինքըն ողջունեց Իսրայէլի` առաջարկը ընդունիլը, եւ շեշտեց, որ Համաս պէտք է առանց ուշացումի ընդունի գործարքը»:

Պլինքըն Կանցին յայտնած է. «Առաջարկը երկար ժամկէտի վրայ պիտի ապահովէ Իսրայէլի անվտանգութեան շահերը, ներառեալ Լիբանանի հետ Իսրայէլի սահմանի երկայնքին հանդարտութեան կարելիութեան ընծայումը, ինչ որ իսրայէլացիներուն պիտի արտօնէ իրենց հայրենիք վերադառնալ»:

Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու համախմբական կառավարութեան մէջ իր գործընկերներուն խոստացած է պատերազմը չդադրեցնել եւ ներկայացուցած իր այն գնահատականը, թէ համաձայնութեան հասնելու հաւանականութիւնը շատ ցած է:

Նեթանիահու իսրայէլեան կառավարութեան յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն չէ ներկայացուցած այն իսկական պայմանները, որոնց Իսրայէլ համաձայն գտնուած է:

«Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ Նեթանիահու յայտնած է. «Կրնանք գերիները վերադարձնելու համար կռիւը դադրեցնել, սակայն պատերազմը չենք կրնար դադրեցնել»:

«Իրանցիներն ու մեր բոլոր թշնամիները մեզի կը նային եւ կ՛ուզեն տեսնել, թէ անձնատուր պիտի ըլլա՞նք, թէ՞ ոչ», աւելցուցած է ան:

«Արապիա» եւս հաղորդեց, որ Նեթանիահու ըսած է. «Նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդին մէջ համաձայնեցանք չբացայայտել գործարքի սղագիրը»:

Պաշտօնատարներ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանին մտավախութիւն յայտնած են, որ Նեթանիահու իր քաղաքական ապագայի նկատմամբ իր մտահոգութեան պատճառով համաձայն չգտնուի գործարքը շարունակելու:

Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական խորհուրդէն պաշտօնատարներ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած են. «Կը սերտենք առաջարկ մը չսպասելու Համասի պատասխանին եւ կանխարգելիչ քայլեր որդեգրելու, եւ այդ կանխարգելիչ քայլերուն նպատակն է երաշխաւորել գործարքի հասնելու կարողութիւնը»: Անոնք նաեւ մտավախութիւն յայտնած են, որ Համասի պատասխանին սպասելու ընթացքին գործարքի հասնելու ջանքերը վնասուին:

Պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ քաղաքագէտներու կարծիքով` պէտք է պատերազմը դադրեցնել եւ գործարք կնքել, նոյնիսկ եթէ ներկայ փուլին Կազայի մէջ Համասի ղեկավար Եահիա Սընուար իշխանութեան վրայ մնայ: «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ներկայացուցած առաջարկը իսրայէլեան առաջարկին նման է», նշած են անոնք:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 11-րդ կայանին կիրակի գիշեր հրապարակած հարցախոյզի արդիւնքներուն համաձայն, իսրայէլացիներուն 40 առ հարիւրը կը զօրակցին Պայտընի առաջարկին, 27 առ հարիւրը անոր դէմ են, 40 առ հարիւրը կը կարծեն, որ առաջարկուող գործարքը պատերազմի աւարտին պիտի յանգեցնէ, 34 առ հարիւրին կարծիքով` Իսրայէլ պատերազմը պիտի շարունակէ, իսկ 42 առ հարիւրին կարծիքով` Իսրայէլ կարող է Կազայի մէջ Համասի իշխանութիւնը սահմանափակել:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի յայտնեց. «Գործարքի առաջարկը դրական կերպով ստացած ըլլալուն Համասի յայտարարութենէն ետք, Իսրայէլի պատասխանին կը սպասենք»:

«Կազայի մէջ իսրայէլեան զինուորական ներկայութիւնը մերժուած է միջազգային ընտանիքին մեծամասնութեան կողմէ, եւ Համասին ու Իսրայէլին կոչ կ՛ուղղենք` ընդունելու զինադադարի ծրագիրը», շեշտեց Շուքրի:

«Կազայի հետ Եգիպտոսի սահմանային Ռաֆահ անցակէտին վրայ իսրայէլեան ներկայութեան մերժումը յստակ է», նշեց ան` աւելցնելով. «Ռաֆահի անցակէտը դժուար է գործարկել առանց պաղեստինեան վարչութեան մը հետ համակարգում կատարելու»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Անգարայի մէջ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդակցական ժողովի ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Պէտք է զսպել Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կոչուած այս արիւնի ծարաւ բարբարոսը, որ մեր շրջանն ու ամբողջ աշխարհը աղէտի մէջ կը ներքաշէ»:

«Թուրքիան բոլոր հարթակներուն վրայ կ՛ընդդիմանայ 76 տարիէ ի վեր շարունակուող բռնաճնշումին, ջարդերուն եւ անիրաւութեան, եւ իր բոլոր կարելիութիւններով կը կանգնի պաղեստինցի ժողովուրդին կողքին», ըսաւ ան:

Ըստ Էրտողանի, Համասի եւ պաղեստինցիներուն կատարածը «հերոսական պայքար է, որուն ճամբով անոնք ոչ միայն իրենց հողերը կը պաշտպանեն, այլ նաեւ Անատոլուն, Աւետեաց երկրի ցնորքին դէմ»:

Ան նաեւ ըսաւ. «Թուրքիան չի կրնար խաղաղութիւն վայելել եւ ապահով զգալ, եթէ հիւսիսային Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութիւն արտադրող ճահիճները չչորնան»:

Նախորդը

Վրաստանի Մէջ «Օտարերկրեայ Գործակալներու Մասին» Վիճայարոյց Օրէնքը Մտաւ Ուժի Մէջ

Յաջորդը

«Պէտք Է Հիւսիսի Մէջ Արշաւ Շղթայազերծել Եւ Հըզպալլան Ու Հարաւային Լիբանանի Բնակիչները Լիթանիէն Անդին Վտարել» Կ՛ըսէ Իսրայէլի Կրթութեան Նախարարը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?