Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Նուրմակոմետովին Խոստացած Է Դադրեցնել Պաղեստինի Մէջ Պատերազմը

June 4, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ալթիմէյթ Ֆայթինք Չամփիընշիփ»-ի նախկին ախոյեան տաղստանցի Խապիպ Նուրմակոմետովին խոստացած է դադրեցնել Պաղեստինի մէջ պատերազմը:

Անոնց հանդիպումը տեղի ունեցած է կիրակի երեկոյեան` Իսլամ Մախաչովի եւ Տասթին Փուարիէի մենամարտին ժամանակ:

Նուրմակոմետով զրուցած է Թրամփի հետ, որ դահլիճի մէջ ներկայ եղած է իբրեւ հանդիսատես: «Էքս» ընկերային ցանցին վրայ անոնց երկխօսութեան տեսանիւթը հրապարակած է «Էմ.Էմ.Էյ.»-ի նախկին մարտիկ եւ պլոկըր Թամ Խան:

«Ես գիտեմ, որ դուք պիտի դադրեցնէիք Պաղեստինի մէջ պատերազմը», ըսած է Նուրմակոմետով:

«Մենք պիտի կանգնեցնենք ատիկա, ես պիտի կանգնեցնեմ», պատասխանած է Թրամփ:

Միւս կողմէ, Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ 2 յունիսին տեղի ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ պատրաստ է գաղտնազերծել 11 սեպտեմբեր 2001 թուականի ահաբեկչութիւններուն առնչուած փաստաթուղթերը, եթէ նախագահական ընտրութեան ընթացքին յաղթէ:

Բացի ատկէ, ան պատրաստակամութիւն յայտնած է հրապարակելու փաստաթուղթեր 1963 թուականին Միացեալ Նահանգներու 35-րդ նախագահ Ճոն Քենետիի սպանութեան, ինչպէս նաեւ կիներ, ներառեալ անչափահաս, սեռական շահագործման ենթարկելու համար մեղադրուած եւ բանտի մէջ անձնասպանութիւն գործած միլիառատէր Ճեֆրի Էփշթայնի գործին վերաբերեալ:

Անոր համաձայն, ատիկա պիտի կատարուի ամերիկեան կառոյցներու նկատմամբ կորսուած վստահութիւնը վերականգնելու համար:

Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 5 նոյեմբեր 2024-ին: Ընտրութեան հիմնական մրցակիցներն են պետութեան ներկայ ղեկավար, դեմոկրատական Ճօ Պայտընն ու նախկին նախագահ, հանրապետական Թրամփը:

 

 

Նախորդը

Զելենսքի. «Շնորհակալութիւն Պայտընին Թշնամիի Տարածքը Ամերիկեան Զէնքով Հարուածելու Կարեւոր Որոշումին Համար»

Յաջորդը

Թեհրանի Մէջ Չինաստանի Դեսպանը Կանչուած Է Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

RelatedPosts

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն  Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին.  Համաձայնութիւն Եռակողմ  Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր  Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ
Գլխաւոր լուրեր

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին. Համաձայնութիւն Եռակողմ Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ

November 13, 2026
Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ  Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»
Միջազգային

Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»

November 13, 2026
Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին.  Եւրոպական Միութեան Մէջ Կը Դիտարկեն Քալլասը  Դիւանագիտական Ծառայութեան Ղեկավարի  Լիազօրութիւններէն Զրկելու Կարելիութիւնը
Միջազգային

Քալլաս. «Միացեալ Նահանգները Չեն Կրնար Ռուսիոյ Դէմ Եւրոպական Պատժամիջոցներու Վերացման Շուրջ Բանակցութիւններ Վարել»

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.