Էլիզէի պալատը յայտարարեց. «Նորմանտիի ցամաքահանման 80-ամեակին նուիրուած վեց յունիսին նախատեսուած տօնակատարութեան ներկայ գտնուելու հրաւէր չուղղուեցաւ` Ուքրանիոյ դէմ անոր թշնամական պատերազմին պատճառով»:
«Ռուսական պատուիրակութիւն մը ներկայ պիտի չըլլայ, եւ այդ վճռորոշ մասնակցութեան գովասանքը, 6 յունիսի տօնակատարութեան ծիրին մէջ, պիտի կատարուի տարբեր պաստառներու ճամբով, եւ մասնաւորաբար Ֆրանսայի մէջ գերեզմանոցներու մէջ, ուր թաղուած են ռուս զինուորները»:
Կազմակերպիչ յանձնախումբը, սակայն, նշեց, որ Ռուսիան այլ մակարդակով, արեւելեան ճակատին վրայ Խորհրդային Միութեան մասնակցութեան անունով պիտի հրաւիրուի:
Ձեռնարկներուն պիտի մասնակցին տասնեակ մը երկիրներու ղեկավարներ, ներառեալ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 2014-ին մասնակցած էր Նորմանտիի ցամաքահանման 70-ամեակի տօնակատարութեան, եւ այդ ժամանակ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Ուքրանիոյ այդ ժամանակուան ղեկավարներուն հետ ձեւաւորած էր «Նորմանտական ձեւաչափ»-ը, որուն նպատակն էր լուծել Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ տագնապը:


