Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց. «Գոյութիւն ունի պատճառ մը, որ մարդոց կը մղէ եզրակացնելու, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր քաղաքական գոյութիւնը պահպանելու համար աշխատանք կը տանի պատերազմը երկարաձգելու»:
Պայտըն ամերիկեան «Թայմ» պարբերաթերթին յայտնեց. «Նեթանիահու պատանդներու հարցով հսկայական ճնշումներու կ՛ենթարկուի, ուստի ան պատրաստ է զանոնք վերադարձնելու համար որեւէ բան ընելու»:
«Պէտք է երկու պետութիւններու լուծումին անցում ըլլայ, եւ այդ է Նեթանիահուի հետ իմ մեծագոյն տարակարծութիւնս», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Նեթանիահուի հետ մեծագոյն տարակարծութիւնս Կազայի մէջ պատերազմէն ետք տեղի պիտի ունենայ, իսկ Համաս գործարքի չգործադրուելուն պատասխանատուութիւնը կը կրէ, եւ կրնայ այդ հարցը վաղը իսկ աւարտել», ըսաւ ան:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկուշաբթի օր յայտարարած էր. «Մենք բացարձակ կերպով վստահ ենք, որ Իսրայէլ համաձայն է զինադադարի առաջարկին»:
Պայտըն նաեւ շեշտեց. «Մենք Միջազգային քրէական դատարանը չենք ճանչնար»:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի յայտարարեց. «Ստանձնեցինք իսրայէլեան առաջարկ մը, որ կ՛արտացոլէ Պայտընի նշած սկզբունքները, եւ զայն մեր կարգին յանձնեցինք Համասին»:
«Փաստաթուղթը այժմ երկու կողմերուն աւելի մօտիկ դիրքորոշումներ կը բովանդակէ», ըսաւ ան` նշելով. «Մեր առաւելագոյն ջանքը կը թափենք համաձայնութեան հասնելու համար վերջին շտկրտումները կատարելու»:
Անսարի նախքան այդ յայտնեց, որ «մինչեւ հիմա իսրայէլեան եւ պաղեստինեան կողմերէն Պայտընի առաջարկին վերաբերեալ յստակ կեցուածքներ չկան»` նշելով. «Տեսակապով երէկ գումարուած հնգակողմ ժողովը յարձակումի դադրեցման եւ բռնագրաւողին հեռացման կարեւորութիւնը շեշտեց»:
Նշենք, որ Սէուտական Արաբիոյ, Յորդանանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարները երկուշաբթի երեկոյեան տեսակապով ժողով մը գումարած էին` կոչ ուղղելով «լրջութեամբ ու դրական կերպով ընկալելու» Պայտընի առաջարկը: Վերջինս երկուշաբթի օր նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Քաթարի իշխանը յորդորած էր Համասի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի ընդունի Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութիւնը:
Ամերիկեան իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուցած են բանաձեւ մը, որ կը զօրակցի Պայտընի առաջարկին: ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լինտա Թամըն Կրինֆիլտ յայտնեց. «Շարք մը ղեկավարներ եւ կառավարութիւններ, ներառեալ շրջանէն պատասխանատուներ, զօրակցեցան այս ծրագիրին»:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ նախագիծը կ՛ողջունէ 31 մայիսին յայտարարուած նոր համաձայնութիւնը եւ Համասին կոչ կ՛ուղղէ` «զայն ամբողջովին ընդունելու եւ անոր պայմանները առանց ուշացումի կամ նախապայմաններու գործադրելու»:


