Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեհրանի Մէջ Չինաստանի Դեսպանը Կանչուած Է Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

June 4, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թեհրանի մէջ Չինաստանի դեսպանը կանչուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն` անոր բողոքագիր յանձնելու Արաբական ծոցին մէջ Իրանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ վիճելի տարածքներ նկատուող երեք կղզիներու պատկանելիութեան վերաբերեալ Փեքինի դիրքորոշման դէմ: Այս մասին հաղորդեց իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը:

Վիճելի երեք կղզիներուն մասին յիշատակուած է Չինաստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միացեալ յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահի Փեքին կատարած այցելութեան աւարտին:

Չինաստանի դեսպանին հետ հանդիպումի ժամանակ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական եւ Պարսից ծոցի բաժանմունքի գլխաւոր տնօրէն Մոհամետ Ալիպեք յիշեցուցած է Իրանի եւ Չինաստանի միջեւ առանձնայատուկ յարաբերութիւնները` ընդգծելով երկիրներու գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքի` իբրեւ միջազգային յարաբերութիւններու ծանօթ եւ հիմնարար սկզբունք, առաջնահերթութիւնը:

Ալիպեք յայտնած է, որ, հաշուի առնելով երկու երկիրներու ռազմավարական համագործակցութիւնը, կ՛ակնկալուի, որ այս հարցին մէջ Չինաստանի կառավարութիւնը սրբագրէ իր դիրքորոշումը:

Չինաստանը միացեալ յայտարարութեան մէջ աջակցութիւն յայտնած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու` միջազգային օրէնքին համապատասխան երկկողմանի բանակցութիւններու միջոցով վիճելի երեք կղզիներու խնդիրի խաղաղ լուծման հասնելու համար ջանքերուն:

 

 

Նախորդը

Թրամփ Նուրմակոմետովին Խոստացած Է Դադրեցնել Պաղեստինի Մէջ Պատերազմը

Յաջորդը

Մեքսիքան Իր Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Կին Մը Ընտրեց Նախագահ

RelatedPosts

Թրամփ Մերժած Է Հորմուզի Նեղուցը Վերաբանալու Իրանի Առաջարկը
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Մերժած Է Հորմուզի Նեղուցը Վերաբանալու Իրանի Առաջարկը

September 28, 2026
Փարիզի Մէջ Աւելի Քան 600 Հազար Մարդ Մասնակցեցաւ Հռոմի Պապի Պատարագին
Միջազգային

Փարիզի Մէջ Աւելի Քան 600 Հազար Մարդ Մասնակցեցաւ Հռոմի Պապի Պատարագին

September 28, 2026
Հզօր Պայթում` Աթէնքի Զբօսաշրջային Կեդրոնին Մէջ. Առնուազն Երկու Մարդ Զոհուած Է
Միջազգային

Հզօր Պայթում` Աթէնքի Զբօսաշրջային Կեդրոնին Մէջ. Առնուազն Երկու Մարդ Զոհուած Է

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.