Միջազգային

Ռուսիոյ Քուրսք, Պրիանսք Եւ Պելկորոտ Շրջաններուն Մէջ Հակաահաբեկչական Գործողութեան Դրութիւն Հաստատուեցաւ

Ռուսիոյ Քուրսք, Պրիանսք Եւ Պելկորոտ Շրջաններուն Մէջ Հակաահաբեկչական Գործողութեան Դրութիւն Հաստատուեցաւ

Ռուսիոյ Քուրսքի, Պրիանսքի եւ Պելկորոտի շրջաններուն մէջ հաստատուած է հակաահաբեկչական գործողութեան դրութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Ազգային հակաահաբեկչական կոմիտէին: «Քաղաքացիներու անվտանգութիւնը ապահովելու եւ թշնամիի ներթափանցման ու հետախուզական ուժերու կողմէ ահաբեկչական գործողութիւններու սպառնալիքները ճնշելու համար Ազգային հակաահաբեկչական կոմիտէի նախագահ, Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէն Ալեքսանտր Պորթնիքով որոշած է 9 օգոստոս 2024-էն հակաահաբեկչական գործողութիւններու գործադրութիւնը կազմակերպել Պելկորոտի, Պրիանսքի...

«Ինքնապաշտպանութեան Իրաւունքը Ունինք, Եւ Ատիկա Կազայի Մէջ Զինադադարին Հետ Կապ Չունի» Կ՛ըսէ ՄԱԿԻ-ի Մէջ Իրանի Ներկայացուցիչը

«Ինքնապաշտպանութեան Իրաւունքը Ունինք, Եւ Ատիկա Կազայի Մէջ Զինադադարին Հետ Կապ Չունի» Կ՛ըսէ ՄԱԿԻ-ի Մէջ Իրանի Ներկայացուցիչը

ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի ներկայացուցիչ Սայիտ Իրաւանի յայտարարեց. «Ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը ունինք, եւ ատիկա Կազայի մէջ զինադադարին հետ կապ չունի»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Իրան իր պատասխանը յառաջիկայ շաբաթ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման շուրջ նախատեսուած բանակցութիւններէն ետք պիտի յետաձգէ՞, եւ արդեօք Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ պատգամներու փոխանակման խողովակներ գոյութիւն ունի՞ն, Իրաւանի ըսաւ. «Կազայի մէջ մնայուն զինադադարը մեր առաջնահերթութիւնն է, եւ որեւէ...

Փեզեշքիան Կ՛առաջարկէ Հարուածել Ազրպէյճանի Մէջ Իսրայէլեան Ռազմակայանները

Փեզեշքիան Կ՛առաջարկէ Հարուածել Ազրպէյճանի Մէջ Իսրայէլեան Ռազմակայանները

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան առաջարկած է թիրախաւորել Իրանի դրացի երկիրներուն մէջ իսրայէլեան գաղտնի ռազմակայանները: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Թելեկրաֆ»-ը: «Փեզեշքիան մտավախութիւն ունի, որ Իսրայէլի վրայ որեւէ ուղղակի յարձակում լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ», ըսած է Իրանի նախագահին մօտ կանգնած աղբիւրը: «Սեպահը (Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը) շատ յամառ է Իսրայէլը թիրախաւորելու հարցին մէջ, եւ անոնք կը կարծեն, որ ատիկա դիւրին է», «Թելեկրաֆ»-ին...

Փեզեշքիան Խորհրդարանին Ներկայացուց Իր Կառավարութեան Կազմը

Փեզեշքիան Խորհրդարանին Ներկայացուց Իր Կառավարութեան Կազմը

Իրանի խորհրդարանը երէկ յայտարարեց, որ ստանձնած է նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի կողմէ առաջարկուած կառավարութեան կազմը: Առաջարկուած անուններուն շարքին են Իսմայիլ Խաթիպը` իբրեւ անվտանգութեան նախարար, Ապպաս Արաքժին` արտաքին գործոց նախարար, Ազիզ Նասիրզատէն` պաշտպանութեան նախարար, եւ Իսքանտար Մուըմինին` ներքին գործոց նախարար: Կին մը` Ֆերզանա Սատեք առաջարկուած է իբրեւ ճամբաներու եւ քաղաքաշինութեան նախարար: Իրանի քաղաքական հարցերով փոխնախագահ Մոհամետ Ժաաֆար երկու օր առաջ յայտարարած էր,...

Քանի. «Սիոնականներուն Կը Յորդորեմ Կազայի Փոսէն Լիբանանի Ջրհոր Չփոխադրուիլ»

Քանի. «Իրան Իսրայէլեան Գոյացութեան Յարձակումին Համար Օրինական Եւ Վճռական Կերպով Գին Վճարել Պիտի Տայ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաքերի Քանի Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Հաժէ Լահպիպի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտեց, որ Իրան «մտադիր է իսրայէլեան գոյացութեան Թեհրանի մէջ Իսմայիլ Հանիէի ահաբեկման համար գին վճարել տալ»: Այս մասին հաղորդեց իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը: «Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը իր ազգային անվտանգութիւնը, հողերու անվտանգութիւնն ու ազգային գերիշխանութիւնը պաշտպանելու համահունչ կերպով, եւ հիմնուելով միջազգային օրէնքին եւ...

Ապպաս Վաղը Հանդիպում Պիտի Ունենայ Փութինի Հետ

Ապպաս Վաղը Հանդիպում Պիտի Ունենայ Փութինի Հետ

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս 12-14 օգոստոսին պիտի այցելէ Մոսկուա, իսկ 13 օգոստոսին պիտի հանդիպի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է Ռուսիոյ մէջ Պաղեստինի դեսպան Ապտելհաֆիզ Նոֆալը: «Նախագահը կը հասնի 12 օգոստոսի երեկոյեան: Երեքշաբթի կը սպասուի հանդիպում նախագահ Փութինի հետ, իսկ մինչ այդ, Մահմուտ Ապպասը ծաղիկներ պիտի դնէ Ակնյայտ զինուորի շիրիմին: Ի հարկէ, հանդիպում...

Թրամփ. «Եթէ Իշխանութիւնը Յառաջիկայ 4 Տարուան Համար Չստանձնեմ, Մեր Երկրին Կացութիւնը Շատ Դժուար Պիտի Ըլլայ»

Թրամփ. «Եթէ Իշխանութիւնը Յառաջիկայ 4 Տարուան Համար Չստանձնեմ, Մեր Երկրին Կացութիւնը Շատ Դժուար Պիտի Ըլլայ»

Հանրապետական կուսակցութեան Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան թեկնածու, Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ Մոնթանայի մէջ ընտրական հաւաքի մը ընթացքին յայտնեց. «Աշխատանք կը տանիմ, որ Միացեալ Նահանգներ անգամ մը եւս մեծ պետութիւն դառնան»: «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը եւ անոր տեղակալ Քամալա Հարիսը Միացեալ Նահանգներու մէջ քաոս պատճառեցին», ըսաւ Թրամփ: «Եթէ իշխանութիւնը յառաջիկայ 4 տարուան համար չստանձնեմ, մեր երկրին կացութիւնը շատ դժուար...

Քաթարը, Եգիպտոսն Ու Միացեալ Նահանգները Իսրայէլին Եւ Համասին Կոչ Կ՛ուղղեն` 15 Օգոստոսին Բանակցութիւնները Շարունակելու Տոհայի Կամ Գահիրէի Մէջ

Քաթարը, Եգիպտոսն Ու Միացեալ Նահանգները Իսրայէլին Եւ Համասին Կոչ Կ՛ուղղեն` 15 Օգոստոսին Բանակցութիւնները Շարունակելու Տոհայի Կամ Գահիրէի Մէջ

Քաթարը, Եգիպտոսն ու Միացեալ Նահանգները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեցին, որ ժամանակն է Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու եւ գերիները ազատ արձակելու գործարքի կնքումը իր աւարտին հասցնելու: Անոնք երկու կողմերուն կոչ ուղղեցին` 15 օգոստոսին մնացեալ բացերը կամրջելու համար բանակցութիւնները շարունակելու Տոհայի կամ Գահիրէի մէջ: Երեք երկիրներու ղեկավարներ շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի, Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ Ճօ Պայտընի կողմէ ստորագրուած...

«Ռուսիան Ուքրանիա Պատերազմ Բերաւ Եւ Պէտք Է Իր Ըրածը Զգայ» Կ՛ըսէ Զելենսքի

«Ռուսիան Ուքրանիա Պատերազմ Բերաւ Եւ Պէտք Է Իր Ըրածը Զգայ» Կ՛ըսէ Զելենսքի

Մինչ ուքրանական ուժերը կը շարունակեն Ռուսիոյ սահմանամերձ Քուրսք շրջան ներխուժել, Ուքրանիոյ վարչապետ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց, որ Ռուսիան Ուքրանիա «պատերազմ բերաւ» եւ պէտք է իր կատարածին հետեւանքները զգայ: «Ռուսիան պատերազմը մեր հողերուն բերաւ եւ պէտք է իր ըրածը զգայ», ըսաւ ան` առանց ուղղակի կերպով անդրադառնալու Քուրսքի մէջ` արձանագրուող զարգացումներուն: «Ուքրանացիները գիտեն ինչպէս իրենց նպատակները իրագործել: Մենք պատերազմին մէջ մեր նպատակներու իրագործումը...

Միացեալ Նահանգներն Ու Եւրոպական Միութիւնը Կը Դատապարտեն Նորվեկիոյ Դէմ Իսրայէլի Քայլը

Միացեալ Նահանգներն Ու Եւրոպական Միութիւնը Կը Դատապարտեն Նորվեկիոյ Դէմ Իսրայէլի Քայլը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Իսրայէլի մէջ Նորվեկիոյ դեսպանատան անձնակազմէն Պաղեստինեան իշխանութեան հետ յարաբերութիւններու պատասխանատու անդամներու դիւանագիտական կարգավիճակը չեղեալ յայտարարելը կը նկատէ անօգուտ քայլ` յիշեցնելով Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ Օսլոյի ջանքերը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր լրագրողներուն յայտնեց. «Չենք կարծեր, որ քայլերը, որոնք արգելք կը հանդիսանան անոնց այդ դերը կատարելու, օգտակար են»: Եւրոպական...

Քաթարը Եւ Թուրքիան Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղեն` Միջին Արեւելքի Մէջ Մագլցումը Արգիլելու

Քաթարը Եւ Թուրքիան Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղեն` Միջին Արեւելքի Մէջ Մագլցումը Արգիլելու

Թուրքիոյ նախագահական պալատի հաղորդակցութեան բաժանմունքը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հանդիպում ունեցած է աշխատանքային այցելութեամբ Անգարա գտնուող Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի հետ: Երկու կողմերը քննարկած են Թուրքիոյ եւ Քաթարի միջեւ յարաբերութիւնները, պաղեստինեան հողերուն վրայ իսրայէլեան յարձակումները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային զարգացումները: «Իսրայէլ Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէն սպաննելով...

Մեքսիքան Կը Մերժէ Փութինը Ձերբակալելու Ուքրանիոյ Խնդրանքը

Մեքսիքան Կը Մերժէ Փութինը Ձերբակալելու Ուքրանիոյ Խնդրանքը

«Մեքսիքայի գործող նախագահ Անտրես Մանուէլ Լոփես Օպրատոր մերժած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ձերբակալելու Ուքրանիոյ խնդրանքը` նշելով. «Մենք ատիկա չենք կրնար ընել: Ատիկա մեզմէ կախեալ չէ»: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Մեքսիքոյի մէջ Ուքրանիոյ դեսպանատունը Մեքսիքայի կառավարութենէն խնդրած էր ձերբակալել Փութինը, եթէ ան 1 հոկտեմբերին Մեքսիքա գայ` երկրի նորընտիր նախագահ Քլաուտիա Շէյնպաումի երդման արարողութեան ներկայ գտնուելու:  

Օսթին Կոչ Կ՛ուղղէ` Կազայի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութիւն Գոյացնելու

Օսթին Կոչ Կ՛ուղղէ` Կազայի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութիւն Գոյացնելու

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի մամլոյ քարտուղար զօր. Փաթրիք Ռայտըր յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի հետ խօսեցաւ` ներկայացնելու համար ամերիկեան ուժերը պաշտպանելու, Իսրայէլը պաշտպանելու, եւ Իրանի, Հըզպալլայի ու Իրանի դաշնակից մնացեալ միլիսներուն կողմէ յարձակումը զսպելու համար շրջանին մէջ ամերիկեան զինուորական դիրքը ամրապնդելու նոր քայլերը»: «(Ամերիկեան) ուժերու այլ քայլերու շարքին երկու նախարարները քննարկեցին թեւաւոր...

Թրամփ. «Համաշխարհային Պատերազմի Շատ Մօտ Ենք Եւ Ունինք Ղեկավարներ, Որոնք Չեն Գիտեր Անոր Նկատմամբ Ինչպէ՛ս Վարուիլ»

Թրամփ. «Համաշխարհային Պատերազմի Շատ Մօտ Ենք Եւ Ունինք Ղեկավարներ, Որոնք Չեն Գիտեր Անոր Նկատմամբ Ինչպէ՛ս Վարուիլ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան հանրապետական թեկնածու, նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ ներկայիս տնտեսական եւ ապահովական գետնի վրայ կարելի ամէնէն վտանգաւոր կացութեան մէջ են եւ յառաջիկային պիտի դիմագրաւեն շատ վատ բաներ, որոնք 1929 թուականի տնտեսական մեծ անկումին նման բանի մը պիտի յանգեցնեն: «Մենք շատ մօտ ենք համաշխարհային պատերազմի մը եւ ունինք ղեկավարներ, որոնք չեն գիտեր անոր նկատմամբ ինչպէ՛ս վարուիլ»,...

Պայտըն. «Ուքրանիոյ Չաջակցիլը Բացարձակ Խելագարութիւն Է, Ատիկա Կը Հակասէ Միացեալ Նահանգներու Շահերուն»

Պայտըն. «Հիասթափուած Եմ Վրաստանի Կառավարութեան Հակաժողովրդավարական Քայլերէն»

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի ընկերային ցանցերու վրայ տարածած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընէն ստացած նամակը, որ յղուած է 2008 թուականի օգոստոսեան պատերազմի 16-րդ տարելիցին առիթով եւ կ՛արտայայտէ Միացեալ Նահանգներու «անսասան» աջակցութիւնը Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան: «Այս օրը մենք կը յիշենք Ռուսիոյ դաժան ներխուժման պատճառով սպաննուածները, վիրաւորները եւ ներքին տեղահանուածները, ինչպէս նաեւ ականատես կ՛ըլլանք Քրեմլինի մնայուն փորձին` ուժեղացնելու իր...

Նեթանիահու. «Կազայի Մէջ Պատերազմին Ընդլայնուելով Շրջանային Պատերազմի Վերածուիլը Ռիսք Մըն Է, Որուն Կը Գիտակցիմ, Սակայն Պատրաստ Եմ Զայն Մղելու»

Նեթանիահու. «Կազայի Մէջ Պատերազմին Ընդլայնուելով Շրջանային Պատերազմի Վերածուիլը Ռիսք Մըն Է, Որուն Կը Գիտակցիմ, Սակայն Պատրաստ Եմ Զայն Մղելու»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ամերիկեան «Թայմ» պարբերաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ 7 հոկտեմբերի յարձակումներուն համար եւ մեծապէս կը ցաւին, որ այդպիսի բան պատահեցաւ»: «Միայն Համասը չենք դիմակայեր, այլ նաեւ իրանեան ամբողջական առանցք մը, եւ պէտք է մենք մեզ կազմակերպենք աւելի լայն տարողութեամբ պաշտպանուելու: Կազայի մէջ մեր նպատակը Համասի վրայ վճռական յաղթանակ արձանագրելն է, որպէսզի կռիւի աւարտին ան...

Սպիտակ Տուն. «Միացեալ Նահանգներ Մտադիր Են Քիեւէն Բացատրութիւններ Խնդրել Քուրսքի Շրջանին Մէջ Տեղի Ունեցող Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ»

Սպիտակ Տուն. «Միացեալ Նահանգներ Մտադիր Են Քիեւէն Բացատրութիւններ Խնդրել Քուրսքի Շրջանին Մէջ Տեղի Ունեցող Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ»

Միացեալ Նահանգներ մտադիր են Քիեւէն բացատրութիւններ խնդրել Քուրսքի շրջանին մէջ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու յարձակումին վերաբերեալ: Այս մասին յայտնեց Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի: «Վերջին բանը, որ կ՛ուզէի աւելցնել, այն է, որ մենք մտադիր ենք կապ հաստատել մեր ուքրանացի գործընկերներուն հետ` աւելի լաւ հասկնալու համար, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է», ըսաւ Քըրպի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:...

Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Հանիէի Ահաբեկումը Կը Նկատէ Իրանի Գերիշխանութեան Լկտի Ոտնահարում

Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Հանիէի Ահաբեկումը Կը Նկատէ Իրանի Գերիշխանութեան Լկտի Ոտնահարում

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ուալի Խարիժի յայտնեց, որ պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի Թեհրանի մէջ ահաբեկումը Իրանի գերիշխանութեան «լկտի ոտնահարում» է: Խարիժի Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան Ժետտայի արտակարգ ժողովին ընթացքին, Հանիէի Իրանի մայրաքաղաքին մէջ 31 յուլիսի սպանութեան վերաբերեալ Սէուտական Արաբիոյ առաջինը եղող մեկնաբանութեան մէջ ըսաւ, որ թագաւորութիւնը «երկիրներու գերիշխանութեան վրայ որեւէ յարձակում կամ որեւէ պետութեան ներքին գործերուն...

Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութիւնը Հանիէի Ահաբեկումը Իրանի Գերիշխանութեան Վրայ Յարձակում, Իսկ Իսրայէլը Ամբողջովին Պատասխանատու Կը Նկատէ

Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութիւնը Հանիէի Ահաբեկումը Իրանի Գերիշխանութեան Վրայ Յարձակում, Իսկ Իսրայէլը Ամբողջովին Պատասխանատու Կը Նկատէ

Իսլամական համագործակցութեան խորհուրդը Ժետտայի մէջ իր գումարած ժողովին աւարտին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախկին ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի Թեհրանի մէջ ահաբեկումը` նշելով. «Մենք Իսրայէլը ամբողջովին պատասխանատու կը նկատենք այս յարձակումին Համար»: «Հանիէի ահաբեկումը յարձակումի ոճիր եւ միջազգային օրէնքի բացայայտ խախտում մըն է», նշեց ժողովը` աւելցնելով. «Հանիէի ահաբեկումը Իրանի գերիշխանութեան,  շրջանային անվտանգութեան եւ անոր անվտանգութեան վրայ յարձակում է»:...

Յորդանան Իրանին Յայտնած Է, Որ Կը Մերժէ Որեւէ Նպատակով Իր Օդային Տարածքի Օգտագործումը

Յորդանան Իրանին Յայտնած Է, Որ Կը Մերժէ Որեւէ Նպատակով Իր Օդային Տարածքի Օգտագործումը

«Նիւ Եորք Թայզմ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Յորդանանի հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մուհանատ Մուպայտի, ակնարկելով Իսրայէլի դէմ սպասուող իրանեան հակադարձութեան, յայտնած է. «Թեհրանին յայտնեցինք, որ մեր օդային տարածքի որեւէ նպատակով օգտագործումը պիտի չարտօնենք»: Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի 4 օգոստոսին այցելեց Թեհրան, ուր հանդիպում ունեցաւ իրանցի պաշտօնատարներու հետ: «Թեհրան չեմ եկած Իսրայէլէն կամ անոր ուղղուած նամակով», ըսաւ աւ` նշելով. «Իրանցի պաշտօնակիցս`...

Page 140 of 882 1 … 139 140 141 … 882

Արխիւներ