Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանի. «Իրան Իսրայէլեան Գոյացութեան Յարձակումին Համար Օրինական Եւ Վճռական Կերպով Գին Վճարել Պիտի Տայ»

August 12, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաքերի Քանի Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Հաժէ Լահպիպի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտեց, որ Իրան «մտադիր է իսրայէլեան գոյացութեան Թեհրանի մէջ Իսմայիլ Հանիէի ահաբեկման համար գին վճարել տալ»: Այս մասին հաղորդեց իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը:

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը իր ազգային անվտանգութիւնը, հողերու անվտանգութիւնն ու ազգային գերիշխանութիւնը պաշտպանելու համահունչ կերպով, եւ հիմնուելով միջազգային օրէնքին եւ ՄԱԿ-ի կանոնագիրին վրայ, օրինական ու վճռական արարքի ճամբով նախայարձակ իսրայէլեան գոյացութեան իր յարձակումին գինը վճարել պիտի տայ», ըսաւ Քանի:

Լահպիպ իր կարգին յայտնեց. «Պրիւքսել մտահոգ է շրջանին մէջ կացութեան վատթարացումով»: Ան աջակցութիւն յայտնեց «պաղեստինցի ժողովուրդի իր ապագան որոշելու իրաւունքին» եւ դատապարտեց իսրայէլեան բնակեցման վայրերու կառուցումը:

Լահպիպ շեշտեց Կազայի մէջ անմիջապէս զինադադար հաստատելու կարեւորութիւնը եւ նշեց, որ շրջանին մէջ կացութեան վատթարացումը նկատի ունենալով պէտք է բոլոր կողմերը առաւելագոյն չափով ինքնազսպում ցուցաբերեն: Այս առումով նշուեցաւ, որ պէտք է Թեհրանի եւ Պրիւքսելի միջեւ խորհրդակցութիւնները շարունակել:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքր Քալիպաֆ նշեց. «Ըստ գերագոյն հոգեւոր պատ սէյիտ Ալի Խամենէիի ցուցմունքներուն մեր հողերուն վրայ նահատակուած Իսմայիլ Հանիէի վրէժը լուծելը կը նկատենք կրօնական եւ ազգային պարտաւորութիւն մը»:

«Կազայի մէջ Թապիին դպրոցի ջարդը անգամ մը եւս փաստեց, որ սիոնականները միայն ուժի լեզուէն կը հասկնան», շեշտեց Քալիպաֆ:

Նախորդը

Ապպաս Վաղը Հանդիպում Պիտի Ունենայ Փութինի Հետ

Յաջորդը

Փեզեշքիան Խորհրդարանին Ներկայացուց Իր Կառավարութեան Կազմը

RelatedPosts

Այսօր Եւ Վաղը` Իսլամապատի Մէջ  Մեքքայի Դաշնագիրին Շուրջ Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Եւ Վաղը` Իսլամապատի Մէջ Մեքքայի Դաշնագիրին Շուրջ Ժողով

November 27, 2026
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները  «Խորապէս Մտահոգուած Են» Հայ-Ազրպէյճանական  Սահմանին Վերջին Դէպքերով
Գլխաւոր լուրեր

Կոչ` Արգելակելու Ազրպէյճանի Հաւանական Թեկնածութիւնը ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահի Պաշտօնին

November 27, 2026
Թրամփ Եւ ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը  Ռուսիոյ Կոչ Կ՛ուղղեն` Ուքրանիոյ  «Պատերազմը Չընդլայնելու»
Միջազգային

Թրամփ Եւ ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Ռուսիոյ Կոչ Կ՛ուղղեն` Ուքրանիոյ «Պատերազմը Չընդլայնելու»

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։