Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներն Ու Եւրոպական Միութիւնը Կը Դատապարտեն Նորվեկիոյ Դէմ Իսրայէլի Քայլը

August 10, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Իսրայէլի մէջ Նորվեկիոյ դեսպանատան անձնակազմէն Պաղեստինեան իշխանութեան հետ յարաբերութիւններու պատասխանատու անդամներու դիւանագիտական կարգավիճակը չեղեալ յայտարարելը կը նկատէ անօգուտ քայլ` յիշեցնելով Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ Օսլոյի ջանքերը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր լրագրողներուն յայտնեց. «Չենք կարծեր, որ քայլերը, որոնք արգելք կը հանդիսանան անոնց այդ դերը կատարելու, օգտակար են»:

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել դատապարտեց «իսրայէլեան անարդարանալի քայլը»` նշելով. «Այդ անարդարանալի քայլը կը հակասէ Օսլոյի համաձայնութիւններու ոգիին եւ անպատշաճ կերպով կը խոչընդոտէ Պաղեստինեան իշխանութեան հետ բնական յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը»:

Նշենք, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց հինգշաբթի օր յայտարարեց, որ հրամայած է ջնջել Պաղեստինեան իշխանութեան հետ յարաբերութիւններու պարտականութիւն ունեցող նորվեկիացի դիւանագէտներու դիւանագիտական կարգավիճակը` նորվեկիական կառավարութեան կողմէ Կազայի պատերազմի սկիզբէն ի վեր «Իսրայէլի նկատմամբ թշնամական» քայլերուն պատճառով:

«Իսրայէլի նկատմամբ թշնամական վարմունքը իր գինը ունի», աւելցուց ան:

Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսփըն Պարթ Իտէ արձագանգելով Իսրայէլի քայլին նշեց, որ «ասիկա ծայրայեղական արարք մըն է, որ պաղեստինցի ժողովուրդին օգնելու մեր կարողութեան վրայ կ՛ազդէ»` աւելցնելով, որ Իսրայէլի որոշումը «հետեւանքներ» պիտի ունենայ Նեթանիահուի կառավարութեան հետ Նորվեկիոյ յարաբերութեան վրայ:

«Մենք կը սերտենք այն քայլերը, զոր Նորվեկիան պիտի որդեգրէ հակադարձելու Նեթանիահուի կառավարութեան ստեղծած կացութեան», նշեց նորվեկիական դիւանագիտութեան պետը:

Նախորդը

Քաթարը Եւ Թուրքիան Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղեն` Միջին Արեւելքի Մէջ Մագլցումը Արգիլելու

Յաջորդը

«Ռուսիան Ուքրանիա Պատերազմ Բերաւ Եւ Պէտք Է Իր Ըրածը Զգայ» Կ՛ըսէ Զելենսքի

RelatedPosts

Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Թրամփի Հետ  Հանդիպում Ունենալու»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Թրամփի Հետ Հանդիպում Ունենալու»

September 24, 2026
Նիւ Եորքի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան  «Յաջող Քննարկումներ»
Գլխաւոր լուրեր

Նիւ Եորքի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան «Յաջող Քննարկումներ»

September 24, 2026
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփի Գլխաւորած Խաղաղութեան Խորհուրդը  Կազայի Վերականգնման 2,45 Միլիառ Տոլարի  Ծրագիր Պիտի Յայտարարէ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփի Գլխաւորած Խաղաղութեան Խորհուրդը Կազայի Վերականգնման 2,45 Միլիառ Տոլարի Ծրագիր Պիտի Յայտարարէ

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.