Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օսթին Կոչ Կ՛ուղղէ` Կազայի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութիւն Գոյացնելու

August 10, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի մամլոյ քարտուղար զօր. Փաթրիք Ռայտըր յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի հետ խօսեցաւ` ներկայացնելու համար ամերիկեան ուժերը պաշտպանելու, Իսրայէլը պաշտպանելու, եւ Իրանի, Հըզպալլայի ու Իրանի դաշնակից մնացեալ միլիսներուն կողմէ յարձակումը զսպելու համար շրջանին մէջ ամերիկեան զինուորական դիրքը ամրապնդելու նոր քայլերը»:

«(Ամերիկեան) ուժերու այլ քայլերու շարքին երկու նախարարները քննարկեցին թեւաւոր հրթիռներէ պաշտպանութեան այլ յաւելեալ միջոցներու տեղակայումը եւ ամերիկեան «ԷՖ-22 Ռափթըրզ» օդանաւերու շրջան հասնիլը», ըսաւ Ռայտըրզ` իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Ան նաեւ նշեց. «Օսթին յստակ դարձուց, որ հակառակ անոր, որ պատերազմը անխուսափելի չէ, եւ մագլցումի կասեցումը աշխատանքի նախասիրուած ուղին է, սակայն Միացեալ Նահանգներ պիտի պաշտպանեն Իսրայէլը, եթէ յարձակումի ենթարկուի»:

Օսթին շեշտած է «կարեւորութիւնը Կազայի մէջ գոյացնելու զինադադարի համաձայնութիւն մը, որ կը յանգեցնէ գերիներու ազատ արձակման եւ Կազայի մէջ քաղաքայիններու մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրման»:

Միւս կողմէ, Օսթին ինք յայտնեց, որ կապ հաստատած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարին հետ` զինք ամերիկեան ուժերու դիրքաւորման բարեփոխումներէն տեղեակ պահելու եւ «Իսրայէլը պաշտպանելու իմ ուժեղ աջակցութիւնս ամրապնդելու համար»:

Ան նշեց. «Ամերիկեան «ԷՖ-22 Ռափթըրզ» օդանաւերը, որոնք այսօր շրջան հասան, կը ներկայացնեն յարձակումը զսպելու, Իսրայէլը եւ շրջանին մէջ ամերիկեան ուժերը պաշտպանելու շարք մը քայլերէն մէկը»:

«Նաեւ շեշտեցի կարեւորութիւնը Կազայի մէջ գոյացնելու զինադադարի համաձայնութիւն մը, որ կը յանգեցնէ գերիներու ազատ արձակման», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը:

Նախորդը

Թրամփ. «Համաշխարհային Պատերազմի Շատ Մօտ Ենք Եւ Ունինք Ղեկավարներ, Որոնք Չեն Գիտեր Անոր Նկատմամբ Ինչպէ՛ս Վարուիլ»

Յաջորդը

Մեքսիքան Կը Մերժէ Փութինը Ձերբակալելու Ուքրանիոյ Խնդրանքը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.