Միջազգային

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի.  Սընուար Միջնորդներուն Յայտնած Է,  Թէ Համասի Բանակցութիւններուն Մասնակցութիւնը  Կախեալ Է Իսրայէլի` Կազայի Մէջ Զինուորական  Գործողութիւններու Դադրեցումէն

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Սընուար Միջնորդներուն Յայտնած Է, Թէ Համասի Բանակցութիւններուն Մասնակցութիւնը Կախեալ Է Իսրայէլի` Կազայի Մէջ Զինուորական Գործողութիւններու Դադրեցումէն

Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Եահիա Սընուար միջնորդներուն յղած է պատգամ մը, որուն մէջ յայտնած է, որ եթէ Իսրայէլ բանակցութիւններուն նկատմամբ լուրջ է եւ անոնց Համասի մասնակցութիւնը կ՛ուզէ, ապա պէտք է նախ եւ առաջ դադրեցնէ Կազայի մէջ իր զինուորական գործողութիւնները: Ըստ օրաթեթին, Սընուար պատգամը արաբ միջնորդներուն փոխանցած է երկուշաբթի երեկոյեան: «Ուաշինկթըն Փոսթ» կը...

Սթարմըր-Փեզեշքիան Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Սթարմըր-Փեզեշքիան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի գրասենեակը յայտարարեց, որ ան Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Իրանը յորդորած է Իսրայէլի վրայ յարձակում չգործելու, եւ «սպառնալիքներէն ետդարձ կատարելու»: Բրիտանիոյ վարչապետի բանբերը յայտնեց. «Վարչապետը յայտնեց, որ խորապէս մտահոգ է շրջանին մէջ կացութեան նկատմամբ, եւ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` մագլցումը վերահսկողութեան տակ առնելու եւ շրջանային դիմակայումը ընդլայնելէ խուսափելու»: Իրանի նախագահը իր կարգին շեշտեց....

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան  Բանբերը Չէ Հերքած Ազրպէյճանի Հետ  Տարակարծութիւններու Գոյութիւնը

«Թեհրան Մտադիր Է Իր Ազգային Անվտանգութիւնն Ու Գերիշխանութիւնը Պաշտպանել, Եւ Ոչ Ոքէ Արտօնութեան Կը Սպասէ» Կ՛ըսէ Քենաանի

«Թեհրան մտադիր է իր ազգային անվտանգութիւնն ու գերիշխանութիւնը պաշտպանել, եւ ոչ ոքէ արտօնութեան կը սպասէ», ըսաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի: Ան Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ Թեհրանէն Իսրայէլի վրայ յարձակում չգործելու կոչ ուղղող հաղորդագրութիւնը նկատեց «քաղաքական տրամաբանութենէ զուրկ եւ միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն հակասող»: «Սիոնական գոյացութեան ոճիրներուն առանց որեւէ մերժումի, եռեակը հաղորդագրութեան մը մէջ Իրանին անամօթաբար կը պահանջէ իր...

Ամերիկեան, Բրիտանական, Ֆրանսական,  Գերմանական Եւ Իտալական  Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Ամերիկեան, Բրիտանական, Ֆրանսական, Գերմանական Եւ Իտալական Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Միացեալ Նահանգները, Բրիտանիան, Ֆրանսան, Գերմանիան եւ Իտալիան միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին. «Կ՛աջակցինք Կազայի մէջ զինադադարի եւ պատանդներու ազատ արձակման համաձայնութեան հասնելու ջանքերուն եւ կը զօրակցինք Պայտընի, Սիսիի եւ Քաթարի իշխանի` բանակցութիւնները վերանորոգելու հրաւէրին»: «Կարիքը կայ Կազայի մէջ օժանդակութիւնները առանց սահմանափակումներու յանձնելու եւ ցրուելու», յայտնեցին հինգ երկիրները` նշելով. «Կորսնցնելու յաւելեալ ժամանակ չկայ, եւ բոլոր կողմերը պէտք է իրենց պարտաւորութիւնները կատարեն»:...

Փենթակոն. «Օսթին Կալանթին Յայտնեց,  Թէ Հրամայած Է Օդանաւակիր Մը Եւ Հեռակառավարուող  Հրթիռներով Զինուած Սուզանաւ Մը Շտապ  Կերպով Տեղափոխել Միջին Արեւելք»

Փենթակոն. «Օսթին Կալանթին Յայտնեց, Թէ Հրամայած Է Օդանաւակիր Մը Եւ Հեռակառավարուող Հրթիռներով Զինուած Սուզանաւ Մը Շտապ Կերպով Տեղափոխել Միջին Արեւելք»

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին իր իսրայէլացի պաշտօնատար Եոաւ Կալանթի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են Իսրայէլը պաշտպանելու համար որեւէ քայլ որդեգրելու: Հաղորդագրութեան համաձայն, Օսթին «շրջանային մագլցում արձանագրող լարուածութիւններու լոյսին տակ ամերիկեան ուժերու ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ դիրքաւորումն ու կարողութիւններու ամրապնդումը» նշած է: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան...

Կանց Իսրայէլի Մէջ Քաղաքացիական Պատերազմէ Կը Զգուշացնէ

Կանց Իսրայէլի Մէջ Քաղաքացիական Պատերազմէ Կը Զգուշացնէ

Իսրայէլեան Քնեսեթի անդամ, ընդդիմութեան ղեկավարներէն Պենի Կանց յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն «պիտի չըլլայ Մենահիմ Պեկինի պէս, որ իր ամէնէն դժուար պահուն քաղաքացիական պատերազմին ոչ ըսաւ», «իր կառավարութիւնը պիտի չզոհէ իսրայէլացիները պաշտպանելու համար» եւ պէտք եղածը պիտի չընէ քաղաքացիական պատերազմը կանխարգիլելու համար: «Եթէ ուշքի չգանք, ապա քաղաքացիական պատերազմ պիտի ըլլայ: Ճշմարտութիւնը թաքցնելը արգիլուած է», աւելցուց Կանց: «7 հոկտեմբերէն ի...

Փութին. «Միջին Արեւելքի Զարգացումները  Ռուսիոյ Ուշադրութենէն Դուրս Չեն»

Փութին. «Միջին Արեւելքի Զարգացումները Ռուսիոյ Ուշադրութենէն Դուրս Չեն»

Ռուսիոյ Նովօ-Օարիովօ շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Պաղեստինեան իշխանութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասի հանդիպումը: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: «Բոլորին քաջ յայտնի է, որ Ռուսիան, ցաւօք, այսօր պէտք է զէնքը ձեռքին պաշտպանէ իր շահերը եւ իր մարդիկը, սակայն այն, ինչ որ Միջին Արեւելքի եւ Պաղեստինի մէջ տեղի կ՛ունենայ, մեր կողմէ անուշադրութեան չէ մատնուած», ըսած է Փութին` Ապպասի...

Թրամփ. «Միջին Արեւելքի Մէջ Կացութիւնը  Կրնայ Համաշխարհային Երրորդ  Պատերազմի Առաջնորդել»

Թրամփ. «Միջին Արեւելքի Մէջ Կացութիւնը Կրնայ Համաշխարհային Երրորդ Պատերազմի Առաջնորդել»

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ, նախագահի պաշտօնին Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփ «Էքս» ընկերային ցանցին վրայ, ցանցի սեփականատէր Իլըն Մասքի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Միջին Արեւելքի մէջ կացութիւնը կրնայ համաշխարհային երրորդ պատերազմի առաջնորդել»: «Եթէ ես նախագահ ըլլայի, կարելի պիտի չըլլար, որ Իսրայէլ յարձակումի ենթարկուի», յայտնեց Թրամփ` աւելցնելով. «Բոլորը Իրանի կողմէ Իսրայէլի վրայ յարձակում կը սպասեն, սակայն իրանցիները յարձակում պիտի չգործեն»: «Կրնայի...

«Իսրայէլեան Հետախուզութեան Գնահատականին  Համաձայն, Իրանի Յարձակումը Կրնայ Հինգշաբթի Օր  Բանակցութիւններէն Առաջ Տեղի Ունենալ»  Կը Գրէ «Աքսիոս»

«Իսրայէլեան Հետախուզութեան Գնահատականին Համաձայն, Իրանի Յարձակումը Կրնայ Հինգշաբթի Օր Բանակցութիւններէն Առաջ Տեղի Ունենալ» Կը Գրէ «Աքսիոս»

Լաւատեղեակ երկու աղբիւրներ «Աքսիոս» կայքին յայտնած են. «Իսրայէլեան հետախուզութեան թարմացուած գնահատականը այն է, որ Իրան պատրաստ է Իսրայէլի վրայ ուղղակի յարձակում գործելու»: Աղբիւրները կ՛աւելցնեն. «Իսրայէլեան հետախուզութեան թարմացուած գնահատականը հաւանական կը նկատէ, որ Իրան իր յարձակումը քանի մը օրէն գործէ»: «Իսրայէլեան հետախուզութեան գնահատականը ցոյց կու տայ, որ Իրանի յարձակումը կրնայ հինգշաբթի օր նախատեսուած (Կազայի մէջ) զինադադարի բանակցութիւններէն առաջ տեղի ունենալ», նշեց...

Համաս. «Փոխանակ Բանակցութիւններու Նոր Փուլերու  Դիմելու, Ներկայացնել Ծրագիր Մը` Գործադրելու  Այն, Ինչին Մենք Համաձայն Գտնուած Էինք Յուլիսին»

Համաս. «Փոխանակ Բանակցութիւններու Նոր Փուլերու Դիմելու, Ներկայացնել Ծրագիր Մը` Գործադրելու Այն, Ինչին Մենք Համաձայն Գտնուած Էինք Յուլիսին»

Պաղեստինեան Համաս շարժումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ իսրայէլեան յարձակումի սկիզբէն ի վեր նախանձախնդիր եղած է յաջողցնելու «Եգիպտոսի եւ Քաթարի մէջ եղբայրական միջնորդներու զինադադարի համաձայնութեան հասնելու եւ մեր ժողովուրդին դէմ ցեղասպանական պատերազմին վերջ տալու ջանքերը»: Շարժումը ընդգծեց, որ կ՛աջակցի որեւէ ջանքի, որ յարձակումի դադրեցումը կ՛իրագործէ: Համաս նշեց, թէ Քաթար-Եգիպտոս-Միացեալ Նահանգներ եռակողմ հաղորդագրութեան յայտարարութենէն ետք «թշնամին սարսափելի ոճիր գործեց, ան ջարդ...

Փութին. «Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը  Պէտք Է Հակառակորդը Քուրսքի Շրջանէն Դուրս Մղէ»

Փութին. «Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Պէտք Է Հակառակորդը Քուրսքի Շրջանէն Դուրս Մղէ»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Նովօ-Օրայեւոյի մէջ հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պէտք է հակառակորդը դուրս մղէ Քուրսքի շրջանի տարածքէն: Քրեմլին հաղորդեց, որ նիստին կը մասնակցէին Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի, կառավարութեան անդամները, Ռուսիոյ նախագահի աշխատակազմի ներկայացուցիչներ, ուժային կառոյցներու ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ Պելկորոտի, Պրիանսքի եւ Քուրսքի շրջաններու ղեկավարները: Անոր կարծիքով` Քիեւ պիտի շարունակէ Ռուսիոյ սահմանամերձ շրջանները, ներառեալ Պրիանսքի շրջանը, ապակայունացնելու փորձերը:...

Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի Եւ Գերմանիոյ Ղեկավարներ.  «Բոլորին Հետ Աշխատանք Կը Տանինք  Մագլցումը Կանխարգիլելու»

Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի Եւ Գերմանիոյ Ղեկավարներ. «Բոլորին Հետ Աշխատանք Կը Տանինք Մագլցումը Կանխարգիլելու»

Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին. «Կ՛ողջունենք գործընկերներու Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ու գերիներու ազատ արձակման համաձայնութեան գոյացման համար աշխատանքը»: «Կռիւը պէտք է հիմա աւարտի, եւ Համասի մօտ պահուող բոլոր պատանդները պէտք է ազատ արձակուին», նշեցին անոնք: «Մենք բոլոր կողմերուն հետ աշխատանք կը տանինք մագլցումը կանխարգիլելու համար եւ որեւէ ջանք պիտի չխնայենք լարուածութիւնները հանդարտեցնելու ու Կազայի...

Փեքին Կը Զօրակցի Թեհրանի Իր Գերիշխանութիւնը,  Անվտանգութիւնն Ու Ազգային Արժանապատուութիւնը  Պաշտպանելու Իրաւունքին

Փեքին Կը Զօրակցի Թեհրանի Իր Գերիշխանութիւնը, Անվտանգութիւնն Ու Ազգային Արժանապատուութիւնը Պաշտպանելու Իրաւունքին

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաքերի Քանիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց. «Փեքին կը զօրակցի Թեհրանի իր գերիշխանութիւնը, անվտանգութիւնն ու ազգային արժանապատուութիւնը պաշտպանելու իրաւունքին»: Եի վերահաստատեց Փեքինի դատապարտումը պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի 31 յուլիսին Թեհրանի մէջ ահաբեկման: Ան նշեց, որ այդ յարձակումը ոտնահարեց Իրանի գերիշխանութիւնը եւ սպառնաց շրջանային կայունութեան:...

«Ոմանք Կը Փորձեն Միացեալ  Նահանգները Ներքաշել Ճահիճի Մէջ»  Կ՛ըսէ Զարիֆ

Իրանի Նոր Նշանակուած Փոխնախագահ Զարիֆ 10 Օր Պաշտօնավարելէ Ետք Հրաժարեցաւ

Իրանի ռազմավարական հարցերով նոր նշանակուած փոխնախագահ Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ, որ 2013-2021 թուականներուն վարած էր երկրի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը եւ կողմնակից եղած Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններուն, այդ պաշտօնին նշանակուելէն 10 օր ետք հրաժարած է: Զարիֆ «Էքս» ընկերային ցանցի գրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը այսօր 14-րդ կառավարութեան նախարարները ներկայացուց խորհրդարանին, եւ անոնց բոլորին ալ յաջողութիւն կը մաղթեմ»: «Բազմաթիւ...

Պայտըն. «Թրամփը Ամերիկեան  Անվտանգութեան Համար Իսկական  Սպառնալիք Է»

Պայտըն. «Թրամփը Ամերիկեան Անվտանգութեան Համար Իսկական Սպառնալիք Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն նախագահական ընտրապայքարէն դուրս գալէ ետք իր առաջին պատկերասփռուած զրոյցի ընթացքին նախազգուշացուցած է, որ հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփ «ամերիկեան անվտանգութեան համար իսկական սպառնալիք է»: «Յիշեցէ՛ք խօսքերս, եթէ ան ընտրութեան յաղթէ, տեսէք` ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ: Մենք համաշխարհային պատմութեան մէջ շրջադարձային կէտի վրայ ենք, եւ առանցքային կէտը ժողովրդավարութիւնն է», «Սի.Պի.Էս. Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Պայտըն:...

Պորել Կոչ Կ՛ուղղէ Սմոթրիչի  Եւ Պեն Ղաֆիրի Դէմ  Պատժամիջոցներ Հաստատելու

Պորել Կոչ Կ՛ուղղէ Սմոթրիչի Եւ Պեն Ղաֆիրի Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատելու

Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել կոչ ուղղեց` «իսրայէլացի նախարարներ Պեցալել Սմոթրիչի եւ Իթամար Պեն Ղաֆիրի դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու»: «Մինչ աշխարհը ճնշում կը բանեցնէ Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու, Պեն Ղաֆիր կոչ կ՛ուղղէ քաղաքայիններու վառելանիւթի եւ օժանդակութիւններու մատակարարումը դադրեցնելու», նշեց Պորել: «Նոյն է պարագային Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Սմոթրիչի չար յայտարարութիւններուն, որովհետեւ անոնք պատերազմի ոճիրներ գործելու խթանում են,...

«Հիումըն Ռայց Ուոչ» Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է  Անյապաղ Վերցնելու «Ինսթակրամ»-ի Արգելքը

«Հիումըն Ռայց Ուոչ» Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է Անյապաղ Վերցնելու «Ինսթակրամ»-ի Արգելքը

«Հիումըն Ռայց Ուոչ»-ը հրապարակած է յայտարարութիւն մը Թուրքիոյ մէջ «Ինսթակրամ» ընկերային կայքի արգելակման վերաբերեալ` կոչ ուղղելով անյապաղ վերցնելու ընկերային կայքի արգելքը: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ «Ինսթակրամ»-ի մուտքը ամբողջովին արգելակելով` թուրք պաշտօնատարները իրենց «կամայական որոշումներով» խախտած են միլիոնաւոր օգտատէրերու ազատութեան եւ տեղեկատուութիւն ստանալու իրաւունքը: «Միայն այն պատճառով, որ կառավարութիւնը անհամաձայնութիւն ունի հարթակի որոշակի բովանդակութեան հետ, երբեք չի կրնար պատճառ ըլլալ...

Վրաստանը Պատրաստ Է «Վերագործարկելու»  Միացեալ Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւները»

Վրաստանը Պատրաստ Է «Վերագործարկելու» Միացեալ Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւները»

Վրաստանը պատրաստ է «վերագործարկելու» Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները` երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդելու համար: Այս մասին «Էքս» ընկերային ցանցի վրայ յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ: «Ես հետաքրքրական հանդիպում ունեցայ ամերիկացի ծերակուտական Ճին Շահինի եւ քոնկրեսական Մայք Թըրնըրի հետ: Քննարկեցինք Միացեալ Նահանգներու եւ Վրաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններու զարգացումը. ես հաստատեցի Վրաստանի պատրաստակամութիւնը վերսկսելու եւ վերագործարկելու մեր յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը», գրած...

Կազայի Մէջ Դպրոցի Մը Վրայ Իսրայէլի Յարձակումին Բուռն Դատապարտանք

Կազայի Մէջ Դպրոցի Մը Վրայ Իսրայէլի Յարձակումին Բուռն Դատապարտանք

Իսրայէլ շաբաթ օր արշալոյսի նամազի ընթացքին յարձակում գործեց Կազայի մէջ Թապիին դպրոցին վրայ, որուն պատճառով արձանագրուեցան աւելի քան 100 զոհեր եւ բազմաթիւ վիրաւորներ: Իսրայէլեան բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով պնդեց, թէ իր օդուժը հետախուզական ցուցմունքով Թապիին դպրոցին մէջ հարուածած է Համաս շարժումին կողմէ իբրեւ հրամանատարական կեդրոն օգտագործուող վայր մը: «Յարձակում գործեցինք զինեալներու վրայ, որոնք կը գործէին քաղաքայիններու իբրեւ պատսպարան օգտագործուող դպրոցի...

Իսրայէլ Կազայի Մէջ Նոր Յարձակումի Կը Պատրաստուի

Իսրայէլ Կազայի Մէջ Նոր Յարձակումի Կը Պատրաստուի

Իսրայէլեան բանակը Կազայի հիւսիսային Խան Եունես քաղաքին մէջ թռուցիկներ բաժնած է` տեղւոյն բնակիչներուն կոչ ուղղելով տեղահանուելու: Իսրայէլեան բանակի տուեալներով` իսրայէլեան ուժերը կը պատրաստուին այդ տարածքին մէջ «ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ» գործողութեան սկսելու: Բնակիչները պէտք է մեկնին «մարդասիրական գօտի», որ կը գտնուի Խան Եունեսի հիւսիսը գտնուող Ալժալա շրջանին մէջ: Իսրայէլեան կողմը կը պնդէ, որ «ճշգրիտ հետախուզական տեղեկութեան համաձայն», Համաս այդ տարածքին մէջ...

Page 139 of 882 1 … 138 139 140 … 882

Արխիւներ