Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթարը Եւ Թուրքիան Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղեն` Միջին Արեւելքի Մէջ Մագլցումը Արգիլելու

August 10, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահական պալատի հաղորդակցութեան բաժանմունքը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հանդիպում ունեցած է աշխատանքային այցելութեամբ Անգարա գտնուող Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի հետ:

Երկու կողմերը քննարկած են Թուրքիոյ եւ Քաթարի միջեւ յարաբերութիւնները, պաղեստինեան հողերուն վրայ իսրայէլեան յարձակումները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային զարգացումները:

«Իսրայէլ Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէն սպաննելով անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, որ մտադիր չէ Կազայի մէջ զինադադար հաստատել», նշեց Էրտողան:

«Թուրքիան կը շարունակէ աշխատիլ հասնելու համար լուծումի մը, որ շրջանին մէջ տեւական խաղաղութիւն եւ հանդարտութիւն կը հաստատէ, եւ մտադիր է Քաթարի հետ գործակցելու` աւելցնելու համար այդ ուղղութեամբ արդիւնքներու իրագործման ձգտող ջանքերը», ըսաւ ան:

«Իսրայէլ պաղեստինեան հողերուն եւ Լիբանանի վրայ իր յարձակումներուն ճամբով կը ձգտի շրջանին մէջ լարուածութիւնը բարձրացնել», նշեց Էրտողան` շեշտելով. «Միջազգային ընտանիքը պէտք է ազդու քայլեր որդեգրէ վերջերս զօրացող իսրայէլեան յարձակումը դադրեցնելու համար»:

Էրտողան յայտնեց, որ իր երկիրը ամբողջովին պատրաստ է Քաթարի հետ գործակցութիւնը քաղաքական, զինուորական, առեւտրական, մշակութային եւ մասնաւորաբար տնտեսական ոլորտներուն մէջ աւելի բարձր մակարդակներու բարձրացնելու:

«Երկու երկիրներուն միջեւ միասնականութիւնը պիտի ամրապնդուի այն քայլերուն ճամբով, որոնք յառաջիկայ փուլին պիտի որդեգրուին», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը:

Նախորդը

Մեքսիքան Կը Մերժէ Փութինը Ձերբակալելու Ուքրանիոյ Խնդրանքը

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներն Ու Եւրոպական Միութիւնը Կը Դատապարտեն Նորվեկիոյ Դէմ Իսրայէլի Քայլը

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.