Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեզեշքիան Խորհրդարանին Ներկայացուց Իր Կառավարութեան Կազմը

Օգոստոս 12, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի խորհրդարանը երէկ յայտարարեց, որ ստանձնած է նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի կողմէ առաջարկուած կառավարութեան կազմը:

Առաջարկուած անուններուն շարքին են Իսմայիլ Խաթիպը` իբրեւ անվտանգութեան նախարար, Ապպաս Արաքժին` արտաքին գործոց նախարար, Ազիզ Նասիրզատէն` պաշտպանութեան նախարար, եւ Իսքանտար Մուըմինին` ներքին գործոց նախարար:

Կին մը` Ֆերզանա Սատեք առաջարկուած է իբրեւ ճամբաներու եւ քաղաքաշինութեան նախարար:

Իրանի քաղաքական հարցերով փոխնախագահ Մոհամետ Ժաաֆար երկու օր առաջ յայտարարած էր, որ Իրանի 14-րդ կառավարութիւնը պիտի ներառէ երկրի բոլոր քաղաքական հոսանքները:

Ըստ «Պլումպըրկ»-ի, Փեզեշքիան կրօնական ոստիկանութեան ամէնէն ականաւոր քննադատներէն մէկը` 42 տարեկան Զահրա Փեհրուզ Ազարի թեկնածութիւնը կ՛առաջադրէ կիներու եւ ընտանիքներու հարցերով փոխնախագահի պաշտօնին:

Արտաքին գործոց նախարարի թեկնածու Արաքժին 2017-էն 2021 թուականներուն բարեկարգչական նախագահ Հասան Ռուհանիի երկրորդ կառավարութեան մէջ վարած է արտաքին գործոց փոխնախարարի պաշտօնը: Ան երկար ժամանակ գլխաւորած է հիւլէական բանակցութիւններուն մէջ իրանեան պատուիրակութիւնը: Իրան-Իրաք պատերազմին ծառայած է Յեղափոխական պահակագունդին մէջ, իսկ ներկայիս Իրանի միջազգային յարաբերութիւններու ռազմավարական խորհուրդի քարտուղարն է:

Պաշտպանութեան նախարարի թեկնածու հազարապետ-զօրավար Ազիզ Նասիրզատէն ներկայիս Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետի առաջին տեղակալն է:

Բոլոր թեկնածուները պէտք է ստանան խորհրդարանի հաւանութիւնը:

Նախորդը

Քանի. «Իրան Իսրայէլեան Գոյացութեան Յարձակումին Համար Օրինական Եւ Վճռական Կերպով Գին Վճարել Պիտի Տայ»

Յաջորդը

Փեզեշքիան Կ՛առաջարկէ Հարուածել Ազրպէյճանի Մէջ Իսրայէլեան Ռազմակայանները

RelatedPosts

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է Միացեալ  Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու,  Սակայն Ոչ Ի Վնաս Ռուսական Շահերուն»
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին. Թրամփ-Փութին Հանդիպումի Չեղեալ Նկատուելուն Պատճառը Մոսկուայի` Ուաշինկթընին Յղած Յուշագիրն Է

Նոյեմբեր 1, 2025
Աֆղանիստանն Ու Փաքիստանը Զինադադարը  Երկարաձգելու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են
Գլխաւոր լուրեր

Աֆղանիստանն Ու Փաքիստանը Զինադադարը Երկարաձգելու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

Նոյեմբեր 1, 2025
Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?