Միջազգային

Միացեալ Նահանգներ Դարձեալ  Զինուորական Շարասիւն Ուղարկած Են Սուրիա

Միացեալ Նահանգներ Դարձեալ Զինուորական Շարասիւն Ուղարկած Են Սուրիա

Միացեալ Նահանգներ կրկին զէնքով, զինամթերքով եւ գումակային սարքաւորումներով շարասիւն ուղարկած է Իրաքէն դէպի Սուրիա: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է սուրիական զինուորական աղբիւր մը: «Ամերիկեան զօրքերը Իրաքէն Ուալիտ սահմանային անցակէտին ճամբով Հասաքէ նահանգ բերած են 40 բեռնակառքերէ բաղկացած զինուորական շարասիւն մը, որ կը պարունակէ նիւթական-արհեստագիտական միջոցներ, զէնք, զինամթերք եւ վառելանիւթ», ըսած է աղբիւրը:  

Պայտըն Տոհայի Բանակցութիւններուն Մէջ  Արձանագրուած «Մեծ Յառաջընթաց»-ի Մասին Կը Խօսի,  Եւ Կը Զգուշացնէ. «Ոչ Ոք Համաձայնութիւնը Պէտք Է Խոչընդոտէ»

Պայտըն Տոհայի Բանակցութիւններուն Մէջ Արձանագրուած «Մեծ Յառաջընթաց»-ի Մասին Կը Խօսի, Եւ Կը Զգուշացնէ. «Ոչ Ոք Համաձայնութիւնը Պէտք Է Խոչընդոտէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն շաբաթ օր յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ ոչ ոք պէտք է Կազայի մէջ զինադադարի հաստատումն ու գերիներու ազատ արձակումը «խոչընդոտէ»: «Տոհայի մէջ բանակցող խումբէս զեկուցում ստացայ, եւ անկէ խնդրեցի վերջնական համաձայնութեան հասնելու համար բացերու կամրջման համապարփակ առաջարկ ներկայացնել», ըսաւ Պայտըն: Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնեց, որ զրուցած է Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի...

Ըստ Թեհրանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանին.  Հանիէի Ահաբեկման Վերաբերեալ Իրանի  Հակադարձութիւնը Կրնայ Զինուորական Չըլլալ

Ըստ Թեհրանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանին. Հանիէի Ահաբեկման Վերաբերեալ Իրանի Հակադարձութիւնը Կրնայ Զինուորական Չըլլալ

Իրանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հիճապի Քըտլանկըչ յայտնեց. «Պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի ահաբեկման վերաբերեալ Թեհրանի հակադարձութիւնը կրնայ Իսրայէլին նախատեսածէն շատ հեռու ըլլալ»: «Իրանի հակադարձութիւնը այնքան մեծ պէտք է ըլլայ, որ այդ գոյացութիւնը ծունկի բերէ, անշուշտ ասիկա միայն Իրանի պատասխանատուութիւնը չէ, այլեւ շրջանի բոլոր երկիրներուն, այսինքն` տրամաբանական չէ, որ սպասենք, թէ Իրան բան մը ընէ», նշեց դեսպանը: «Չենք...

Ապտելաթի. «Միջնորդները Անկեղծ Ջանք  Կը Թափեն Կազայի Մէջ Զինադադարի  Հաստատման Համար»

Ապտելաթի. «Միջնորդները Անկեղծ Ջանք Կը Թափեն Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Համար»

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի իր ֆրանսացի պաշտօնակից Սթեֆան Սեժուռնէի հետ Եգիպտոսի մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Մեր քննարկումներուն ընթացքին կեդրոնացանք շրջանին մէջ տիրող կացութեան եւ մագլցումի կանխարգիլման ջանքերուն վրայ»: Ան նշեց, որ հանդիպումի ընթացքին արծարծուած են Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ջանքերը: «Միջնորդները անկեղծ ջանք կը թափեն Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու, եւ անմիջական զինադադարի, Կազայի մէջ յարձակումի դադրեցման...

Ռուսիան Քուրսքի Հարցով Չէ Դիմած ՀԱՊԿ-ին

Մոսկուա. «Քուրսքի Հիւլէական Կայանը Հարուածելու Պարագային Ուքրանիան Անյապաղ Շատ Կարծր Պատասխան Պիտի Ստանայ»

«Եթէ Քիեւի վարչակարգը իրականացնէ ցամաքամասի եւրոպական մասին մէջ հսկայական տարածքներու շողարձակ աղտոտութեամբ աղէտի յառաջացման ուղղուած իր յանցաւոր ծրագիրը, ապա անմիջապէս պիտի ձեռնարկուին կարծր զինուորական եւ ռազմական-արհեստագիտական պատասխան քայլեր», յայտարարած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը` անդրադառնալով Ուքրանիոյ կողմէ Քուրսքի հիւլէական կայանին ուղղութեամբ յարձակումի նախապատրաստութեան մասին անկախ աղբիւրներէ ստացուած տեղեկատուութեան: Նախարարութենէն աւելցուցած են, որ պատշաճ լրջութեամբ կը վերաբերին այդ լուրերուն: Միւս կողմէ, Ռուսիոյ...

Մոսկուա. «Ռուսիան Եւ Իրանը Աւարտեցին  Պատրաստութիւնը Իրենց Միջեւ Համապարփակ  Գործակցութեան Համաձայնութեան, Որուն Պատմական  Ստորագրութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Մօտ Օրէն»

«Իրան Պատրաստ Է Ռուսական Կազը Իր Տարածքին Ճամբով Փոխադրելու» Կ՛ըսէ Մոսկուայի Մէջ Իրանի Դեսպանը

Ռուսիոյ մէջ Իրանի դեսպան Քազեմ Ժալիլի յայտնեց. «Իրան պատրաստ է ռուսական կազմը իր տարածքի ճամբով փոխադրելու»: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Ժալիլի Կասպից ծովու Ֆորումի ընթացքին լրագրողներուն յայտնեց. «Մենք շատ հետաքրքրուած ենք Ռուսիոյ հետ աշխատելով: Պատրաստ ենք ռուսական կազը իրանեան տարածքով փոխադրելու»` աւելցնելով. «Ռուսիան 2023 թուականին Իրանի իսլամական հանրապետութեան մէջ օտար ներդրումներուն առաջին դիրքը գրաւեց»: ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը յուլիսին...

Ռուսիան Քուրսքի Հարցով Չէ Դիմած ՀԱՊԿ-ին

Ռուսիան Քուրսքի Հարցով Չէ Դիմած ՀԱՊԿ-ին

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) վերլուծական ծառայութիւնը կ՛աշխատի ամբողջ օրուան դրութեամբ եւ ուշադիր կը հետեւի Ռուսիոյ Քուրսք մարզին մէջ կացութեան զարգացման: Այս մասին յայտնած են կազմակերպութենէն` խոստանալով, որ Ռուսիայէն զինուորական օգնութեան խնդրանքով դիմում ստանալու պարագային ժամանակին պիտի կատարուին բոլոր անհրաժեշտ ընթացակարգերը: «Զինուորական հակամարտութիւն կատարելը ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ սրման նոր փուլ է: Մեր վերլուծական ծառայութիւնը կ՛աշխատի ամբողջ օրը: Մենք ուշադիր...

Առողջապահութեան Միջազգային Կազմակերպութիւնը  Եւրոպայի Մէջ Կապիկի Ծաղկախտի  Նոր Պարագաներու Արձանագրումէն Զգուշացուց

Առողջապահութեան Միջազգային Կազմակերպութիւնը Եւրոպայի Մէջ Կապիկի Ծաղկախտի Նոր Պարագաներու Արձանագրումէն Զգուշացուց

Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութիւնը Եւրոպայի մէջ Կապիկի ծաղկախտի նոր տարբերակով վարակման յաւելեալ պարագաներու արձանագրումէն զգուշացուց: Կազմակերպութիւնը նշեց, որ Շուէտի մէջ Կապիկի ծաղկախտով վարակման պարագայի մը արձանագրումը «մեր աշխարհի իրարու կապուած ըլլալու յստակ արտացոլացումն է: Հաւանական է, որ յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն Եւրոպայի շրջանին մէջ նոր տարբերակով վարակուած ներածուած պարագաներու յաւելեալ պարագաներ նշմարուին»: Շուէտի առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու նախարար Եաքոպ Ֆորսմիտ յայտարարեց,...

Ֆրանսական Ֆիլմարուեստի Տիտաններէն  Ալեն Տըլոն Մահացաւ

Ֆրանսական Ֆիլմարուեստի Տիտաններէն Ալեն Տըլոն Մահացաւ

88 տարեկանին մահացած է ֆրանսացի աշխարհահռչակ դերասան Ալեն Տըլոնը: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով անոր երեք երեխաներուն միացեալ յայտարարութիւնը: Ան մահացած է Ֆրանսայի իր տան մէջ` շրջապատուած երեխաներով եւ ընտանիքով: Տըլոն ֆրանսական ֆիլմարուեստի ամէնէն վառ աստղերէն է, արժանացած է ամէնէն հեղինակաւոր մրցանակներուն: Ան 2012-ին այցելած էր Հայաստան:

Միջնորդները Յառաջիկայ Օրերուն  Պիտի Շարունակեն Իրենց Աշխատանքը

Միջնորդները Յառաջիկայ Օրերուն Պիտի Շարունակեն Իրենց Աշխատանքը

Քաթար, Միացեալ Նահանգներ եւ Եգիպտոս Կազայի վերաբերեալ միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին. «Միջնորդները յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակեն Կազայի մէջ զինադադարի առաջարկի գործադրութեան մանրամասնութիւններուն վրայ աշխատանքը»: Անոնք աւելցուցին. «Թեքնիք խումբերը յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակեն աշխատանքը Ուաշինկթընի ներկայացուցած առաջարկի գործադրութեան մանրամասնութիւններուն շուրջ»: «Մեր կառավարութիւններէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ յառաջիկայ շաբթուընէ առաջ անգամ մը եւս ժողով պիտի գումարեն Գահիրէի մէջ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: Բանակցութիւններուն...

Լամի. «Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման  Ու Գերիներու Վերադարձի Համաձայնութեան  Հասնելու Ժամանակը Հիմա Է»

Լամի. «Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Ու Գերիներու Վերադարձի Համաձայնութեան Հասնելու Ժամանակը Հիմա Է»

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լամի իր ֆրանսացի պաշտօնակից Սթեֆան Սեժուռնէի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Կռիւը պէտք է անմիջապէս դադրեցնել, եւ ասիկա պատգամ մըն է, որ ֆրանսացի պաշտօնակիցիս հետ հոս` Իսրայէլի փոխանցեցի»: «Գործարքի հասնելու եւ հազարաւոր կեանքեր խլած պատերազմին աւարտին հասնելու համար դրական բանակցութիւններ կատարեցինք», նշեց Լամի` աւելցնելով. «Նեթանիահու խոստացաւ հետաքննութիւն կատարել Այսրյորդանանի մէջ տեղի ունեցած բռնարարքներուն...

Ուքրանիան Յայտարարած Է, Որ Մարդասիրական  Միջանցք Պիտի Տրամադրէ Ռուսիոյ  Քուրսքի Շրջանի Բնակիչներուն

Ուքրանիան Յայտարարած Է, Որ Մարդասիրական Միջանցք Պիտի Տրամադրէ Ռուսիոյ Քուրսքի Շրջանի Բնակիչներուն

Ուքրանիան պիտի չտարհանէ Ռուսիոյ քաղաքացիները Քուրսք շրջանէն, այլ միջազգային օրէնքին համաձայն, անոնց մարդասիրական միջանցք պիտի տրամադրէ: «Քորեսփոնտենթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին Պետական պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է Ուքրանիոյ փոխվարչապետ եւ Ուքրանիոյ գրաւեալ տարածքներու վերահամարկման հարցերով նախարար Իրինա Վերեշչուքը: «Ուքրանիան խստօրէն կը պահանջէ միջազգային մարդասիրական օրէնքի գործադրումը: Իսկ կանոնները կ՛ըսեն, որ եթէ մարտական գօտիին մէջ խաղաղ բնակչութեան համար վտանգ կայ, ապա...

Խօսքը Ուղղելով Նեթանիահուին`  Թրամփ. «Կազայի Մէջ Յաղթանակը Արագօրէն  Արձանագրէ, Որովհետեւ Սպանութիւնը Պէտք Է Դադրի»

Խօսքը Ուղղելով Նեթանիահուին` Թրամփ. «Կազայի Մէջ Յաղթանակը Արագօրէն Արձանագրէ, Որովհետեւ Սպանութիւնը Պէտք Է Դադրի»

Հանրապետական կուսակցութեան Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին թեկնածու, նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին կոչ ուղղեց Կազայի մէջ պատերազմին արագօրէն վերջ տալու, սակայն քննադատեց զինադադար հաստատելու կոչերը: Թրամփ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Ան (Նեթանիահուն) գիտէ իր ընելիքը, զինք քաջալերեցի ատոր (Կազայի պատերազմին) վերջ տալու, եւ պէտք է խնդիրը շուտով աւարտէ, սակայն յաղթանակով: Յաղթանակդ իրագործէ՛, որովհետեւ խնդիրը այն է, որ...

Ապպաս. «Ձեր Եւ Ամբողջ Աշխարհին Առջեւ Կը Յայտարարեմ` Որոշեցի Պաղեստինեան Ամբողջ Ղեկավարութեան Հետ Ուղղուիլ Կազա»

Ապպաս. «Ձեր Եւ Ամբողջ Աշխարհին Առջեւ Կը Յայտարարեմ` Որոշեցի Պաղեստինեան Ամբողջ Ղեկավարութեան Հետ Ուղղուիլ Կազա»

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս հինգշաբթի օր Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ խօսք մը արտասանելով յայտարարեց. «Ձեր եւ ամբողջ աշխարհին առջեւ կը յայտարարեմ` որոշեցի պաղեստինեան ամբողջ ղեկավարութեան հետ ուղղուիլ Կազա: Ապահովութեան խորհուրդին կոչ կ՛ուղղեմ ապահովելու Կազա մեր հասնիլը, եւ յաջորդ ուղղութիւնս դէպի Երուսաղէմ, որ մեր յաւիտենական մայրաքաղաքը պիտի ըլլայ»: Ապպաս նշեց, որ 149 երկիրներ ճանչցած են Պաղեստինի պետութիւնը, երբ միայն 50 երկիրներ...

Պայտըն. «Կը Նախատեսեմ, Որ Իրան Իսրայէլին  Հակադարձելէն Ետդարձ Կատարէ, Եթէ Կազայի Մէջ  Զինադադարի Համաձայնութիւն Գոյանայ»

Պայտըն. «Կը Նախատեսեմ, Որ Իրան Իսրայէլին Հակադարձելէն Ետդարձ Կատարէ, Եթէ Կազայի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութիւն Գոյանայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն պատասխանելով հարցումի մը, թէ արդեօք կը նախատեսէ՞, որ Իրան Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէն Թեհրանի մէջ ահաբեկելուն համար Իսրայէլին հակադարձելէն ետդարձ կատարէ, եթէ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութիւն գոյանայ ըսաւ. «Նախատեսածս այդ է»: Պայտըն նշեց. «Հարցը դժուար դարձաւ, եւ պիտի նայինք ի՛նչ կրնանք ընել եւ Իրան ի՛նչ պիտի ընէ»: «Մտահոգ եմ Միջին Արեւելքի մէջ...

Պայտըն Ուքրանական Ուժերու Քուրսք  Ներխուժումը Փութինի Համար «Իսկական  Երկընտրանք» Կը Նկատէ

Պայտըն Ուքրանական Ուժերու Քուրսք Ներխուժումը Փութինի Համար «Իսկական Երկընտրանք» Կը Նկատէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն առաջին անգամ ըլլալով մեկնաբանած է Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու Ռուսիոյ Քուրսքի մարզ ներխուժումը` կացութիւնը կոչելով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի համար «իսկական երկընտրանք»: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: «Ասիկա իսկական երկընտրանք կը ստեղծէ Փութինի համար», Նիւ Օրլինզի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Պայտըն: Ան նաեւ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները զօրքերու յառաջխաղացման հարցով...

Իրանի Ծովուժը Ռազմափորձեր Կատարեց  Կասպից Ծովուն Մէջ` Ազրպէյճանի Հետ  Սահմանին Մօտ

Իրանի Ծովուժը Ռազմափորձեր Կատարեց Կասպից Ծովուն Մէջ` Ազրպէյճանի Հետ Սահմանին Մօտ

Իրանի ծովուժը ռազմափորձեր կատարեց երկրին հիւսիսը` Կասպից ծովուն մէջ: Այս մասին հաղորդեց «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Ասթարայի փոխնահանգապետին: Կը հաղորդուի, որ 13 օգոստոսի երեկոյեան Ասթարայի ծովուժի ռազմակայանի տարածքին մէջ տեղի ունեցած են Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան բանակի ծովուժի ռազմափորձեր:  

Մինչ Պլինքըն Շրջան Կ՛ուղղուի.  Ուաշինկթըն. «Յանձնառու Ենք Իսրայէլին  Ինքզինք Պաշտպանելու Օգնելու, Եւ Շրջանին Մէջ  Զինուորական Հզօր Կարողականութիւն Տեղակայեցինք»

Մինչ Պլինքըն Շրջան Կ՛ուղղուի. Ուաշինկթըն. «Յանձնառու Ենք Իսրայէլին Ինքզինք Պաշտպանելու Օգնելու, Եւ Շրջանին Մէջ Զինուորական Հզօր Կարողականութիւն Տեղակայեցինք»

Մինչ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Քաթարը եւ Եգիպտոսը ներառող միջինարեւելեան շրջապտոյտի ձեռնարկեց, եւ ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն այսօր Թել Աւիւէն կը հասնի Պէյրութ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Կը ջանանք դիւանագիտութեան ճամբով Միջին Արեւելքի մէջ մագլցումը կանխարգիլել»: Սակայն նախարարութիւնը նաեւ շեշտեց. «Յանձնառու ենք Իսրայէլին ինքզինք պաշտպանելու օգնելու, եւ շրջանին մէջ ատիկա կատարելու համար զինուորական հզօր կարողականութիւն...

Իսրայէլի Վրայ Իրանի Եւ Հըզպալլայի  Յարձակումը Հինգշաբթի Օրուան  Բանակցութիւններէ՞ն Կախեալ Է

Իսրայէլի Վրայ Իրանի Եւ Հըզպալլայի Յարձակումը Հինգշաբթի Օրուան Բանակցութիւններէ՞ն Կախեալ Է

Իրանեան աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին. «Կազայի մէջ մնայուն զինադադարի հաստատման համաձայնութեան գոյացումը կրնայ յետաձգել Համասի քաղաքական գրասենեակի նախագահի սպանութեան վրէժը լուծելու համար Իսրայէլին ուղղուելիք Իրանի պատասխանը»: Իրանցի պաշտօնատար մը «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեց. «Հըզպալլայի հետ միասին Իսրայէլի վրայ ուղղակի յարձակում մը պիտի շղթայազերծենք, եթէ Կազայի բանակցութիւնները ձախողին կամ եթէ զգանք, թէ Իսրայէլ կը ձգձգէ բանակցութիւնները»: Նշենք, որ Քաթարի իշխանը, Եգիպտոսի...

Երկու Նախարարներ Եւ 2250 Բնակեցուածներ  Ներխուժեցին Աքսայի Մզկիթի Շրջափակ

Երկու Նախարարներ Եւ 2250 Բնակեցուածներ Ներխուժեցին Աքսայի Մզկիթի Շրջափակ

Երկու նախարարներ, Քնեսեթի անդամ մը եւ 2250 բնակեցուածներ ու իսրայէլացի ծայրայեղականներ երէկ առաւօտեան «Տաճարի քանդման յիշատակ»-ին առիթով իսրայէլեան ոստիկանութեան պաշտպանութեան տակ ներխուժեցին Աքսայի մզկիթի շրջափակ: Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը պաղեստինցիներուն արգիլեց նամազ կատարելու համար մզկիթ մուտք գործել: «Ժազիրա» հաղորդեց, որ բնակեցուածները մզկիթին մէջ բարձրացուցած են իսրայէլեան դրօշը: Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր Աքսա ներխուժելու ընթացքին յայտարարեց. «Տաճարի լերան (Աքսայի մզկիթ,...

Page 138 of 882 1 … 137 138 139 … 882

Արխիւներ