Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն Տոհայի Բանակցութիւններուն Մէջ Արձանագրուած «Մեծ Յառաջընթաց»-ի Մասին Կը Խօսի, Եւ Կը Զգուշացնէ. «Ոչ Ոք Համաձայնութիւնը Պէտք Է Խոչընդոտէ»

Օգոստոս 19, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն շաբաթ օր յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ ոչ ոք պէտք է Կազայի մէջ զինադադարի հաստատումն ու գերիներու ազատ արձակումը «խոչընդոտէ»:

«Տոհայի մէջ բանակցող խումբէս զեկուցում ստացայ, եւ անկէ խնդրեցի վերջնական համաձայնութեան հասնելու համար բացերու կամրջման համապարփակ առաջարկ ներկայացնել», ըսաւ Պայտըն:

Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնեց, որ զրուցած է Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ` «աչքէ անցընելու համար այն մեծ յառաջընթացը, որ անցնող երկու օրերուն ընթացքին Տոհայի մէջ արձանագրուեցաւ»:

Պայտըն ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը Իսրայէլ պիտի ուղարկէ` «Իսրայէլի անվտանգութեան հաստատ աջակցութիւնս հաստատելու, եւ համաձայնութեան գոյացման մեր աշխուժ ջանքերը շարունակելու համար»:

Համասի ղեկավարներէն Սամի Ապու Զուհրի, սակայն, ԱՖՓ լրատու գործակալութեան իր յղած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Ճօ Պայտընի` Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան գոյացման մօտալուտութեան մասին խօսքը ցնորք է»:

«Բռնագրաւումը կը շարունակէ որեւէ գործարքի կնքման բոլոր ջանքերը խոչընդոտել: Համաձայնութեան կամ իսկական բանակցութիւններու առջեւ չենք գտնուիր, այլ ամերիկեան թելադրանքներու պարտադրման», նշեց Ապու Զուհրի:

Համասէն ղեկավար աղբիւր մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ու գերիներու փոխանակման վերաբերեալ ամերիկեան նոր առաջարկը «կ՛ընդառաջէ բռնագրաւումի պայմաններուն եւ անոնց համահունչ է»:

«Միջնորդներուն` Տոհայի բանակցութիւններուն արդիւնքները մեզի յայտնելնէն ետք, անգամ մը եւս վստահ դարձանք, որ բռնագրաւումը համաձայնութիւն մը չ՛ուզեր», աւելցուց աղբիւրը:

Ան նշեց, որ Իսրայէլ կը շարունակէ խուսանաւել եւ համաձայնութիւնը խոչընդոտելու համար նոր պայմաններ աւելցնել, «եւ կը հաստատենք մեր յանձնառութիւնը 2 յուլիսին գոյացած համաձայնութեան, որ հիմնուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութեան եւ Ապահովութեան խորհուրդի որոշումին վրայ»:

Համասէն ղեկավար աղբիւրը ամերիկացի, եգիպտացի եւ քաթարցի միջնորդներուն կոչ ուղղեց` Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու եւ անոր ստիպելու, որ գործադրէ այն, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է` շեշտելով. «Որեւէ համաձայնութիւն պէտք է երաշխաւորէ մեր ժողովուրդին վրայ յարձակումի դադրեցումն ու Կազայէն (իսրայէլեան բանակի) հեռացումը, եւ նաեւ պէտք է ներառէ շտապ օժանդակութեան ապահովումն ու գերիներու փոխանակման իսկական գործարքի գոյացումը»:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը շաբաթ օր հաղորդեց, որ իսրայէլեան ապահովական պաշտօնատարներ յայտնած են. «Կազայի մէջ իսրայէլեան բանակի գործողութիւնները ընդհանուր առմամբ աւարտած են»:

Պաշտօնատարները նաեւ աւելցուցած են. «Ապահովական կառոյցները քաղաքական ղեկավարութեան յայտնեցին, որ ժամանակն է գերիներու գործարքը կնքելու»:

Բրիտանիան, Ֆրանսան, Գերմանիան եւ Իտալիան շաբաթ օր միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով զօրակցութիւն յայտնեցին Միացեալ Նահանգներու, Քաթարի եւ Եգիպտոսի «միջնորդական ջանքերուն»:

«Կ՛ողջունենք յառաջիկայ օրերուն թեքնիք աշխատանքի շարունակութիւնն ու պաշտօնատարներուն յառաջիկայ շաբթուան աւարտէն առաջ ժողովի վերադառնալը», նշեցին չորս երկիրները:

Բրիտանիան, Ֆրանսան, Գերմանիան եւ Իտալիան բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեցին` «դրական կերպով ներգրաւուելու զինադադարի հաստատման բանակցութիւններուն մէջ»` աւելցնելով. «Կը շեշտենք շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ջանքերը ականահարող որեւէ մագլցումէ խուսափելու կարեւորութիւնը»:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը մէջբերելով, աղբիւրներ, հաղորդեց, որ կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունին խոր տարակարծութիւններ, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Կազայէն իսրայէլեան բանակի հեռացման:

Պաշտօնատարներ իրենց կարգին պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Ֆիլատելֆիա ճակատին վերաբերեալ տարակարծութիւնները կարելի է լուծել, եւ ամերիկեան առաջարկը զօրակցութիւն կը վայելէ:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց. «Բանակցութիւնները մէկ քայլ յառաջ կ՛ընթանան, եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նախքան իսրայէլեան պատուիրակութեան Գահիրէ մեկնիլը քննարկում կը կատարէ»:

«Իսրայէլ Հայոմ» հաղորդեց. «Նեթանիահու համաձայնութեան սպառումէն ետք Կազայի մէջ պատերազմը շարունակելու վրայ կը պնդէ եւ ամերիկեան գրաւոր խոստում մը կը պահանջէ»: Օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ բանակցութեան մասնակից իսրայէլեան պատուիրակութիւնը գործարքի յառաջ մղման նկատմամբ զգուշաւոր լաւատեսութիւն յայտնած է` յոյս յայտնելով, որ Ուաշինկթընի եւ միջնորդներու ճնշումները Համասը կը մղեն ամերիկեան առաջարկը ընդունելու եւ բանակցութիւններուն մէջ բեկում արձանագրելու:

Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի գնահատականին համաձայն, Ռաֆահի մէջ Համասի զօրամասի ոչնչացումը պիտի բարելաւէ գերիներու ազատ արձակման պայմանները:

Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Էլի Քոհեն յայտնեց. «Կազայէն պիտի չհեռանանք, մինչեւ որ վերջին գերին ազատ արձակուի»:

«Կազայի վրայ ապահովական վերահսկողութիւն պիտի ունենանք, եւ որեւէ պահու այդտեղ մուտք գործելու եւ գործողութիւններ կատարելու կարողութիւնը», նշեց Քոհեն` աւելցնելով. «Ֆիլատելֆիա ճակատը պէտք է իսրայէլեան վերահսկողութեան տակ մնայ»:

Մինչ այդ, իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ամերիկեան օդանաւային ընկերութիւնը պաշտօնապէս դէպի Իսրայէլ իր բոլոր թռիչքներու մինչեւ ապրիլ 2025 ջնջումը յայտարարած է:

Նեթանիահուի գրասենեակը երէկ երեկոյեան նշեց, որ Իսրայէլ գերիները տուն դարձնելու համար բարդ բանակցութիւններ կը վարէ, եւ «կան բաներ, որոնց նկատմամբ կրնանք ճկուն ըլլալ, իսկ այլ հարցեր, որոնց մէջ այդպէս չենք կրնար ըլլալ»:

Նախորդը

Ըստ Թեհրանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանին. Հանիէի Ահաբեկման Վերաբերեալ Իրանի Հակադարձութիւնը Կրնայ Զինուորական Չըլլալ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 17, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?