Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս հինգշաբթի օր Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ խօսք մը արտասանելով յայտարարեց. «Ձեր եւ ամբողջ աշխարհին առջեւ կը յայտարարեմ` որոշեցի պաղեստինեան ամբողջ ղեկավարութեան հետ ուղղուիլ Կազա: Ապահովութեան խորհուրդին կոչ կ՛ուղղեմ ապահովելու Կազա մեր հասնիլը, եւ յաջորդ ուղղութիւնս դէպի Երուսաղէմ, որ մեր յաւիտենական մայրաքաղաքը պիտի ըլլայ»:
Ապպաս նշեց, որ 149 երկիրներ ճանչցած են Պաղեստինի պետութիւնը, երբ միայն 50 երկիրներ կը ճանչնան Իսրայէլը:
«Արաբական ու իսլամական պետութիւններու ղեկավարներն ու ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը կը հրաւիրեմ մասնակցելու իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելու համար Կազա այցելութեան», ըսաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահը:
«Մենք խաղաղ դիմադրութիւնը կ՛որդեգրենք, որովհետեւ մեր կարելիութիւնները աւելին չեն արտօներ», աւելցուց ան:


