Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտելաթի. «Միջնորդները Անկեղծ Ջանք Կը Թափեն Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Համար»

Օգոստոս 19, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի իր ֆրանսացի պաշտօնակից Սթեֆան Սեժուռնէի հետ Եգիպտոսի մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Մեր քննարկումներուն ընթացքին կեդրոնացանք շրջանին մէջ տիրող կացութեան եւ մագլցումի կանխարգիլման ջանքերուն վրայ»:

Ան նշեց, որ հանդիպումի ընթացքին արծարծուած են Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ջանքերը:

«Միջնորդները անկեղծ ջանք կը թափեն Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու, եւ անմիջական զինադադարի, Կազայի մէջ յարձակումի դադրեցման եւ յաւելեալ օժանդակութիւններ մտցնելու շուրջ արագօրէն համաձայնութիւն գոյացնելու վերաբերեալ ֆրանս-եգիպտական համակարծութիւն գոյութիւն ունի», ըսաւ եգիպտական դիւանագիտութեան պետը:

«Ֆրանսայի հետ հասարակաց պատասխանատուութիւն ունինք, այս զգայուն պահուն, լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ շրջանին մէջ մագլցումը դադրեցնելու», յայտնեց ան:

«Եգիպտոս գերմարդկային ջանքեր կը թափէ հարցերուն վերահսկողութենէ դուրս գալով բախումներու դժոխային կացութեան չվերածուելու համար», յայտարարեց Ապտելաթի:

Ան նշեց, որ իր երկիրը կը յուսայ, որ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը միջազգային ընտանիքի առաջնահերթ հետաքրքրութեան նիւթ պիտի դառնայ:

«Նախապատրաստութիւն կը կատարուի զինադադարի բանակցութիւններու յաջորդ փուլին, որ պիտի կատարուի Գահիրէի մէջ», ըսաւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը` նշելով. «Եթէ մտադրութիւնները անկեղծ ըլլան, իսկ քաղաքական կամքը` ապահով, Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան կարելի է հասնիլ»:

 

Նախորդը

Մոսկուա. «Քուրսքի Հիւլէական Կայանը Հարուածելու Պարագային Ուքրանիան Անյապաղ Շատ Կարծր Պատասխան Պիտի Ստանայ»

Յաջորդը

Ըստ Թեհրանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանին. Հանիէի Ահաբեկման Վերաբերեալ Իրանի Հակադարձութիւնը Կրնայ Զինուորական Չըլլալ

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 17, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?