88 տարեկանին մահացած է ֆրանսացի աշխարհահռչակ դերասան Ալեն Տըլոնը: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով անոր երեք երեխաներուն միացեալ յայտարարութիւնը: Ան մահացած է Ֆրանսայի իր տան մէջ` շրջապատուած երեխաներով եւ ընտանիքով:
Տըլոն ֆրանսական ֆիլմարուեստի ամէնէն վառ աստղերէն է, արժանացած է ամէնէն հեղինակաւոր մրցանակներուն:
Ան 2012-ին այցելած էր Հայաստան: