Մետվետեւ. «Այլեւս Ոչ Մէկ Բանակցութիւն` Մինչեւ Ուքրանիոյ Լիակատար Ջախջախումը»
Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ բացառած է Քիեւի հետ բանակցութիւններու հաւանականութիւնը` յայտարարելով, որ Ռուսիան կրնայ «բանակցային ծուղակի մէջ» յայտնուիլ: Ան այս մասին գրած է «Թելեկրամ»-ի վրայ: «Իմ կարծիքովս, վերջին շրջանին, թէեւ տեսականօրէն, սակայն գոյութիւն ունէր վտանգ մը` բանակցային ծուղակ մը, որուն մէջ կրնար յայտնուիլ մեր երկիրը որոշ հանգամանքներու պարագային», գրած է Մետվետեւ` մանրամասնելով, որ խօսքը «միջազգային ընտանիքին կողմէ առաջարկուած...




















