Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լամի իր ֆրանսացի պաշտօնակից Սթեֆան Սեժուռնէի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Կռիւը պէտք է անմիջապէս դադրեցնել, եւ ասիկա պատգամ մըն է, որ ֆրանսացի պաշտօնակիցիս հետ հոս` Իսրայէլի փոխանցեցի»:
«Գործարքի հասնելու եւ հազարաւոր կեանքեր խլած պատերազմին աւարտին հասնելու համար դրական բանակցութիւններ կատարեցինք», նշեց Լամի` աւելցնելով. «Նեթանիահու խոստացաւ հետաքննութիւն կատարել Այսրյորդանանի մէջ տեղի ունեցած բռնարարքներուն շուրջ»:
«Զինադադարի, գերիներու տունդարձի եւ բաւարարաչափ տարողութեան օժանդակութիւններ Կազա մտցնելու ժամանակը հիմա է», ըսաւ բրիտանական դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով. «Ուժեղ կերպով կը դատապարտեմ Այսրյորդանանի մէջ բնակեցուածներու պաղեստինցիներուն վրայ յարձակումները»:


