Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուքրանիան Յայտարարած Է, Որ Մարդասիրական Միջանցք Պիտի Տրամադրէ Ռուսիոյ Քուրսքի Շրջանի Բնակիչներուն

Օգոստոս 17, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիան պիտի չտարհանէ Ռուսիոյ քաղաքացիները Քուրսք շրջանէն, այլ միջազգային օրէնքին համաձայն, անոնց մարդասիրական միջանցք պիտի տրամադրէ: «Քորեսփոնտենթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին Պետական պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է Ուքրանիոյ փոխվարչապետ եւ Ուքրանիոյ գրաւեալ տարածքներու վերահամարկման հարցերով նախարար Իրինա Վերեշչուքը:

«Ուքրանիան խստօրէն կը պահանջէ միջազգային մարդասիրական օրէնքի գործադրումը: Իսկ կանոնները կ՛ըսեն, որ եթէ մարտական գօտիին մէջ խաղաղ բնակչութեան համար վտանգ կայ, ապա անոնց պէտք է մարդասիրական միջանցք տրամադրել», ըսած է Վերեշչուք:

Ան միեւնոյն ժամանակ նշած է. «Կը հասկնամ ուքրանացիներու զգացումները այս կացութեան վերաբերեալ, սակայն իբրեւ Ուքրանիան միջազգային ասպարէզի մէջ ներկայացնող անձ, պարտաւոր եմ յայտարարել նման միջանցքի մասին»:

«Անկէ պիտի օգտուին կամ ոչ, իրենց գործն է: Սակայն այս պահու դրութեամբ Ռուսիան, որ պէտք է իր քաղաքացիներուն հոգ տանի, մեզի չէ դիմած նման միջանցք բանալու հարցով, այսինքն` անոնց փաստացի ձգած են ճակատագիրի քմահաճոյքին», ըսած է Վերեշչուք:

Միւս կողմէ, «Սի.Էն.Էն.»` վկայակոչելով պաշտօնատարներ, հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներ տակաւին չեն ուզեր Ուքրանիոյ արտօնել Քուրսքի շրջանին մէջ ամերիկեան հեռահար զէնքեր օգտագործել, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ համար ԱԹԱՔՄՍ-ի սահմանափակ մատակարարում ունին»:

«Սի.Էն.Էն.» նաեւ կը նշէ, որ Ուաշինկթըն նոյնպէս կը կարծէ, որ այդ հրթիռները աւելի լաւ պիտի ըլլար օգտագործել Խրիմը հարուածելու համար:

Ամերիկեան «Փոլիթիքօ» օրաթերթը, վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու նախագահի աշխատակազմի պաշտօնատար մը եւ հարցի քննարկման ծանօթ երկու այլ աղբիւրներ, կը հաղորդէ, որ ամերիկեան իշխանութիւնները կը սերտեն «ԷՖ-16» հալածիչներու համար Ուքրանիոյ ՃԱՍՍԵՄ թեւաւոր հրթիռներ տրամադրելու հարցը:

Խոստացուած 79 ամերիկեան «ԷՖ-16» հալածիչներու առաջին քանակը Քիեւ ստացած էր երկու շաբաթ առաջ: Ըստ բրիտանական «Թելեկրաֆ»-ին, առաջին հալածիչները արդէն մարտական առաջադրանքներ կատարած են Ուքրանիոյ մէջ` հակաօդային պաշտպանութեան համար:

«Տակաւին շատ աշխատանք պէտք է կատարուի, նախքան որ հրթիռները հասնին Քիեւ», «Փոլիթիքօ»-ին զգուշացուցած է վարչակազմի պաշտօնատարը` նշելով, որ նախ պէտք է վստահ ըլլալ, որ Քիեւի խորհրդային եւ «ԷՖ-16» հալածիչները կրնան հրթիռներ արձակել աւելի քան 370 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող թիրախներու ուղղութեամբ: Վերջնական որոշումը, ըստ անոր, տակաւին չկայ:

ՃԱՍՍԵՄ-ը բարձր ճշգրտութեամբ հրթիռ է: Ըստ արտադրող «Լոքհիտ Մարթին»-ի, հրթիռի հասողութիւնը կրնայ հասնիլ 926 քիլոմեթրի, իսկ մարտագլխիկը կը կշռէ շուրջ 450 քիլոկրամ:

 

 

Նախորդը

Խօսքը Ուղղելով Նեթանիահուին` Թրամփ. «Կազայի Մէջ Յաղթանակը Արագօրէն Արձանագրէ, Որովհետեւ Սպանութիւնը Պէտք Է Դադրի»

Յաջորդը

Լամի. «Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Ու Գերիներու Վերադարձի Համաձայնութեան Հասնելու Ժամանակը Հիմա Է»

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?