Ուրալօղլու. «Որեւէ Երկիր Պէտք Չէ Դէմ Ըլլայ Իր Տարածքը Փեքինը Լոնտոնին Կապող Միջազգային Փոխադրամիջոցային Զարկերակի Վերածելուն, Ատիկա Պարզապէս Անխոհեմ Է»
Ազրպէյճանի արեւելեան շրջաններէն դէպի Նախիջեւան հաղորդակցութեան միջանցքը կրնայ թէ՛ Իրանի, թէ՛ ալ Հայաստանի տարածքէն անցնիլ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, այս մասին կիրակի օր թրքական «Քանալ7» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու` նշելով, որ առաջին պարագային խօսքը 61 քիլոմեթրի մասին է, իսկ երկրորդի պարագային` շուրջ 43 քիլոմեթրի: Անկախ երթուղիի վերջնական որոշումէն, ըստ թուրք...




















