Թել Աւիւի հիւսիսը գտնուող Խուտէյրայի մէջ 6 անձեր վիրաւորուեցան, երբ շրջանին մէջ դանակահարման գործողութիւն մը տեղի ունեցաւ: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ գործողութեան հեղինակը Իսրայէլի քաղաքացի է եւ Ըմ Ֆահըմ շրջանի բնակիչ, 36 տարեկան Ահմետ Ժապարինն է:
Փրկարարները նշեցին, որ վիրաւորներէն 5-ին վիճակը շատ ծանր ու վտանգաւոր է: Ոստիկանութիւնը նշեց, որ գործողութիւնը տեղի ունեցած է Խուտէյրա քաղաքի 4 տարբեր վայրերու մէջ: Գործողութեան հեղինակը դանակով եւ կացինով զինուած մոթորսիքլեթով շրջած է 4 վայրերուն միջեւ:
Յիշեցնենք, որ 1 հոկտեմբերին եւս երկու պաղեստինցիներ Թել Աւիւի մէջ զինեալ յարձակում գործած էին` պատճառելով զոհեր ու վիրաւորներ, ինչ որ Իսրայէլի մայրաքաղաքին մէջ 2000 թուականի երկրորդ ինթիֆատայէն ի վեր մեծագոյն գործողութիւնն էր: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդած էր, որ գործողութեան հեղինակները գիշերով ներթափանցած են Թել Աւիւ, դանակահարած զինուոր մը, անոր զէնքը գրաւած եւ այդ զէնքով գործած իրենց յարձակումը:
Պաղեստինեան Համաս շարժումը յայտարարեց. «Խուտէյրային մէջ դանակահարման հերոսական գործողութիւնը կը փաստէ, որ բռնագրաւումին ոճրագործութիւնը անպատիժ պիտի չմնայ»: