Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քալիֆորնիոյ Մէջ Թրամփի Հանրահաւաքէն Առաջ Որսորդական Զէնքով Եւ Ատրճանակով Մարդ Մը Ձերբակալուած Է

Հոկտեմբեր 15, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քալիֆորնիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածու Տանըլտ Թրամփի ի նպաստ հանրահաւաքի վայրին մօտ զինեալ տղամարդ ձերբակալուած է: «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ ոստիկանութիւնը: Դէպքը պատահած է շաբաթ երեկոյեան, Քոաչելլա քաղաքին մէջ:

Ռիվըրսայտ շրջանի ոստիկանապետ Չատ Պիանքոյի համաձայն, Լաս Վեկասի բնակիչ 49 տարեկան Ուամ Միլլըր Թրամփի խօսք արտասանելէն մէկ ժամ առաջ ձերբակալուած է խաչմերուկի անցակէտերէն մէկուն վրայ: Ան կը վարէր սեւ ամէնագնաց եւ կը կրէր որսորդական հրացան, լիցքաւորուած ատրճանակ եւ մեծ ծաւալի փամփուշտներ:

Իշխանութիւնները նաեւ կ՛ըսեն, որ տղամարդը ունեցած է բազմաթիւ անձնագիրներ եւ վարորդական վկայականներ:

Կը հաղորդուի, որ ան ձերբակալուած է ապօրինի զէնք-զինամթերք պահելու մեղադրանքով, իսկ աւելի ուշ ազատ արձակուած է 5000 տոլար գրաւի դիմաց: Անոր դատական նիստը նշանակուած է 2 յունուար 2025-ին:

Իշխանութիւնները յայտարարած են, որ դէպքը չէ ազդած Թրամփի կամ հանրահաւաքի մասնակիցներուն անվտանգութեան վրայ:

Տեղւոյն ոստիկանապետը կ՛ըսէ, թէ ոստիկանները, ըստ էութեան, յաջողած են կանխարգիլել Տանըլտ Թրամփի դէմ մահափորձը, սակայն դէպքին վերաբերեալ բազմաթիւ հարցեր կը մնան անպատասխան:

Չատ Պիանքօ յայտարարած է, որ անկարելի է ենթադրել, թէ կասկածելիի միտքին մէջ ի՛նչ եղած է, եւ խոստովանած է, որ կրնայ անկարելի ըլլալ ապացուցել, որ տղամարդը մտադիր եղած է սպաննել Թրամփը:

Ան նշած է, որ տղամարդու ամէնագնացը կեղծ պետական թիւով եղած է, իսկ ինքնաշարժին մէջ թափթփած վիճակ եղած է: Ըստ Պիանքոյի, այնտեղ յայտնաբերուած են տարբեր անուններով քանի մը անձնագիրներ ու ինքնաշարժ վարելու վկայականներ:

Կասկածելին նաեւ իշխանութիւններուն ըսած է, որ ինք «Գերիշխան քաղաքացիներ» խմբաւորման անդամ է:

«Չէի ըսեր, որ ասիկա զինեալ խումբ է: Անիկա պարզապէս խումբ մըն է, որ չի հաւատար կառավարութեան եւ կառավարութեան վերահսկողութեան», ըսած է ան:

Չատ Պիանքօ հանրապետական է եւ նախապէս Թրամփին պաշտպանած է: Ան նաեւ Քալիֆորնիոյ մէջ թեկնածուի վստահուած անձ է:

«Նիւ Եորք Փոսթ» օրաթերթը, յղում կատարելով իրաւապահ մարմիններու աղբիւրներու, հաղորդեց, որ «Էֆ.Պի.Այ.»-ը կը կարծէ, որ միջադէպը, երբ զինեալ տղամարդը փորձած է մտնել Քալիֆորնիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածու Տանըլտ Թրամփի հանրահաւաքի վայր, քաղաքական գործիչի դէմ մահափորձ չէ:

Օրաթերթը կը նշէ, որ «Էֆ.Պի.Այ.»-ը չի հաւատար, որ նախկին նախագահի կեանքին վտանգ կը սպառնայ:

Նախորդը

Ազգերու Լիկայի Մրցաշարք. Հայաստան Պարտութիւն Մը Եւս Կրեց. Մարզիչ Փեթրաքով Հեռացուեցաւ

Յաջորդը

Շապաք. «Իրան Թել Աւիւի Մերձակայ Ռամաթ Կանէն Երկու Անձեր Զինուորագրեց Իսրայէլացի Պաշտօնատարներ Ահաբեկելու Համար»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս  Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»

Օգոստոս 20, 2025
Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի  Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»
Միջազգային

Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?