Իսրայէլեան Բանակը Անգամ Մը Եւս Չյաջողեցաւ Ձախողութեան Մատնել Հրթիռարձակում Մը, Որուն Կը Սպասէր
Պաղեստինեան Համաս շարժումի զինեալ թեւը երէկ յայտարարեց, որ «Էմ90 Մաքատիմա» տիպի հրթիռներով հրթիռակոծած է Իսրայէլի մայրաքաղաք Թել Աւիւը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նշեցին, որ իսրայէլեան բանակը անգամ մը եւս չյաջողեցաւ ձախողութեան մատնել Կազայէն հրթիռարձակում մը, որուն կը սպասէր: «Համասի հրթիռային յարձակումը ձախողութեան մատնելու բանակի ձախողութիւնը կը նշանակէ, թէ շարժումին ղեկավարման ու վերահսկման կարողութիւնները չեն ականահարուած», նշեցին անոնք: «Կը թուի, թէ բանակը առաւօտեան...




















