Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաղչի. «Սէուտական Արաբիոյ Եւ Քաթարի Հետ Խորհրդակցութիւններ Կը Կատարենք Պատերազմը Դադրեցնելու Համար»

Հոկտեմբեր 11, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Պատրաստ ենք որեւէ բեմագրութեան, թէեւ ո՛չ պատերազմ կ՛ուզենք, ո՛չ ալ մագլցում»` աւելցնելով. «Իսրայէլացիները կրնան մեր կամքը փորձել»:

Արաղչի «Ժազիրա»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Պիտի նայինք, թէ յարձակումը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ, որուն հիմամբ պիտի ճշդենք մեր հակադարձութիւնը, որ ամենայն ուշադրութեամբ պիտի սերտենք»:

«Իսրայէլ լայնածաւալ պատերազմ կը փնտռէ, եւ երկիրները դէպի այդ պատերազմ կը մղէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Իրան միակը չէ, որ լայնածաւալ պատերազմ չ՛ուզեր, այլ բոլորը գիտեն այս պատերազմին աղէտալի ըլլալը»:

«Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Կազայի մէջ իր պատերազմին Համասը ոչնչացնելու նպատակը չիրագործեց, եւ այժմ նոյն կացութեան պիտի մատնուի Լիբանանի մէջ: Մեր զօրակցութիւնը միայն քաղաքական ու դիւանագիտական աջակցութեամբ չի սահմանափակուիր, եւ անոնց պէտք եղած որեւէ բան պիտի տրամադրենք, ինչ ալ ըլլայ այդ», նշեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

«Երբեք Դիմադրութեան աջակցելէ չենք դադրած, եւ Պէյրութէն յայտարարեցի, որ Իրանը Դիմադրութիւնը պիտի չլքէ», ըսաւ Արաղչի` նշելով. «Պէյրութի մէջ հանդիպումներս  լուրջ ու լաւ էին, եւ անոնց ընթացքին որեւէ լարուածութիւն չկար»:

«Պիտի զօրակցինք լիբանանեան կառավարութեան եւ Դիմադրութեան որոշումներուն», աւելցուց ան:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ զինադադարի հաստատման խորհրդակցութիններ կատարած է` նշելով. «Շրջանին մէջ մեծ պետութիւնները կրնան ընթացող մագլցումին վերաբերեալ դերակատարութիւն ունենալ»:

«Շրջանին մէջ Սէուտական Արաբիոյ դերակատարութիւնը մեծ է եւ Քաթարն ալ ազդեցիկ պետութիւն է: Անոնց հետ պատերազմը դադրեցնելու շուրջ խորհրդակցութիւններ կը կատարենք», ըսաւ Արաղչի:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշեց. «Ամերիկայի հետ դիւանագիտական հաղորդակցութեան կապերը այլ պետութիւններու ճամբով բաց են, եւ պատերազմը դադրեցնելու խորհրդակցութիւններ կը կատարենք»:

«Լիբանանի եւ Կազայի իրադարձութիւններուն նկատմամբ համաշխարհային հետաքրքրութիւնը այս հաղորդակցութիւններուն կարեւորագոյն արդիւնքն է», ըսաւ ան` նշելով. «Գոյութիւն ունի համաձայնութիւն, թէ այս տագնապին պէտք է դիւանագիտական լուծում գտնել»:

Նշենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը չորեքշաբթի օր Ռիատի մէջ հանդիպում ունեցած էր Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին եւ իր սէուտցի պաշտօնակից Ֆայսալ պըն Ֆարհանի հետ:

Արաղչի Պըն Ֆարհանի հետ իր հանդիպումի ընթացքին անդրադառնալով Կազայի եւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումին շեշտեց պատերազմը դադրեցնելու կարեւորութիւնը` «արգիլելու համար լարուածութեան մագլցումն ու դիմակայման ծիրի շրջանին մէջ ընդլայնումը»:

Ան կոչ ուղղեց շրջանի պետութիւններուն բոլոր քաղաքական կարելիութիւնները զօրակոչի ենթարկելու` «Կազայի եւ Լիբանանի մէջ անմեղներու սպանութիւնն ու ենթակառոյցներու քանդումը դադրեցնելու համար»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին հետ քննարկեց շրջանին մէջ վերջին զարգացումները` ընդգծելով. «Շրջանային ու միջազգային գործակցութիւն պէտք է ըլլայ` դադրեցնելու համար Կազայի մէջ ցեղասպանութիւնն ու Լիբանանի վրայ յարձակումը»:

Նախորդը

Զելենսքի. «Հոկտեմբերին, Նոյեմբերին Եւ Դեկտեմբերին Մենք Կարելիութիւն Ունինք Ամէն Ինչ Դէպի Խաղաղութիւն Տանելու»

Յաջորդը

Սպիտակ Տունը Պայտըն-Նեթանիահու Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւնը Կը Նկատէ «Ուղղակի Եւ Արդիւնաւէտ»

RelatedPosts

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական  Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»

Յուլիս 14, 2025
Սուրիոյ Նախագահը Պաքու Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Նախագահը Պաքու Այցելեց

Յուլիս 14, 2025
Արաղչի. «Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային  Գործակալութեան Հետ Թեհրանի Համագործակցութիւնը  Չէ Դադրեցուած, Սակայն Նոր Ձեւաչափով  Պիտի Շարունակուի»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան Հետ Թեհրանի Համագործակցութիւնը Չէ Դադրեցուած, Սակայն Նոր Ձեւաչափով Պիտի Շարունակուի»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?