Միջազգային

Լաթաքիոյ Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Լաթաքիոյ Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Իսրայէլեան օդուժը յարձակած է Սուրիոյ Լաթաքիա քաղաքի ծայրամասերուն վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանին: Լաթաքիոյ մուտքին մօտ իսրայէլեան յարձակումը յանգեցուցած է հրդեհներու: Պատկերասփիւռի շարք մը կայաններ, ներառեալ «Հատաս»-ը, կը պնդեն, որ իսրայէլեան բանակի հարուածը հասցուած է զինամթերքի պահեստներու, այդ պատճառով ալ յառաջացած է հրդեհը: Յիշեցնենք, որ իսրայէլեան օդուժը 8 հոկտեմբերին յարձակում գործած էր...

Նելֆրոշանի Յուղարկաւորութեան Ընթացքին.  Սալամի. «Թշամիին Կը Վստահեցնենք, Որ Զինք Ցաւցնող Կերպով Պիտի Հարուածենք, Եթէ Մեզի Պատկանող Թիրախներ Յարձակումի Ենթարկէ»

Նելֆրոշանի Յուղարկաւորութեան Ընթացքին. Սալամի. «Թշամիին Կը Վստահեցնենք, Որ Զինք Ցաւցնող Կերպով Պիտի Հարուածենք, Եթէ Մեզի Պատկանող Թիրախներ Յարձակումի Ենթարկէ»

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Հիւսէյն Սալամի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարներէն Ապպաս Նելֆրոշանի յուղարկաւորութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Թշնամին սխալ գործեց Դիմադրութենէն ղեկավարներ թիրախաւորելով, եւ կարծեց, որ պիտի չհակադարձենք: Թշնամիին կը վստահեցնենք, որ «Անկեղծ խոստում 2» գործողութիւնը պարզապէս զգուշացում մըն էր»: Յիշեցնենք, որ Նելֆրոշան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի մահափորձի ընթացքին մահացած էր: «Թշնամիին կը վստահեցնենք, որ զինք...

Ակնարկ.  Ճանաչումի Նախաբանային Ուղերձը

Այսօր Պերլինի Մէջ Պայտըն-Մաքրոն-Սթարմըր-Շոլց Հանդիպում

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն այսօր պիտի այցելէ Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլին: Այցելութեան առանցքը Ուքրանիան է, եւ ան հանդիպում պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի եւ Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի հետ: Սպիտակ տունը նաեւ նշեց, որ միօրեայ այցելութեան ընթացքին Պայտըն նաեւ դէմ առ դէմ հանդիպում պիտի ունենայ Շոլցի հետ: Նախքան այս այցելութիւնը, Պայտըն...

Քոնկրեսին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  «Ցուցմունք Տուի Իսրայէլի Մէջ «Թատ» Համակարգ Տեղակայելու»   Կ՛ըսէ Պայտըն

Քոնկրեսին Յղած Իր Նամակին Մէջ. «Ցուցմունք Տուի Իսրայէլի Մէջ «Թատ» Համակարգ Տեղակայելու» Կ՛ըսէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Քոնկրեսին յղեց նամակ մը, որուն մէջ նշեց. «Մեր ուժերը պիտի մնան շրջանին (Միջին Արեւելք, «Ա.») մէջ` մեր շահերը պաշտպանելու Իրանի եւ անոր գործակատարներու շղթայազերծած յարձակումներէն»: «Ցուցմունք տուի Իսրայէլի մէջ «Թատ» համակարգ եւ զայն բանեցնող մեր զինուորները տեղակայելու, այնքան ատեն, որ այս պաշտպանական դիրքը արդարացուած է, ինչպէս նաեւ ցուցմունք տուի ամրապնդելու Միջին Արեւելքի մէջ մեր դիրքը`...

Կութիերեսի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին.  Արաղչի. «Թեհրան Պատրաստ Է Ուժեղ Կերպով Հակադարձելու Իսրայէլեան Որեւէ Արկածախնդրութեան»

Կութիերեսի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Արաղչի. «Թեհրան Պատրաստ Է Ուժեղ Կերպով Հակադարձելու Իսրայէլեան Որեւէ Արկածախնդրութեան»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց.  «Թեհրան պատրաստ է ուժեղ կերպով հակադարձելու իսրայէլեան որեւէ արկածախնդրութեան»: «Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները կը կրեն շրջանին մէջ անվտանգութեան բացակայութեան որեւէ յաւելման պատասխանատուութիւնը», շեշտեց Արաղչի: «ՄԱԿ-ը պէտք է իր բոլոր կարելիութիւնները օգտագործէ Կազայի եւ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան ոճիրները դադրեցնելու համար», նշեց ան: Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի...

Քըրպի. «Ուաշինկթըն Պիտի Շարունակէ Ձախողութեան Մատնել Մոլտովայի Մէջ Ժողովրդավարութիւնը Խափանելու Ռուսական Փորձերը»

Քըրպի. «Ուաշինկթըն Պիտի Շարունակէ Ձախողութեան Մատնել Մոլտովայի Մէջ Ժողովրդավարութիւնը Խափանելու Ռուսական Փորձերը»

Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց. «Ռուսիան աշխուժօրէն կ՛աշխատի Մոլտովայի մէջ ընտրութիւնն ու անոր Եւրոպայի հետ համարկումը խափանելու»: «Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները բոլոր մոլտովացիներուն իրենց ընտրութիւններու պարկեշտութեան ու անվտանգութեան պահպանման ջանքերուն կողքին կը կանգնին», ըսաւ Քըրպի: «Մոսկուան վերջին ամիսներուն միլիոնաւոր տոլարներ ծախսեց Մոլտովայի մէջ նախագահական ընտրութեան արդիւնքներուն վրայ ազդելու համար», յայտնեց ան` նշելով, որ այդ գումարը...

Փեսքով. «Ռուսիան Չի Միջամտեր Վրաստանի Ներքին Գործերուն»

Փեսքով. «Ռուսիան Չի Միջամտեր Վրաստանի Ներքին Գործերուն»

Ռուսիան չի միջամտեր Վրաստանի ներքին գործերուն: «Վետոմոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով` արձագանգելով Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի այս յայտարարութեան, թէ Վրաստանը կը ղեկավարուի «ռուսական կառավարութեան» կողմէ: Զուրապիշվիլի նաեւ իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը մեղադրած է` 26 հոկտեմբերի խորհրդարանական ընտրութիւնները կեղծելու ցանկութեան մէջ: «Մենք ոչ մէկ ձեւով կը միջամտենք Վրաստանի ներքին...

Գերմանիոյ Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Պայտընի, Մաքրոնի, Շոլցի Եւ Սթարմըրի Հանդիպումը

Գերմանիոյ Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Պայտընի, Մաքրոնի, Շոլցի Եւ Սթարմըրի Հանդիպումը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն այս շաբաթ Գերմանիա այցելութեան ընթացքին հանդիպում պիտի ունենայ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի եւ Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի հետ: Այս մասին կը յայտնէ «Սի.Էն.Էն.»-ը` յղում կատարելով աղբիւրներուն: Ղեկավարները պէտք էր 12 հոկտեմբերին «Ռամշթայն» ռազմակայանին մէջ բանակցութիւններ վարէին եւ քննարկէին Ուքրանիոյ օգնութիւն տրամադրելու հարցը, սակայն Միացեալ Նահանգներու նախագահը ջնջած էր այցելութիւնը` Միացեալ Նահանգներու...

Հակադարձելով Պորելին`  Քոպախիծէ. «Վրաստանը Մոլտովայի Հետ Համեմատելը Վիրաւորական Է»

Հակադարձելով Պորելին` Քոպախիծէ. «Վրաստանը Մոլտովայի Հետ Համեմատելը Վիրաւորական Է»

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէն, ի պատասխան Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ճոզեփ Պորելի քննադատութեան, վիրաւորական նկատած է բացասական ծիրին մէջ Վրաստանը Մոլտովայի հետ համեմատելը: Այս մասին կը գրէ «Սփութնիք-Ճորճիա»-ն: Պորել մէկ օր առաջ ըսած էր, որ Մոլտովայի հետ համեմատած, Վրաստանի մէջ պատկերը մռայլ է: «Վրաստանի իշխող կուսակցութեան գործողութիւնները, յայտարարութիւնները եւ նախընտրական խոստումները երկիրը կը հեռացնեն եւրոպական ուղիէն եւ կը մատնանշեն մենատիրութեան...

Թրամփ Դեմոկրատականները Աւելի Վտանգաւոր  Կը Նկատէ Քան, Ռուսիան Եւ Չինաստանը

Թրամփ Դեմոկրատականները Աւելի Վտանգաւոր Կը Նկատէ Քան, Ռուսիան Եւ Չինաստանը

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ֆոքս Պիզնես»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին դեմոկրատականներն ու միւսները, որոնք իրենց դէմ հանդէս կու գան կամ կը հետաքննէին իր գործունէութիւնը, կոչած է «ներքին թշնամի» եւ աւելի վտանգաւոր, քան Միացեալ Նահանգներու հիմնական արտաքին հակառակորդները, ներառեալ Ռուսիան եւ Չինաստանը: Թրամփ առանձնացուցած է անոնք, որոնց կոչած է «խենթ մարդիկ, որոնք մեր երկրին մէջ են, ինչպէս Ատամ Շիֆը»` քոնկրեսական,...

Լոնտոն Սառեցուցած Է Թիֆլիսի Հետ Ռազմավարական Երկխօսութիւնը

Լոնտոն Սառեցուցած Է Թիֆլիսի Հետ Ռազմավարական Երկխօսութիւնը

10 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Բրիտանիան որոշած է սառեցնել ռազմավարական Ուորտորփ երկխօսութիւնը, որ Բրիտանիան ամէն տարի նախարարներու մակարդակով կը կատարէր Վրաստանի հետ: Բացի ատկէ բրիտանական կողմը չեղեալ նկատած է պաշտպանութեան ոլորտին մէջ բարձր մակարդակի յառաջիկայ բանակցութիւնները եւ դադրեցուցած է համացանցային անվտանգութեան ծրագիրը: Այս մասին 15 հոկտեմբերին «Ինթերփրես Նիուզ» առցանց հրատարակութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Վրաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանը:...

Զելենսքի. Հիւսիսային Քորէան Զէնքէն Բացի Ռուսիոյ Մարդուժ Կը Տրամադրէ»

Զելենսքի. Հիւսիսային Քորէան Զէնքէն Բացի Ռուսիոյ Մարդուժ Կը Տրամադրէ»

Ռուսիոյ եւ Հիւսիսային Քորէայի նման վարչակարգերու միջեւ դաշինքը կը խորանայ: Խօսքը այլեւս միայն զէնքի տեղափոխման մասին չէ, այլ նաեւ իրականութեան մէջ Հիւսիսային Քորէայէն մարդոց` բռնագրաւող ռազմական ուժերու (Ռուսիոյ, «Ա.») շարքեր տեղափոխման մասին է: Այս մասին «Թելեկրամ»-ի վրայ գրած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի: «Ակնյայտ է, որ նման պայմաններու մէջ գործընկերներու հետ մեր յարաբերութիւնները պէտք է առաւել եւս զարգանան: Առաջնագիծը աւելի...

Կալանթ. «Իսրայէլ Մօտ Օրէն Պիտի Հակադարձէ  Իրանին, Եւ Մեր Պատասխանը  Պիտի Ըլլայ Մահացու Եւ Ճշգրիտ»

Կալանթ. «Իսրայէլ Մօտ Օրէն Պիտի Հակադարձէ Իրանին, Եւ Մեր Պատասխանը Պիտի Ըլլայ Մահացու Եւ Ճշգրիտ»

«Իսրայէլ Հայոմ» հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնած է. «Մօտ օրէն պիտի հակադարձենք Իրանին, եւ մեր պատասխանը պիտի ըլլայ մահացու եւ ճշգրիտ»: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին ըսած է, որ պատրաստ է հարուածելու Իրանը` թիրախաւորելով ոչ թէ քարիւղի կամ հիւլէական կառոյցները, այլ` զինուորական: Այս մասին կը հաղորդէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը` վկայակոչելով  հարցին ծանօթ երկու...

Պաքուն Ու Թեհրանը Քննարկած Են Իրանի  Տարածքով Դէպի Նախիջեւան  Երկաթուղիի Կառուցումը

Պաքուն Ու Թեհրանը Քննարկած Են Իրանի Տարածքով Դէպի Նախիջեւան Երկաթուղիի Կառուցումը

Ազրպէյճանն ու Իրանը քննարկած են Իրանի տարածքով դէպի Նախիջեւան երկաթուղիի կառուցումը, ինչի մասին «Էքս» ընկերային ցանցի վրայ գրած է «Ազրպէյճանի երկաթուղիներ» ընկերութեան նախագահ Ռովշան Ռուսթամովը: Ան այս հարցը քննարկած է իր իրանցի գործընկեր Ժապպար Ալի Զաքերի Սարդրուտիի հետ` Թեհրան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ: «Մեր քննարկումներու նիւթը երկաթուղային գիծի կառուցումն էր, որ Իրանի տարածքով ուղիղ ցամաքային կապ պիտի ապահովէ Արեւելեան Զանգեզուրի...

Եւրոպական Միութիւնը Իրանի Վրայ Պատժամիջոցներ  Հաստատեց` Ռուսիոյ Հրթիռներու  Ենթադրեալ Մատակարարման Համար

Եւրոպական Միութիւնը Իրանի Վրայ Պատժամիջոցներ Հաստատեց` Ռուսիոյ Հրթիռներու Ենթադրեալ Մատակարարման Համար

Եւրոպական Միութիւնը պատժամիջոցներ հաստատած է 7 իրանցիներու եւ 7 ընկերութիւններու դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը: Եւրոպական խորհուրդը յայտարարած է, որ պատժամիջոցները հաստատուած են ի պատասխան Իրանէն Ռուսիա անօդաչու թռչող սարքերու եւ հրթիռներու ուղարկման: Եւրոպական Միութեան յայտարարութեան համաձայն, պատժամիջոցներու ենթարկուած են «Սահա Էր», «Մահան Էր» եւ «Իրան Էր» օդանաւային ընկերութիւնները: Իրանն ու Ռուսիան բարձր մակարդակով բազմիցս հերքած...

Քրեմլին. «Թէժ Պատերազմի Պայմաններուն Մէջ ՕԹԱՆ-ի Հիւլէական Ռազմափորձերը Միայն  Լարուածութեան Հետագայ Սրման Կը Յանգեցնեն»

Քրեմլին. «Թէժ Պատերազմի Պայմաններուն Մէջ ՕԹԱՆ-ի Հիւլէական Ռազմափորձերը Միայն Լարուածութեան Հետագայ Սրման Կը Յանգեցնեն»

Ուքրանիոյ տագնապի ծիրին մէջ «թէժ պատերազմի» պայմաններուն մէջ ՕԹԱՆ-ի «Սթետֆաստ Նուն» հիւլէական լայնածաւալ ռազմափորձերը միայն լարուածութեան հետագայ սրման կը յանգեցնեն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: «Պայմաններուն մէջ թէժ պատերազմի, որ կ՛ընթանայ ուքրանական տագնապի ծիրին մէջ, ի հարկէ, նման ռազմափորձերը ոչ այլ ինչի կը յանգեցնեն, քան լարուածութեան հետագայ սրման»,...

Պայտըն. «Պատրաստ Ենք Առանց Նախապայմաններու  Հիւլէական Զէնքի Կրճատման Շուրջ Բանակցելու  Ռուսիոյ, Չինաստանի Եւ Հիւսիսային Քորէայի Հետ»

Պայտըն. «Պատրաստ Ենք Առանց Նախապայմաններու Հիւլէական Զէնքի Կրճատման Շուրջ Բանակցելու Ռուսիոյ, Չինաստանի Եւ Հիւսիսային Քորէայի Հետ»

Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են առանց նախապայմաններու հիւլէական զէնքի կրճատման շուրջ բանակցելու Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ Հիւսիսային Քորէայի հետ: Այս մասին կը նշուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի գրաւոր յայտարարութեան մէջ, որ կը վերաբերի հիւլէական ռումբէն փրկուածներու ճափոնական Հիտանքիոյի այս տարուան Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի շնորհման: Սպիտակ տան ղեկավարին համաձայն, միջազգային ընտանիքը «պէտք է շարունակէ յառաջընթաց արձանագրել դէպի այն օրը, երբ պիտի կարենայ...

Փեզեշքիան Եւ Մաքրոն Քննարկած Են  Կազայի Եւ Լիբանանի Մէջ Տիրող Կացութիւնը

Փեզեշքիան Եւ Մաքրոն Քննարկած Են Կազայի Եւ Լիբանանի Մէջ Տիրող Կացութիւնը

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան եւ անոր ֆրանսացի պաշտօնակից Էմանուել Մաքրոն քննարկած են Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ զինադադար հաստատելու ուղիները: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Փեզեշքիանն ու Մաքրոնը կիրակի երեկոյեան հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին միտքեր փոխանակած են հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան շուրջ, ուր Իսրայէլ ցամաքային գործողութիւն սկսած է եւ կը շարունակէ բուռն օդային հարուածները: Իրանի...

Իրանի Նախագահը` Ազրպէյճանի Փոխվարչապետին.  «Պէտք Չէ Անտեսել Որեւէ Երկրի Գերիշխանութիւնը»

Իրանի Նախագահը` Ազրպէյճանի Փոխվարչապետին. «Պէտք Չէ Անտեսել Որեւէ Երկրի Գերիշխանութիւնը»

Իրան կ՛աջակցի բոլոր այն նախագիծերուն, որոնք առաւել եւս կը զարգացնեն իսլամական երկիրներու յարաբերութիւնները: Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան` Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի հետ հանդիպումի ընթացքին: Փեզեշքիան հանդիպումի ընթացքին ընդգծած է, որ Իրանի կարծիքով` պէտք չէ անտեսել որեւէ երկրի գերիշխանութիւնը` աւելցնելով, որ օտարերկրացիներու ներկայութիւնը ձեռնտու չէ այս շրջանի երկիրներուն: Ան ընդգծած...

Արաքժի. «Շրջանին Մէջ Սահմաններու Փոփոխութիւնը Մեզի Համար Կարմիր Գիծ Է»

Արաղչի. «Իրան Ժողովուրդի Եւ Ազգային Շահերու Պաշտպանութեան Հարցերուն Մէջ Կարմիր Գիծեր Չունի»

Իրան ժողովուրդի եւ ազգային շահերու պաշտպանութեան հարցերուն մէջ կարմիր գիծեր չունի: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի: «Վերջին օրերուն Իրան հսկայական ջանքեր գործադրած է Միջին Արեւելքի մէջ լայնածաւալ տագնապը զսպելու համար: Կը խօսիմ շատ պարզ եւ յստակ. երբ մեր ժողովուրդի եւ շահերու պաշտպանութեան խնդիր կը յառաջանայ, մենք կարմիր գիծեր չունինք: «Ուաշինկթըն կը շարունակէ մրցանշային...

Page 127 of 882 1 … 126 127 128 … 882

Արխիւներ