Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարած է, որ մարտի դաշտին մէջ ստեղծուած կացութիւնը «կարելիութիւն կը ստեղծէ» քայլերու ձեռնարկելու Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը 2025 թուականէն ոչ ուշ դադրեցնելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
«Հոկտեմբերին, նոյեմբերին եւ դեկտեմբերին մենք կարելիութիւն ունինք ամէն ինչ տանելու դէպի խաղաղութիւն եւ յարատեւ կայունութիւն: Պատերազմի դաշտին վրայ ստեղծուած կացութիւնը կարելիութիւն կու տայ ընել այս ընտրութիւնը` վճռական գործողութիւններու ընտրութիւնը` պատերազմը 2025 թուականէն ոչ ուշ աւարտելու համար», ըսած է Զելենսքի Տուպրովնիքի մէջ «Ուքրանիա-Հարաւարեւելեան Եւրոպա» վեհաժողովի ընթացքին: