Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նշեց. «Արեւմտեան պետութիւնները, որոնք Իսրայէլին աջակցութիւն կը տրամադրեն, հաւաքական սպանդին մեղսակից են»:
«Շրջանին մէջ Իսրայէլի մտադրութիւններն ու ըրածները շատ լաւ գիտենք», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Նեթանիահուն եւ անոր աւազակախումբը կ՛ուզեն պատերազմի շրջանակը ընդլայնելով այլ երկիրներ ներառել»:
«Բոլորը պէտք է իմանան, թէ Իսրայէլ սիոնական ահաբեկչական խմբաւորում է», ըսաւ Էրտողան: