Քրեմլին. «Ասատ Նախագահութիւնը Լքեց Իր Անձնական Որոշումով»
Քրեմլին յայտնեց, որ Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի պաշտօնէն հեռացումը իր անձնական որոշումն էր: Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, պատասխանելով Ասատի կիրակի օր իր պաշտօնը լքելուն մէջ Ռուսիոյ հաւանական դերակատարութեան մասին հարցումի մը, ըսաւ, որ Ասատի Սուրիոյ մէջ իշխանութիւնը լքելը անձնական որոշում մըն էր: Փեսքով յայտնեց, որ ներկայիս ժամանակը յարմար է վերլուծելու Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները: Ան նշեց, որ «դժուար...




















