Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թրամփ Իշխանութեան Հասնելէն Անմիջապէս Առաջ Կազայի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութիւն Կ՛ուզէ» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

December 6, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման պըն Ժասեմ Ալ Թանի «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեց. «(Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ) Թրամփ իշխանութեան հասնելէն անմիջապէս առաջ Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութիւն կ՛ուզէ, եւ մենք համաձայնութեան հասնելու նկատմամբ զգուշաւոր լաւատես ենք: Պէտք է բոլոր կողմերուն վրայ ճնշում բանեցնել»:

Պըն Ժասեմ նշեց. «Տոհայի մէջ Համասի գրասենեակը ստեղծուեցաւ բանակցելու համար` ամերիկեան-իսրայէլեան պահանջով, եւ անոր միջոցով 2014-էն ի վեր համաձայնութիւններ կնքուեցան»:

«Բազմաթիւ անգամներ մագլցումը արգիլեցինք, որպէսզի 7 հոկտեմբերին տեղի ունեցածը չկրկնուի», ըսաւ Քաթարի վարչապետը:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահի Միջին Արեւելքի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ հանդիպում ունեցած է Քաթարի վարչապետին եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ` փորձելով Կազայի մէջ համաձայնութիւն գոյացնել:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Քաթար վերստանձնեց Կազայի մէջ գլխաւոր միջնորդի իր դերակատարութիւնը, եւ կը նախատեսուի, որ Համաս շարժումի խումբը Տոհա վերադառնայ բանակցութեան համար:

Նշենք, որ Թրամփ յայտարարեց, որ Կազայի մէջ գերիները եթէ 20 յունուարէն` իր երդման արարողութենէն առաջ ազատ չարձակուին, ապա պիտի ստեղծուի դժոխք մը, որուն գինը Միջին Արեւելքի մէջ պիտի վճարուի:

Թրամփ նշեց, որ «այս ոճիրներուն» պատասխանատուները «Միացեալ Նահանգներու երկար եւ փառաւոր պատմութեան ընթացքին տեսնուածէն աւելի ուժեղ կերպով պիտի հարուածուին»:

Նախորդը

Իրանի Նախագահը Եւ Իրաքի Վարչապետը Ընդգծեցին Կազայի Պատերազմը Դադրեցնելու Եւ Սուրիոյ Կացութեան Վատթարացման Կանխարգիլման Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Ֆրանսայի Խորհրդարանը 1962-էն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով Անվստահութիւն Յայտնեց Կառավարութեան

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.