Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրիոյ Մէջ Ներկայ Տագնապը Սուրիական Վարչակարգին Ընդդիմութեան Պահանջները Անտեսելուն Հետեւանքն Է» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը

December 6, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց. «Սուրիոյ մէջ ներկայ տագնապը սուրիական վարչակարգին ընդդիմութեան պահանջները անտեսելուն հետեւանքն է»:

«Մենք, բոլոր կողմերուն հետ համակարգաբար, բոլոր քայլերը կ՛որդեգրենք հիւսիսային Սուրիոյ մէջ կայունութիւնը պահպանելու համար», ըսաւ նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Սուրիոյ մէջ տագնապին սկիզբէն ի վեր շրջանի պետութիւններուն հետ սերտօրէն կը գործակցինք ու համակարգում կը կատարենք»:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր յանձնառութիւնը յայտնեց հիւսիսային Սուրիոյ գործողութիւններու շրջանին մէջ յատուկ համաձայնութիւններու նկատմամբ` կոչ ուղղելով բոլորին զանոնք յարգելու:

«Ահաբեկչական Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան եւ անոր արբանեակներուն պիտի չարտօնենք շրջանին մէջ անկայունութիւնը շահագործել», շեշտեց նախարարութիւնը:

«Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ մեր դիրքորոշումը յստակ եւ խիստ է», յայտնեց նախարարութիւնը` նշելով. «Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մեր տուած կարեւորութեան ծիրին մէջ կը հետեւինք Հալէպի մէջ ընդդիմութեան գործունէութեան եւ զարգացումներուն»:

Միւս կողմէ, Քրեմլին եւս յայտարարեց. «Մօտէն կը հետեւինք Սուրիոյ իրադարձութիւններուն եւ Դամասկոսի հետ մնայուն երկխօսութեան մէջ ենք»:

«Զինեալներուն դէմ կռուելու համար սուրիական իշխանութիւններուն մեր օգնութիւններուն տարողութիւնը կախեալ է երկրին մէջ կացութեան գնահատումէն», նշեց Քրեմլին:

 

 

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Խորհրդարանը 1962-էն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով Անվստահութիւն Յայտնեց Կառավարութեան

Յաջորդը

Սուրիական Զինեալ Ընդդիմութիւնը Գրաւեց Համա Քաղաքը

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.