Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Կը Մաղթենք, Որ Սուրիան Յաւելեալ Անկայունութիւն Չտեսնէ, Եւ Վարչակարգը Պէտք Է Քաղաքական Համապարփակ Լուծում Գոյացնէ»

Դեկտեմբեր 7, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց. «Սուրիական տագնապը հասաւ նոր փուլ, որ հանդարտութեամբ կը ղեկավարուի, եւ Թուրքիոյ մեծագոյն մաղթանքը այն է, որ Սուրիան յաւելեալ անկայունութիւն չտեսնէ եւ տագնապը քաղաքայիններու շարքերուն մէջ կորուստներ չպատճառէ»:

«Ներկայ փուլին, սուրիական վարչակազմը պէտք է շտապ կերպով աշխատի իր ժողովուրդին հետ` հասնելու համար համապարփակ քաղաքական լուծումի», ըսաւ Էրտողան:

«Թուրքիան ջանք կը թափէ նուազեցնելու լարուածութիւնները, պաշտպանելու քաղաքայինները եւ քաղաքական հոլովոյթին ճամբան հարթելու, ան պիտի շարունակէ այդ մէկը կատարել», յայտնեց Թուրքիոյ նախագահը:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը Անգարայի մէջ Էրտողանի գլխաւորութեամբ իր ժողովէն ետք նշեց. «Սուրիոյ մէջ վերջին զարգացումները անգամ մը եւս ցոյց տուաւ անհրաժեշտութիւնը պէտք եղած զգուշացումները որդեգրելու` արգիլելու համար քաղաքայիններուն ու անոնց սեփականութիւններուն անվտանգութեան դէմ վնասները, եւ այն, թէ (սուրիական) վարչակարգը պէտք է ժողովուրդին ու օրինական ընդդիմութեան հետ փոխհասկացողութեան հասնի»:

«Թուրքիան Սուրիոյ մէջ վերիվայրումը օգտագործել փորձող ահաբեկչական խմբաւորումները պիտի չհանդուրժէ», նշեց խորհուրդը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ` շեշտելով. «Թրքական ուժերը պիտի ոչնչացնեն երկրի ազգային անվտանգութիւնը թիրախաւորող որեւէ սպառնալիք»:

Ինչ կը վերաբերի Պաղեստինեան դատին, Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը յայտարարեց. «Թուրքիան կը շարունակէ Պաղեստինեան դատին արդար եւ տեւական լուծում գտնելու իր դիրքորոշումը»:

Խորհուրդը նաեւ քննարկեց Ուքրանիոյ պատերազմի վերջին իրադարձութիւնները եւ գնահատեց միջազգային զարգացումներուն այդ խնդիրին վրայ հաւանական ազդեցութիւնները` ընդգծելով «անմիջական զինադադար եւ արդար խաղաղութիւն հաստատելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ պատերազմի դէպի մագլցում մղումը արգիլելու կարեւորութիւնը»:

 

Նախորդը

Արաղչի. «Իրան Ամբողջովին Պատրաստ Է Պէտք Եղած Չափով Աջակցելու Սուրիական Կառավարութեան, Անոր Ժողովուրդին Ու Բանակին»

Յաջորդը

Լաւրով. «Սուրիոյ Կացութեան Կայունացումը Դիւրին Խնդիր Չէ, Որովհետեւ Շարք Մը Խումբերու Մասնակցութեամբ Բարդ Խաղ Գոյութիւն Ունի»

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?