Նախապէս Քայիտա ահաբեկչական կազմակերպութեան առնչակից Հայըաթ Թահրիր Շամ (նախապէս Ժապհաթ Նուսրա) խմբաւորման ղեկավար Ապու Մոհամետ Ժուլանի հինգշաբթի օր «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ բացառիկ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Երբ կը խօսինք նպատակներու մասին, յեղափոխութեան նպատակը կը մնայ այս վարչակարգին տապալումը: Մեր իրաւունքն է մեր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր միջոցները օգտագործել այդ նպատակի իրագործման համար:
«Վարչակարգի պարտութեան սերմերը միշտ ալ անոր մէջ եղած են… իրանցիները փորձեցին վերակենդանացնել վարչակարգը, անոր համար ժամանակ շահելով, եւ ետքը ռուսերը եւս փորձեցին զայն ոտքի կանգնեցնել: Սակայն ճշմարտութիւնը կը մնայ այն, որ այս վարչակարգը մահացած է», ընդգծեց Ժուլանի:
Տարիներէ ի վեր իր առաջին դէմ առ դէմ հարցազրոյցի ընթացքին ան խօսեցաւ հաստատութիւններու վրայ հիմնուած կառավարութիւն մը եւ «ժողովուրդին կողմէ ընտրուած խորհուրդ» մը ստեղծելու մասին:
Ժուլանի պնդեց, որ ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ անցած շրջաններու բնակիչները պէտք չէ վախնան Թահրիր Շամի տիրապետութենէն: «Մարդիկ, որոնք իսլամական կառավարումէն կը վախնան կամ անոր սխալ գործադրումները տեսած են, կամ ալ զայն ճիշդ ձեւով չեն հասկնար», պնդեց ան:
Ժուլանի շեշտեց, որ Թահրիր Շամը նախանձախնդիր է կրօնական եւ ցեղային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան երաշխաւորման` աւելցնելով. «Անոնց դէմ քաոսի ժամանակաշրջաններուն ընթացքին որոշ անհատներու կողմէ խախտումներ կատարուած են, սակայն մենք այդ խնդիրները սրբագրեցինք»:
«Ոչ ոք իրաւունք ունի այլ խմբակ մը ջնջելու: Այս յարանուանութիւնները այս շրջանին մէջ հարիւրաւոր տարիներով համակեցութիւն ունեցած են, եւ ոչ ոք իրաւունք ունի զանոնք բնաջնջելու», շեշտեց ան:
Մարդկային իրաւանց խումբեր եւ տեղական դէտեր ահազանգ հնչեցուցած են Թահրիր Շամի վերջերս Իտլիպի մէջ քաղաքային այլախոհներու չարչարման ու եւ ցոյցերու կարծր բռնաճնշման նկատմամբ: Ժուլանի, սակայն, «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ բանտերու մէջ խոշտանգումներու մասին դէպքերը «մեր հրամանով կամ ցուցմունքով տեղի չունեցան», եւ Թահրիր Շամը արդէն առնչակիցները հաշուետուութեան ենթարկած է:
Ժուլանի նաեւ մերժեց իր խմբաւորման ահաբեկչական պիտակաւորումը` նշելով, որ ատիկա հիմնականին մէջ քաղաքական պիտակաւորում մըն է եւ միեւնոյն ժամանակ անճիշդ:
Ան պնդեց, որ կարգ մը իսլամական ծայրայեղական վարմունքներ իր ղեկավարած խմբաւորման եւ ժիհատական խմբաւորումներու միջեւ «վիհ յառաջացուցին»: Ժուլանի ըսաւ, որ ինք դէմ է այլ ժիհատական խմբաւորումներու կողմէ օգտագործուող բիրտ մարտավարութիւններուն, որոնք պատճառ դարձած են, որ անոնց հետ իր կապերը խզէ: Ան նաեւ պնդեց, որ ինք երբեք անձնապէս մեղսակից չէ եղած քաղաքայիններու վրայ յարձակումներու:
Ժուլանի փափաք յայտնեց Սուրիայէն օտար ուժերու հեռացումը տեսնելու: «Կը կարծեմ, որ անգամ մը, որ այս վարչակարգը տապալի, հարցը պիտի լուծուի, եւ այլեւս որեւէ օտար ուժի Սուրիա մնալու կարիք պիտի չըլլայ», նշեց ան:
«Սուրիան արժանի է կառավարական համակարգի մը, որ հաստատութենական է, ոչ թէ համակարգի մը, ուր մէկ իշխող մը կամայական որոշումներ կու տայ», աւելցուց ան:
«Կը խօսինք աւելի մեծ ծրագիրի մասին, կը խօսինք Սուրիոյ կառուցման մասին», աւելցուց Ժուլանի` նշելով. «Հայըաթ Թահրիր Շամը պարզապէս այս երկխօսութեան մէկ բաժինն է, եւ կրնայ որեւէ ատեն լուծարուիլ: Անիկա ինքնին նպատակ մը չէ, այլ միջոց մը կատարելու աշխատանք մը` այս վարչակարգի դիմակայումը»: