Միջազգային

«Սուրիոյ Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Նկատմամբ Նախանձախնդրութեան  Մեր Դիրքորոշումը Հաստատ Է»  Կ՛ըսէ Պահրէյնի Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Սուրիոյ Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Նկատմամբ Նախանձախնդրութեան Մեր Դիրքորոշումը Հաստատ Է» Կ՛ըսէ Պահրէյնի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար Ապտելլաթիֆ Պըն Ռաշետ Զայանին կիրակի օր հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Պասսամ Սապպաղի հետ քննարկած է երկու երկիրներուն միջեւ պատմական յարաբերութիւններն ու շրջանային կարեւորագոյն զարգացումները: Զայանի յայտնած է. «Պահրէյնի դիրքորոշումը հաստատ է, ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ անվտանգութեան, կայունութեան եւ հողային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ ինչ կը վերաբերի զօրակցելուն այն ջանքերուն, որոնց նպատակն է հասնիլ...

«Կ՛ուզենք Սէուտական Արաբիոյ Հետ Յարաբերութիւնները  Զարգացնել Եւ Իսրայէլի Ու Յաւելեալ Արաբական  Երկիրներու Միջեւ Յարաբերութիւնները Բարելաւել»  Կ՛ըսէ Սալիվըն

Սալիվըն. «Կը Յուսանք Կազայի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութեան ու Գերիներու Ազատ Արձակման Հասնիլ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն ամերիկեան լրատուամիջոցներուն յայտնեց. «Սպիտակ տունը աշխատանք կը տանի Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման եւ գերիներու ազատ արձակման վրայ, սակայն տակաւին ատոր չհասաւ»: «Մեծ ջանք կը թափենք ատիկա իրագործելու: Մենք շրջանի գլխաւոր դերակատարներուն հետ մեծապէս ներգրաւուած ենք, եւ մինչեւ այսօր աշխատանք կը թափուի: «Այլ բանակցութիւններ եւ խորհրդակցութիւններ տեղի պիտի ունենան, եւ կը յուսանք զինադադարի...

Սուրիական Բանակը Կը Յայտարարէ, Թէ Հալէպի Մէջ  Ասատի Ճարտարապետութեան Ակադեմիայի  Ուսանողներուն Պաշարումը Խզած Է

Սուրիական Բանակը Կը Յայտարարէ, Թէ Հալէպի Մէջ Ասատի Ճարտարապետութեան Ակադեմիայի Ուսանողներուն Պաշարումը Խզած Է

Սուրիական բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ Հալէպի մէջ «Ասատի ճարտարապետութեան ակադեմիա»-ի ուսանողներու պաշարումը խզած է եւ ապահոված անոնց դուրս գալն ու անվտանգ Հոմս քաղաք հասնիլը, որպէսզի անոնց շարքերուն մէջ արձանագրուած վիրաւորներուն պէտք եղած դարմանումը ցուցաբերուի: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ատիկա իրագործուած է ռուսական միջնորդութեամբ: Սուրիական բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը նշեց, որ ատիկա իրագործուած է ռուս-սուրիական զինուորական-քաղաքական միացեալ համակարգումի ճամբով:...

Քրեմլին. «Փութին Էրտողանին Յայտնեց, Որ Պէտք Է  Դադրեցնել Սուրիական Պետութեան Վրայ  Ահաբեկչական Խմբաւորումներուն Յարձակումը»

Քրեմլին. «Փութին Էրտողանին Յայտնեց, Որ Պէտք Է Դադրեցնել Սուրիական Պետութեան Վրայ Ահաբեկչական Խմբաւորումներուն Յարձակումը»

Քրեմլին հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած է, որ պէտք է դադրեցնել սուրիական պետութեան վրայ ահաբեկչական խմբաւորումներուն յարձակումները: Փութին ընդգծած է «Արմատական խմբաւորումներուն կողմէ սուրիական պետութեան դէմ ահաբեկչական յարձակումի շուտափոյթ դադրեցման անհրաժեշտութիւնը, մասնաւորաբար օգտագործելով շրջանին մէջ Անգարայի ունեցած կարելիութիւնները»: Քրեմլին աւելցուց, որ Փութին եւ Էրտողան նշած են, որ Սուրիոյ մէջ...

«Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն Հետ  Մեր Յարաբերութիւնները Սերտ Են,  Եւ Ռուս Պաշտօնատարներու Հետ  Անոնց Հանդիպումներուն Իրազեկ Ենք»  Կ՛ըսէ Փենթակոն

Փենթակոն. «Հրթիռարձակման Հարթակներու Եւ Հրասանդներու Վրայ Կրակ Բացինք, Երբ Սուրիոյ Մէջ Մեր Ուժերուն Վրայ Կրակ Բացին»

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը յայտարարեց. «Հրթիռարձակման հարթակներու եւ հրասանդներու վրայ կրակ բացինք, երբ Սուրիոյ արեւելքը «Ֆուրաթ» ռազմակայանին մէջ մեր ուժերուն վրայ կրակ բացին»: «Վստահ չենք, թէ զէնքերը որուն կը պատկանին, սակայն գիտենք, որ Իրանի աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումները կը գործեն շրջանին մէջ», աւելցուց Փենթակոնը: «Մեր հարուածները պաշտպանական բնոյթի էին եւ ոչնչացուցին մեր ուժերուն համար անմիջական սպառնալիքներ», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան...

Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին  Գործոց Նախարարներու Հանդիպում

Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում

Իրանեան Մեշհետ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Ճէյհուն Պայրամովի եւ Ապպաս Արաղչիի հանդիպումը: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդումով, նախարարները քննարկած են շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ փոխադրամիջոցային խնդիրները, մասնաւորաբար ստեղծումը այն ենթակառոյցներուն, որոնք Իրանի տարածքով իրարու պէտք է կապեն Ազրպէյճանի տարածքն ու Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւնը: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը 3 դեկտեմբերին Իրան մեկնած էր Տնտեսական համագործակցութեան...

Հարաւային Քորէայի Նախագահը Զինուորական  Դրութիւն Հաստատելու Ձախող Փորձ Կատարեց

Հարաւային Քորէայի Նախագահը Զինուորական Դրութիւն Հաստատելու Ձախող Փորձ Կատարեց

Հարաւային Քորէայի նախագահ Եուն Սէոք Եոլի` երկրին մէջ զինուորական դրութիւն հաստատելու անսպասելի փորձը վեց ժամ ետք ձախողած է. խորհրդարանը քուէարկած է զինուորական դրութիւնը ջնջելու օգտին, իսկ նախագահը նահանջած է: «Ազգային ժողովը պահանջեց վերացնել արտակարգ դրութիւնը, եւ մենք ետ կանչեցինք այն զինուորները, որոնք ներգրաւուած էին զինուորական դրութիւն հաստատելու գործողութիւններուն մէջ: Մենք պիտի ընդունինք Ազգային ժողովի պահանջը եւ կառավարութեան նիստի ընթացքին պիտի...

Քաթար. «Մեր Գործընկերներուն Հետ Աշխատանք Կը Տանինք Սուրիոյ Մէջ Մարտական Գործողութիւններուն Վերջ Տալու»

Քաթար. «Մեր Գործընկերներուն Հետ Աշխատանք Կը Տանինք Սուրիոյ Մէջ Մարտական Գործողութիւններուն Վերջ Տալու»

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի երէկ յայտնեց. «Տոհան շրջանին մէջ իր գործընկերներուն հետ աշխատանք կը տանի Սուրիոյ մէջ մարտական գործողութիւններուն վերջ տալու»: Քաթարեան լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Անսարի յայտնած է. «Կ՛ընդգծենք, որ Սուրիոյ մէջ գոյանայ համապարփակ լուծում մը, որ հիմնուած ըլլայ միջազգային որոշումներու վրայ»: Թրքական լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ ուրբաթ օր Տոհայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ասթանայի հոլովոյթի...

Իսրայէլեան Օդուժը Հարուածեց Ինքնաշարժ Մը` Դամասկոսի Օդակայանի Ճամբուն Վրայ

Իսրայէլեան Օդուժը Հարուածեց Ինքնաշարժ Մը` Դամասկոսի Օդակայանի Ճամբուն Վրայ

Անձ մը զոհուեցաւ, երբ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Դամասկոսի միջազգային օդակայանի ճամբուն վրայ Աքրապա գիւղի կամուրջին մօտ հարուածեց  ինքնաշարժ մը: «Մայատին» հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդային յարձակումը շրջանին մէջ նիւթական վնաս պատճառած է: Զինուորական աղբիւր մը իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց. «Դամասկոսի մէջ Հըզպալլայի ղեկավար մը թիրախաւորեցինք»:  

Համաս Եւ Ֆաթհ Համաձայնութիւն Գոյացուցին Կազայի Կառավարման Յանձնախումբի Կազմութեան Շուրջ

Համաս Եւ Ֆաթհ Համաձայնութիւն Գոյացուցին Կազայի Կառավարման Յանձնախումբի Կազմութեան Շուրջ

Պաղեստինեան Համաս ու Ֆաթհ շարժումներէն երկու պաշտօնատարներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ շարժումները համաձայնած են գոյացնելու «ընկերային թիկունք կանգնելու յանձնախումբ» անունով յանձնախումբ մը` յետպատերազմեան շրջանին կառավարելու համար Կազան: Համասէն պաշտօնատար մը ԱՖՓ-ին յայտնեց. «Անցնող երկու օրերուն եգիպտացի մեր եղբայրներուն հովանաւորութեամբ Գահիրէի մէջ շինիչ երկխօսութիւն կատարելէ ետք, Համասն ու Ֆաթհը համաձայնեցան համաձայնութեան նախագիծի մը շուրջ` կազմութեանը համար ընկերային թիկունք կանգնելու...

Կութիերես Կոչ Կ՛ուղղէ` Անմիջապէս  Դադրեցնելու Սուրիոյ Մէջ Կռիւը

Կութիերես Կոչ Կ՛ուղղէ` Անմիջապէս Դադրեցնելու Սուրիոյ Մէջ Կռիւը

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես մտահոգութիւն յայտնեց հիւսիսային Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու մագլցման նկատմամբ եւ կոչ ուղղեց` կռիւը անմիջապէս դադրեցնելու: Այս մասին յայտարարեց անոր բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք: Տիւժարիք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Բոլոր կողմերը պարտին իրենց կարելին ընել պաշտպանելու համար քաղաքայիններն ու քաղաքային ենթակառոյցները, մասնաւորաբար անվտանգ անցք ապահովելով այն քաղաքայիններուն, որոնք թշնամական արարքներէն փախուստ կու տան»: «Սուրիացիները շուրջ 14 տարիներէ ի...

Արաղչի. «Հաւանական Է, Որ Տոհան Յառաջիկայ  Շաբաթ Իրանի, Թուրքիոյ Եւ Ռուսիոյ  Մասնակցութեամբ Սուրիոյ Կացութեան  Քննարկման Ժողով Մը Հիւրընկալէ»

Արաղչի. «Հաւանական Է, Որ Տոհան Յառաջիկայ Շաբաթ Իրանի, Թուրքիոյ Եւ Ռուսիոյ Մասնակցութեամբ Սուրիոյ Կացութեան Քննարկման Ժողով Մը Հիւրընկալէ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, որ Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները հաւանաբար 7-8 դեկտեմբերին Տոհայի համախմբումի ծիրին մէջ գումարեն Ասթանայի հոլովոյթի ծիրին մէջ ժողով մը` քննարկելու համար սուրիական թղթածրարը: Արաղչի յայտնեց. «Դամասկոս այցելութիւնս Սուրիոյ մէջ վերջին զարգացումներուն եւ Հալէպի ու այդ երկրին կարգ մը այլ շրջաններուն վրայ ահաբեկչական յարձակումին շուրջ խորհրդակցելու համար էր»: «Մանրամասն ու կարեւոր...

Սուրիական Բանակը Կը Շարունակէ Համայի  Գիւղական Շրջանին Մէջ Ետ Մղել Զինեալ  Ընդդիմութեան Յարձակումները

Սուրիական Բանակը Կը Շարունակէ Համայի Գիւղական Շրջանին Մէջ Ետ Մղել Զինեալ Ընդդիմութեան Յարձակումները

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ սուրիական բանակն ու օժանդակ ուժերը Համայի հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ ետ մղած են Ալֆան Ալուասթանի գիւղին վրայ զինեալ խմբաւորումներու բուռն յարձակումը: Սուրիական եւ ռուսական օդուժները երէկ արշալոյսին Իտլիպի գիւղական շրջանի Խան Շէյխուն քաղաքին մէջ երկու օդային յարձակումներ գործած են զինեալ խմբաւորումներու մէկ կարաւանին վրայ: Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ օդային յարձակումները կեդրոնացան Խան Շէյխուն...

Թեհրան. «Սուրիոյ Հարցով Ասթանայի  Համաձայնութիւնը Տակաւին Բոլոր Կողմերուն Համար Ի Զօրու Է»

Թեհրան. «Սուրիոյ Հարցով Ասթանայի Համաձայնութիւնը Տակաւին Բոլոր Կողմերուն Համար Ի Զօրու Է»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաքայի յայտնեց. «Ասթանայի համաձայնութիւնը տակաւին ի զօրու է, եւ Իրան համաձայնութեան հսկող մնացեալ պետութիւններուն հետ կը բաժնէ այս պատկերացումը»: Պաքայի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութենէն ետք Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն գործունէութիւնը պատահական չէ եւ ի շահ սիոնական գոյացութեան է»: «(Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս) Արաղչիի Սուրիա այցելութեան նպատակը Սուրիոյ եւ Դիմադրութեան...

Արաղչի Անգարայէն Յայտարարեց.  «Ահաբեկիչները Չհաշուարկուած Սխալ Գործեցին»

Արաղչի Անգարայէն Յայտարարեց. «Ահաբեկիչները Չհաշուարկուած Սխալ Գործեցին»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ արշալոյսին Անգարա հասնելէն ետք վերահաստատեց Դիմադրութեան խմբաւորումներուն, Սուրիոյ եւ անոր բանակին ահաբեկչութեան դէմ պայքարին իր երկրին աջակցութիւնը` նշելով, որ պէտք է Թուրքիոյ հետ շրջանային կայունութեան հաստատման շուրջ փոխըմբռնման հասնիլ: Արաղչի ըսաւ, որ Դամասկոս իր այցելութիւնը «շատ լաւ էր»: «Ահաբեկիչները չհաշուարկուած սխալ գործեցին», յայտարարեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը` ընդգծելով. «Սուրիական բանակն ու կառավարութիւնը կարող են...

Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Գերմանիա Եւ Բրիտանիա  Կոչ Կ՛ուղղեն` Սուրիոյ Մէջ Մագլցումը Դադրեցնելու  Եւ Տագնապին Քաղաքական Լուծում Գտնելու

Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Գերմանիա Եւ Բրիտանիա Կոչ Կ՛ուղղեն` Սուրիոյ Մէջ Մագլցումը Դադրեցնելու Եւ Տագնապին Քաղաքական Լուծում Գտնելու

Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Բրիտանիոյ կառավարութիւնները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին. «Մօտէն կը հետեւինք Սուրիոյ մէջ զարգացումներուն եւ բոլոր կողմերը կը յորդորենք մագլցումը դադրեցնելու եւ քաղաքայիններն ու ենթակառոյցները պաշտպանելու` արգիլելու համար յաւելեալ տեղահանութիւնն ու մարդասիրական օգնութիւններու հասանելիութեան խափանումը»: «Ներկայ մագլցումը կը հաստատէ հրատապ անհրաժեշտութիւնը տագնապին սուրիական ղեկավարութեամբ քաղաքական լուծումի մը, որ համահունչ է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 որոշումին»:...

«Անգարան Կը Զօրակցի Սուրիոյ Տարածքային  Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան, Եւ Միայն  Իր Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւն Ու Կայունութիւն Կ՛ուզէ»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Փոխնախագահը

«Անգարան Կը Զօրակցի Սուրիոյ Տարածքային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան, Եւ Միայն Իր Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւն Ու Կայունութիւն Կ՛ուզէ» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Փոխնախագահը

Թուրքիոյ փոխնախագահ Ճեւտաթ Եըլմազ յայտարարեց, որ Անգարան մօտէն կը հետեւի Սուրիոյ զարգացումներուն եւ կը զօրակցի Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան: «Թուրքիան մօտէն կը հետեւի Սուրիոյ զարգացումներուն եւ դիւանագիտական գետնի վրայ իր առաւելագոյն ջանքը կը թափէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մենք, իբրեւ Թուրքիա, միայն մէկ փափաք ունինք. Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն ու կայունութիւն կը ցանկանք եւ Սուրիոյ ու Թուրքիոյ մէջ ապրող մեր բոլոր...

Մոսկուա. «Կը Շարունակենք Ասատին Աջակցիլ,  Եւ Կը Պահպանենք Սուրիոյ Հարցով Թեհրանի  Եւ Անգարայի Հետ Հաղորդակցութիւնը»

Մոսկուա. «Կը Շարունակենք Ասատին Աջակցիլ, Եւ Կը Պահպանենք Սուրիոյ Հարցով Թեհրանի Եւ Անգարայի Հետ Հաղորդակցութիւնը»

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ Ռուսիան կը շարունակէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին աջակցիլ: «Կը շարունակենք պատշաճ մակարդակներու վրայ մեր հաղորդակցութիւնները եւ կացութիւնը կը վերլուծենք: Կացութեան կայունացման համար պէտք եղածին վերաբերեալ դիրքորոշում պիտի ձեւաւորուի», աւելցուց Փեսքով: Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը իր կարգին յայտնեց. «Մոսկուան կը պահպանէ Սուրիոյ կացութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ սերտ հաղորդակցութիւնները»: Ռուսիոյ արտաքին գործոց...

Արաղչի. «Ասատին Փոխանցեցի Իր Անձին, Սուրիոյ  Եւ Անոր Ժողովուրդին Աջակցութեան Իրանի Պատգամը,  Եւ Նոր Փոխըմբռնումներ Գոյացուցինք»

Արաղչի. «Ասատին Փոխանցեցի Իր Անձին, Սուրիոյ Եւ Անոր Ժողովուրդին Աջակցութեան Իրանի Պատգամը, Եւ Նոր Փոխըմբռնումներ Գոյացուցինք»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի կիրակի գիշեր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Ասատին փոխանցեցի իր անձին, Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին աջակցութեան Իրանի պատգամը, եւ նոր փոխըմբռնումներ գոյացուցինք»: «Սուրիոյ մէջ պայմանները դժուար են, եւ Ասատի հետ քննարկեցի մանրամասնութիւնները այն աջակցութեան, որ պէտք է Սուրիոյ տրամադրել», նշեց Արաղչի: Սուրիոյ նախագահը Արաղչին ընդունելու ընթացքին յայտնած է. «Սուրիան, իբրեւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Հալէպի Իրադարձութիւններուն

Շաբաթ ամբողջ օրուան ընթացքին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շարունակեց մօտէն հետեւիլ Հալէպի մէջ զինեալ խմբաւորումներու յարձակումներուն հետեւանքով ստեղծուած մտահոգիչ իրավիճակին: Վեհափառ հայրապետը մնայուն կապի մէջ ըլլալով առաջնորդ սրբազանին եւ համայնքի պատասխանատուներուն հետ, իր բարձր գնահատանքը յայտնեց անոնց, որ բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատու ոգիով մօտէն կը հետեւին հայ համայնքին բարօրութեան: Յայտնենք, որ զինեալ բախումները ընդհանրապէս հեռու են հայկական թաղամասերէն: Ընդդիմադիր զինեալները ներկայացնող...

Page 117 of 882 1 … 116 117 118 … 882

Արխիւներ